Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2024-ին տեղի ունեցաւ Հ.Կ.Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի տարեկան պազարը։
Այս առթիւ, Գոքինիոյ Հայ Կապոյտ Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը ջերմ շնորհակալութիւններ կը յայտնէ իր անդամուհիներուն որոնք գրեթէ երկու ամիս շարունակ, մասնակցեցան պազարի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումով եւ պազար այցելութեամբ քաջալերեցին ու սատար հանդիսացան պազարի յաջողութեան։
Յատկապէս մեր ջերմ շնորհակալութիւնները կը յայտնենք հետեւեալ ընկերութիւններուն, որոնք իրենց նուէրներով օժանդակեցին պազարի աշխատանքներուն.-
ΟΒΑΚΙΜΙΑΝ ΑΒΕΕ
Շեմմաս ընկերութիւն
ASSOS ընկերութիւն
ΜΙΡΑΝ
Մխիթարեան ընտանիք ընկերութիւն
Աւագեան ընկերութիւն
ΣΚΛΑΒΕΝΙΤΗΣ
ALESSIS ընկերութիւն
Ընկհ. Վերժին Եղիշէյեան










