Շրջանաւարտներու անունները ձախէն աջ՝ Տղաներ՝ Թոմպուլեան Ալեքս,Տէր Թորոսեան Ֆիլիփփոս, Եորղանճեան Ալեքսան,Կմպիգեան Կարպիս Աղջիկներ՝ Ճէլալեան Անայիս,Կարամեցի Մարիլիա, Վիրապեան Սոֆիա,Կեքա-Եղիշէյեան Սիլիա,Գարավանի Զարա, Խաչերեան Մարիա,Մարտիրոսեան Ամալիա

Եր­կու իւ­րա­յա­տուկ ու տա­րօ­րի­նակ տա­րի­նե­րէ ետք, ուր գոր­ծե­ցինք դժնդակ պայ­ման­նե­րու տակ, այս տա­րի ու­րա­խու­թիւ­նը ու­նե­ցանք 2021-2022 դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նը սկսե­լու եւ բո­լո­րե­լու մեր շա­րու­նա­կա­կան ներ­կա­յու­թեամբ մեր ման­կա­պար­տէ­զի ջերմ ու մտե­րիմ մի­ջա­վայ­րին մէջ, ան­մի­ջա­կան շփում ու­նե­նա­լով մեր շատ սի­րե­լի փոք­րիկ­նե­րուն հետ:
2021-2022 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը իր ա­ւար­տին կը հաս­նի վկա­յա­կան­նե­րու բաշխ­ման հան­դի­սու­թեամբ, որ ու­րա­խու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին մե­զի «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի «Ար­թին ­Գա­լուս­տեան» ման­կա­պար­տէ­զի մեր սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը:
Այ­սօ­րո­ւան հան­դի­սու­թիւ­նը նո­ւի­րո­ւած էր մեր վեր­ջին ու­սում­նա­սի­րած նիւ­թին՝ բնա­պահ­պա­նու­թեան: Ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ա­ռի­թը ու­նե­ցանք ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու զա­նա­զան նիւ­թե­րու շուրջ, խմբա­յին խա­ղեր ու աշ­խա­տանք­ներ ի­րա­գոր­ծե­լու, հէ­քիաթ­ներ կար­դա­լու, եր­գե­լու ու պա­րե­լու:
­Փոք­րիկ­նե­րը գի­տե­լիք­ներ ստա­նա­լով, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լով, նոր ապ­րում­ներ ու փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ ձեռք ձգե­լով զար­գա­ցու­ցին ի­րենց ըն­կե­րա­յին եւ ըն­կե­րազ­գա­ցա­կան աշ­խար­հը:
­Հա­յակր­թա­կան ծի­րէն ներս, մեր սի­րե­լի փոք­րիկ­նե­րուն հետ հա­ճե­լի ու շատ ար­դիւ­նա­բեր պա­հեր ապ­րե­ցանք կեդ­րո­նա­նա­լով մեր հա­րուստ մշա­կոյ­թին եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն՝ խա­ղե­րու, եր­գե­րու, պա­րե­րու ու հէ­քիաթ­նե­րու ճամ­բով: ­Մա­նուկ­նե­րը մեծ ե­ռան­դով ու խան­դա­վա­ռու­թեամբ իւ­րա­ցու­ցին այս բո­լո­րը:
­Գի­տակ­ցե­լով, թէ ման­կու­թիւ­նը մար­դուս կեան­քին ա­մե­նէն կա­րե­ւոր հանգրո­ւանն է, ուր կը դրո­ւին իր նկա­րագ­րի կազ­մա­ւոր­ման հի­մե­րը եւ յար­գե­լով այս մատ­ղաշ տա­րի­քի պա­հանջք­ներն ու իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, միաս­նա­բար մշա­կե­ցինք ըն­կե­րա­սի­րու­թիւ­նը, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, հա­ւա­տար­մու­թիւնն ու յար­գան­քը: Այս ար­ժա­նիք­նե­րով կա­րե­լի է կա­ռու­ցել ա­ռողջ, վե­հանձն, ազ­նիւ եւ ինք­նավս­տահ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք զօ­րա­վիգ պի­տի ըլ­լան ար­դա­րին ու պի­տի բա­րե­փո­խեն մեր աշ­խար­հը:
2021-2022 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը բո­լո­րե­լով, մեր ջեր­մա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք ­Թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, ու­սում­նա­կան, տնտե­սա­կան ու կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թեանց:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն նաեւ, մեր վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան, հայ եւ յոյն պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն ու անձ­նա­կազ­մին եւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ըն­ծա­յե­ցին մեր ճի­գե­րուն ար­դիւ­նա­ւոր­ման հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր վար­ժա­րա­նի ծնո­ղա­կան միու­թեան, որ ա­մէն ջանք թա­փեց մեր կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու, ինչ­պէս նաեւ ման­կա­պար­տէ­զի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն յանձ­նո­ւած նո­ւէր­նե­րուն ու հիւ­րա­սի­րու­թեան հա­մար:
­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ ձե­զի՝ սի­րե­լի ծնող­ներ, որ վստա­հե­ցաք ձեր զա­ւակ­նե­րը հայ­կա­կան մեր այս վար­ժա­րա­նին:
Եզ­րա­փա­կե­լով, մեր յու­զու­մի ու հպար­տու­թեան զգա­ցում­նե­րը կը յայտ­նենք մեր սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն: ­Սի­րե­լի փոք­րիկ­ներ, ման­կա­պար­տէ­զը ե­ղաւ ա­պա­հով բոյն մը, ուր ձեր ա­ռա­ջին անվս­տահ քայ­լե­րով մուտք գոր­ծե­ցիք, իսկ այ­սօր ձեր թե­ւե­րը բա­նա­լով ինք­նավս­տա­հու­թեամբ պի­տի թռչիք մթերք ու­նե­նա­լով ձեր հա­րուստ ու ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով լե­ցուն նե­րաշ­խար­հը ու պի­տի կեր­տէք ձեր փայ­լուն ու լու­սա­շող ա­պա­գան:
Հ­պարտ ենք ձեր բո­լո­րին յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով, ձեր իւ­րա­յա­տուկ նկա­րա­գիր­նե­րով ու յա­ռաջ­դի­մու­թեամբ:
Սր­տանց կը մաղ­թենք ձե­զի բա­ցա­ռիկ ու գե­րա­զանց ար­դիւնք­նե­րով բարձ­րա­գոյն վկա­յա­կան­նե­րու նո­ւա­ճում­ներ: ­Բա­րի շա­րու­նա­կու­թիւն հայ մա­նուկ­ներ, կա­պոյտ հո­րի­զոն­ներ բա­ցո­ւին ձե­զի ու հա­յու հո­գին, ինք­նու­թիւնն ու պա­տի­ւը բարձր պա­հե­լով ի­րա­կա­նաց­նէք ձեր փա­փաք­ներն ու ե­րազ­նե­րը։
­Բա­րի ար­ձա­կուրդ ու բա­րի վե­րա­մուտ։