Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը իր հիմնադրութեան 100-ամեակը տօնելէ ետք 30 Նոյեմբեր 2024-ին, վերանորոգ աշխուժութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը: Դարձեալ հանրութեան ներկայացաւ բարեսիրական նպատակներու համար «Սիրոյ Պազար»ը կազմակերպելով, ապացուցանելու համար, թէ հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեան:
Կիրակի, 6 Ապրիլ 2025-ին, Աթէնքի «Ինթերքոնթինենթըլ» հիւրանոցի «Աֆրոտիթի» շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Կ.Խաչի 27-րդ «Սիրոյ Պազար»ը:
Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Սիրոյ Պազար»-ը, հայկական ճաշերու եւ անուշեղէններու մատուցումէն անդին, կամաւոր աշխատանքի եւ համագործակցութեան արժէքին փաստը կու տայ այցելու հայ թէ յոյն բարեկամներուն, միութեան բարեսիրական ու հայակրթական ծրագիրները իրականացնելու անհրաժեշտ հասոյթը ապահովելով:
Հ.Կ.Խաչի «Սիրոյ Պազար»-ը լայնածաւալ աշխատանքի արդիւնք է Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան յառաջացուցած յանձնախումբի ծրագրումին եւ հինգ տեղական մասնաճիւղերու՝ Գոքինիոյ «Սօսէ», Ֆիքսի «Ռուբինա», Գարէա-Կեսարիանիի «Աղթամար», Աթէնքի «Ծովինար» եւ Ֆալիրոյի «Նայիրի» մասնաճիւղերու անդամուհիներուն համախումբ աշխատանքին։
Միութեան ընկերուհիները միասնական ոգիով եւ բարձր գիտակցութեամբ կը գործեն, առանց հոգնելու կամ տրտնջալու, միշտ սիրով եւ դրական տրամադրութեամբ ժամանակ կը յատկացնեն ու ջանք չեն խնայեր յաջող աւարտին հասցնելու համար այս ձեռնարկը:
Այս տարի եւս, աննախընթաց եղաւ այցելուներու մասնակցութիւնը «Սիրոյ Պազար»-ին, մեր հայրենակիցներու եւ յոյն բարեկամներու քաջալերանքի արտայայտութիւններով: Բոլոր այցելուները իրենց ներկայութեամբ, նուիրատուութիւններով ու գնումներով սատար հանդիսացան անոր յաջողութեան:
Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Յունաստանի հայոց թեմակալ Առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենադպիր պրն. Նազար Աւագեանի, Հայ կաթողիկէ համայնքին կողմէ առաջնորդ Հայր Միքայէլ վրդ. Պասալէ, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եզրաս վրդ. Թէնէքէճեան, Նէոս Գոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան:
Յունահայ գաղութի գործօններուն անունով ներկայ եղան Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէին կողմէ՝ ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ անդամները, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վարչութիւններու անդամները եւ տեղական միաւորներու վարչականները, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութեան անդամները։
Կ’արժէ նշել, թէ իրենց ներկայութեամբ եւ գնահատական խօսքերով, մեր միութեան ու գաղութին հանդէպ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Ատիկէի փոխ մարզպետ տիկին Ալեքսանտրա Փալի-Եաննաքոբուլու եւ Յունաստանի տնտեսութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ պրն. Օմիրոս Ցափալոս: Իրենց ներկայութեամբ ու հարցադրումներով, որոշ յունական օրաթերթերու թղթակիցներ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին մեր միութեան գործունէութեան այլեւ յունահայ գաղութային կեանքի նկատմամբ:
Ընդարձակ սրահին մէջ դասաւորուած էին տեսակաւոր ծախու ուտեստեղէններն ու իրերը՝ միութեան անդամուհիներու ձեռամբ պատրաստուած հայկական աւանդական ճաշեր, Հայաստանէն յատկապէս բերուած քաղցրեղէններ, արեւելեան անուշեղէններ եւ խմորեղէններ, ապա նաեւ հայկական գինիներ ու ըմպելիներ, չոր միրգեր, Զատկուան մոմեր եւ տուրմեր, տնային ապրանքատեսակ, կնոջական զարդեղէններ, վզնոցներ, գոհարեղէն, պայուսակներ եւ այլն: Պարտականութեան վրայ գտնուող ընկերուհիները խանդավառութեամբ ու սիրով բացատրութիւններ կու տային եւ օգտակար կ՚ըլլային այցելուներուն որպէսզի հաճոյքով կատարեն իրենց նախասիրած գնումները:
Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը սիրայօժար տրամադրած էր յատուկ սեղաններ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթին, որպէսզի անոնք եւս ներկայացնեն իրենց գործունէութիւնը եւ առիթ ունենան վաճառելու գիրքեր եւ յուշանուէրներ: Հ.Կ.Խաչը, միշտ քաջալերող եղած է գաղութին բոլոր միութիւններուն ու կառոյցներուն եւ տեւաբար անոնց կողքին կը կանգնի:
Ընկերային ջերմ մթնոլորտ կը տիրէր «սրճարան-ճաշարան»-ի բնոյթով պատրաստուած «Պազար»-ի յատուկ սրահին մէջ: Ճաշակաւոր ձեւով տեղաւորուած բազմապիսի ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ, խնամքով պատրաստուած եւ նուիրուած Հ.Կ.Խաչի ընկերուհիներուն կողմէ, գրաւեցին այցելուներու ուշադրութիւնը, որոնք զետեղուած սեղաններու շուրջ կը համտեսէին առատ եւ համեղ աղանդերներու ընտրութիւն մը եւ առիթ կ՚ունենային գաւաթ մը գինիով հաճելի ժամանակ անցնելու ու զրուցելու բարեկամներով:
Ձեռնարկի քարոզչութիւնը կատարելու համար օգտագործուեցաւ «Ազատ Օր» օրաթերթը եւ յատկապէս Հ.Կ.Խաչի դիմատետրի պաշտօնական էջը (facebook:
Armenian Blue Cross Greece — Αρμενικός Κυανούς Σταυρός Ελλάδος), ուր յատուկ գրառումներով, նկարներով եւ տեսաերիզներով, ներկայացուեցան Պազարի բարեսիրական նպատակը, խաչուհիներու կամաւոր գործունէութիւնը, ակումբներու մէջ պատրաստուած ճաշատեսակները եւ ընդհանրապէս այլ տեղեկութիւններ միջոցառումին մասին: Հաւանաբար կ՛արժէ հաստատել թէ վերջին տարիներուն, ընկերային ցանցերու մէջ կատարուած քարոզչութեամբ է, որ կարելի կ՛ըլլայ յոյն լայն հասարակութիւն մը ներգրաւել:
Հարկ է նշել, թէ Պազարի յաջողութեան կը նպաստեն անհատներու եւ ընկերութիւններու առատաձեռն նուիրատուութիւնները: Յունական եւ հայկական վաճառական ընկերութիւններ այլեւ անհատ հայրենակիցներ հովանաւոր դարձան «Սիրոյ Պազար»-ին, ընդառաջելով Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան դիմումին։ Իւրաքանչիւրին կողմէ սիրայօժար նուիրուած ապրանքատեսակը կամ դրամական գումարը ճոխացուց Պազարը, իսկական թիկունք հանդիսացաւ անոր կազմակերպումին եւ սատարեց ձեռնարկի ապահոված հասոյթին: Նուիրատուներու մեծամասնութիւնը տարիներէ ի վեր կը կանգնի Հայ Կապոյտ Խաչի կողքին, որուն համար խորապէս երախտապարտ կը զգանք։
Առ ի շնորհակալութիւն, պազարի մուտքին զետեղուած էր յատկապէս պատրաստուած պաստառ մը նուիրատուներու անուններով:
Շնորհակալական խօսք
Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ «Սիրոյ Պազար»-ին հովանաւոր դարձած ընկերութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք ապրանքատեսակներ նուիրելով կամ դրամական յատկացում կատարելով՝ մեծապէս սատարեցին մեր ձեռնարկի յաջողութեան:
Մեր անկեղծ շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Հայ Կապոյտ Խաչի ընկերուհիներուն, որոնց ամիսներու հետեւողական կամաւոր աշխատանքին արդիւքով է, որ այս տարի եւս իրագործուեցաւ Սիրոյ Պազարը։ Վարձքը կատար բոլոր ընկերուհիներուն:
Մեծ շնորհակալութիւն՝ բոլոր հայ եւ յոյն մեր բարեկամներուն, որոնք անգամ մը եւս մեր հրաւէրին ընդառաջեցին եւ մեզ քաջալերեցին։
Ձեռնարկի նիւթական յաջողութեան չափ եւ նոյնիսկ շատ աւելի կարեւոր է մեզի համար հայրենակիցներու ներկայութիւնը միութեան կողքին, իբրեւ բարոյական թիկունք կամաւոր եւ նպատակասլաց գործին:
Հ. Կ. ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ