Աննախընթաց համախմբուածութեան եւ յաջողութեան առիթ մը եղաւ Կիրակի, 29 Մարտ 2026-ի օրը, երբ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի «Սիրոյ Պազար»-ը դարձեալ իր դռները բացաւ հայ եւ յոյն հանրութեան առջեւ, դառնալու համար Միութեան բարեսիրական նպատակներուն սատարող բացառիկ օր մը։ Խանդավառ եւ ժրաջան մթնոլորտին ներքոյ, հայրենակիցներ եւ յոյն բարեկամներ բոլորուեցան «Ինթերքոնթինենթըլ» հիւրանոցի շքեղ սրահներուն մէջ, քաջալերելու եւ զօրավիգ կանգնելու Հ.Կ.Խաչի ազգանուէր աշխատանքներուն, որոնց չափն ու տարողութիւնը երկար տասնամեակներէ ի վեր անցած է գաղութային սահմանները եւ իրենց բարերար ներգործութեամբ սատարած է հայրենի եւ արծուաբոյն Արցախի օժանդակութեան։
Ահա, այս անգամ եւս, որեւէ ճիգ չէր խնայուած, որպէսզի լայնածիր սրահներուն մէջ, ոչ իսկ մէկ անկիւն պարապ մնայ։ Ամէն կողմ, խաչուհի ընկերուհիները կանգնած էին սեղաններու ետին, սպասարկելով հարիւրաւոր այցելուները եւ անոնց տրամադրելով հայկական համեղ ճաշերու եւ անուշեղէներու ընտիր տեսակներ, որոնք պատրաստուած էին խաչուհիներու տքնաջան ձեռքերով։ Միաժամանակ, հայկական այլ իրեր, նուէրներ, անհատ ձեռնարկուներու ապրանքատեսակներ, գիրքեր եւ հրատարակութիւններ, բոլորը միասին կազմեցին հայկական ջերմ օճախի մը գրաւիչ բաժինները, որոնց շուրջ ժողովուրդի հետաքրքրութիւնն ու խանդը անսահման զգացումներ կը ստեղծէր։
Շարունակական գործի վրայ էին Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան , ինչպէս նաեւ Գոքինիոյ «Սօսէ», Ֆիքսի «Ռուբինա», Գարէա-Կեսարիանիի «Աղթամար», Աթէնքի «Ծովինար» եւ Ֆալիրոյի «Նայիրի» մասնաճիւղերու ընկերուհիները, որոնք մեղուափեթակի մը նման լծուած էին աշխատանքի, մէկ առ մէկ ու լայն ժպիտով ընդունելու համար բոլոր տարիքի այցելուները եւ անոնց տրամադրելու երկարամսեայ գործին լաւագոյն արդիւնքը։
Հաւանաբար, անտեղեակ օտարի մը համար այդ օրուան պատկերը տպաւորութիւնը կրնայ ստեղծել, թէ սոսկ մէկ օրուան խանդավառ զօրաշարժ մըն է կատարուածը։ Կրկնութեան իսկ գնով, պէտք է յայտնել ու շեշտել, թէ նման մեծածաւալ ծրագիրներ քանի մը օրերու շարժման արդիւնք չեն։ Անոնք երկար ամիսներու, ակումբներու մէջ ամէնօրեայ ներկայութեան, յաճախ տուն եւ ընտանիք երկրորդ կարգի թողելով, մեր աննման խաչուհիներու քրտինքի աշխատանքն է, որուն վայելքը կը տրուի հասարակութեան։ Մեր ակումբներու սրահները կը դառնան ձեռային աշխատանքի իսկական օճախներ, ուր խաչուհիներու ձեռքով կը պատրաստուին անթիւ հայկական համեղ ուտեստեղէններ, որոնք Պազարի օրը հազիւ քանի մը ժամուան մէջ կը սպառին, յաճախ հիասթափեցնելով ուշ հասնող այցելուները, որոնք ամէն կերպով կը փորձեն գէթ փոքր բաժին մը ապահովել ու տանիլ միասին։
Պէտք է նշենք, թէ տասնամեակներու վրայ երկարող «Սիրոյ Պազար»-ի համբաւը շատոնց անցած է գաղութային սահմանները, եւ քարոզչական արդիւնաբեր միջոցներով անոր արձագանգը կը հասնի Աթէնքի լման տարածքը։ Ճիշդ այս տարողութեամբ եւս կարելի է տեսնել օտարներու ներկայութիւնը, որոնք նախ յարգանք կը տածեն հայկական բարեսիրական նախաձեռնութեան հանդէպ, ապա նաեւ կը փափաքին իրեց սեղանները ճոխացնել հայկական խոհանոցի ընտիր տեսակներով։
Ընդարձակ սրահին մէջ դասաւորուած էին տեսակաւոր ծախու ուտեստեղէններն ու իրերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն յատկապէս բերուած քաղցրեղէններ, արեւելեան անուշեղէններ եւ խմորեղէններ, ապա նաեւ հայկական գինիներ ու ըմպելիներ, չոր միրգեր, զատկուան մոմեր եւ տուրմեր, տնային ապրանքատեսակ, կնոջական զարդեղէններ, վզնոցներ, գոհարեղէն, պայուսակներ եւ այլն: Պարտականութեան վրայ գտնուող ընկերուհիները խանդավառութեամբ ու սիրով բացատրութիւններ կու տային եւ օգտակար կ՚ըլլային այցելուներուն, որպէսզի հաճոյքով կատարեն իրենց նախասիրած գնումները:
Սեղաններուն շուրջ իրենց գնումները կատարելէն ետք, ժողովուրդը կ՚առաջնորդուէր գովնտի սրահը, ուր Կապոյտ Խաչի տիկինները պատրաստած էին հայկական համեղ ճաշեր եւ անուշեղէններ, առիթ տալով բոլորին՝ սեղաններուն շուրջ համտեսելու եւ մտերմիկ ժամանակ մը վայելելու։ Հոն եւս, միութեան անդամները, կարողացան արագ եւ համակարգուած ընթացքով սպասարկել բոլորին, գոհացնելով այցելուներու ճաշակը եւ ցոյց տալով հայկական հիւրասիրութեան լաւագոյն երեսը։
Աւելցնենք նաեւ, թէ ժողովուրդի ուշադրութեան կեդրոնը եղան «Ազատ Օր» օրաթերթի, «Արմենիքա» պարթերաթերթի եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութեան սեղանները։ Երկլեզու հրատարակութիւններով եւ զանազան նուէրներով լեցուն սեղանները առիթ տուին բոլոր հայրենակիցներուն ստանալու գիրքեր ու այլ նուէրներ եւ մօտէն ճանչնալու այդ գործօններու աշխատանքին։ Յատկանշական եղաւ հետաքրքրութիւնը «Ազատ Օր»-ին կողմէ նոր հրատարակուած բացառիկ թիւին մասին, որ նուիրուած է Հայ դատի հետապնդման 60-ամեայ յուշապատումին Յունաստանի մէջ։
Նկատառելի էր ներկայութիւնը հայ եւ յոյն պաշտօնական անձերու, որոնց մասնակցութիւնը եւս մասնաւոր շեշտ տուաւ ելոյթին։ Ներկայ եղաւ եւ իր գնահատանքի խօսքը արտայայտեց Հ.Կ.Խաչին, Յունաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան մամլոյ ներկայացուցիչ Օմիրոս Ցափալոս։ Նաեւ, յունական քաղաքապետական շրջանակներու եւ հասարակական միութիւններու անդամներ հաստատեցին իրենց ներկայութիւնը, ապա գովասանք ու հիացում յայտնեցին, ի տես իրենց առջեւ բացուած պատկերին ու կազմակերպուած աշխատանքին։
Հայկական կողմէն, իրենց բարձր ներկայութեամբ ելոյթը պատուեցին Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեան եւ անդամները, Հայ կաթողիկէ գերապայծառ Միքայէլ վրդ. Պասալէ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Աթէնքի եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Եզրաս վրդ. Թէնէքէճեան։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ անդամները, նաեւ Համազգայինի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչականները պատուեցին ձեռնարկը։ Ներկայ հիւրերը մէկ առ մէկ այցելեցին սեղանները եւ քաջալերական արտայայտութիւններով շնորհաւորեցին կատարուած աշխատանքն ու միութեան ժրաջան գործունէութիւնը։
Ամէն տարուան նման, Պազարի յաջողութեան նպաստեցին անհատներու եւ ընկերութիւններու առատաձեռն նուիրատուութիւնները: Յունական եւ հայկական վաճառական ընկերութիւններ, այլեւ անհատ հայրենակիցներ հովանաւոր դարձան «Սիրոյ Պազար»-ին, ընդառաջելով Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան դիմումին։ Իւրաքանչիւրին կողմէ սիրայօժար նուիրուած ապրանքատեսակը կամ դրամական գումարը ճոխացուց օրուան սեղանները, իսկական թիկունք հանդիսացաւ անոր կազմակերպումին եւ սատարեց ձեռնարկի ապահոված հասոյթին:
Նուիրատուներու մեծամասնութիւնը տարիներէ ի վեր կը կանգնի Հայ Կապոյտ Խաչի կողքին, որուն համար Միութիւնը խորապէս երախտապարտ կը զգայ բոլորին հանդէպ։ Երախտագիտական արտայայտութեան համար, պազարի մուտքին զետեղուած էր յատկապէս պատրաստուած պաստառ մը նուիրատուներու անուններով:
«…Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար» բանաստեղծին խօսքը, տասնամեակներէ ի վեր խթան եւ մղում կը դառնայ իւրաքանչիւր խաչուհիի համար։ Ատենին, տարբեր սերունդներ ճամբայ ելան «Սիրոյ Պազար»-ի վսեմ իրագործման համար. այսօր նուիրեալներու նոր փաղանգ մը ստանձնած է այս մեծոգի ծրագիրի յաջողութեան գրաւականը իր ուսերուն վրայ։ Նպատակը մէկ է ու անշեղօրէն հաստատ կը մնայ իւրաքանչիւր խաչուհիի տեսիլքին առջեւ։ Անդադար ծառայել հայ ժողովուրդին, դառնալ հայ մանուկին ու աշակերտին խնամող ձեռքն ու կրթական յառաջդիմութեան աղբիւրը, հասնիլ Հայաստանի մէջ Հ.Օ.Մ.-ի ազգակերտ ծրագիրներուն, երկու խօսքով՝ տեւաբար ծառայել հայ ազգին որպէս «գուպար ազգաշէն»։ Խորախորհուրդ հաւատքի անսակարկ նուիրումով եւ գիտակցութեան բարձր արժեւորումով, Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը պիտի շարունակէ իր վսեմացեալ առաքելութիւնը եւ հայրենանուէր մատուցումը։
Վարձքը կատար բոլոր նուիրեալներուն։
Շնորհակալական խօսք
Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ «Սիրոյ Պազար»-ին հովանաւոր դարձած ընկերութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք ապրանքատեսակներ նուիրելով կամ դրամական յատկացում կատարելով՝ մեծապէս սատարեցին մեր ձեռնարկի յաջողութեան: Մեր անկեղծ շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Հայ Կապոյտ Խաչի ընկերուհիներուն, որոնց ամիսներու հետեւողական կամաւոր աշխատանքին արդիւքով է, որ այս տարի եւս իրագործուեցաւ Սիրոյ Պազարը։
Վարձքը կատար բոլոր ընկերուհիներուն:
Մեծ շնորհակալութիւն՝ բոլոր հայ եւ յոյն մեր բարեկամներուն, որոնք անգամ մը եւս մեր հրաւէրին ընդառաջեցին եւ մեզ քաջալերեցին։
Ձեռնարկի նիւթական յաջողութեան չափ եւ նոյնիսկ շատ աւելի կարեւոր է մեզի համար հայրենակիցներու ներկայութիւնը Միութեան կողքին, իբրեւ բարոյական թիկունք կամաւոր եւ նպատակասլաց գործին:
Հ. Կ. ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Սիրոյ Պազարի նկարներուն համար այցելել՝ https://www.facebook.com/ArmenianBlueCrossGreece









