­Չո­րեք­շաբ­թի, 6 ­Նո­յեմ­բե­րին, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­վար­չա­կան ժո­ղով, ­Նէոս ­Գոս­մո­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի Ա­ւե­տի­քեան սրա­հէն ներս:
­Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին յանձ­նո­ւե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի «­Թա­գու­հի ­Փա­շա­յեան» մրցա­նա­կը, որ կը տրո­ւի ա­մէն տա­րի այն հայ ու­սա­նո­ղին, որ ա­ւար­տած է Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան եւ հայ ա­շա­կերտ­նե­րուն մէջ լա­ւա­գոյն նի­շով յա­ջո­ղած է յու­նա­կան պե­տա­կան հա­մալ­սա­րան մուտ­քի քննու­թիւն­նե­րուն:
2023-2024 տա­րեշր­ջա­նի մրցա­նա­կը ստա­ցաւ ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նը ա­ւար­տած ­Մա­րօ ­Մի­քաէ­լեան, որ յա­ջո­ղած է մուտք գոր­ծել Ա­թէն­քի հա­մալ­սա­րա­նի բժշկու­թեան բա­ժան­մուն­քին։
­Ջեր­մա­պէս կը շնոր­հա­ւո­րենք մրցա­նա­կա­կիր ե­րի­տա­սար­դու­հին, իր ծնողքն ու ըն­տա­նի­քը: ­Նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կը մաղ­թենք մեր բո­լոր ու­սա­նող ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն:
Մր­ցա­նա­կի յանձ­նու­մէն ետք, ժո­ղո­վը ան­ցաւ իր օ­րա­կար­գե­րու քննարկ­ման։ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց ժո­ղո­վին իր վեր­ջին ա­միս­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւնն ու դի­մագ­րա­ւած խնդիր­նե­րը։ ­Յա­տուկ զե­կոյզ տրո­ւե­ցաւ միու­թեան 100-ա­մեա­կին հա­մար ծրագ­րո­ւած ձեռ­նար­կի մա­սին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Շա­բաթ 30 ­Նո­յեմ­բե­րին, ­Նէա Զ­միռ­նիի Էս­թիա սրա­հէն ներս։
Ա­պա, մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րը ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը եւ ծրագ­րած ձեռ­նարկ­նե­րը:

Թղ­թա­կից