Հայ Կապոյտ Խաչը, բարերարուհի «Թագուհի Փաշայեան»ի յիշատակը յաւերժացնելու համար, հիմնած է մրցանակ մը, որ կը տրուի հայկական վարժարանները յաճախած եւ պետական համալսարաններու մուտքի քննութիւններուն բարձրագոյն նիշով յաջողութիւն արձանագրած ուսանողներուն։
Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի «Թագուհի Փաշայեան» մրցանակի մասին հասարակութիւնը տեղեակ կը մնայ մամլոյ յայտարարութեամբ, որպէսզի հետաքրքրուողները Հ.Կ.Խաչի գրասենեակ փոխանցեն Յունաստանի համալսարաններու իրենց մուտքի քննութեանց նիշերը։ Շրջանային վարչութիւնը քննելէ ետք ստացուած դիմումները, կը հաստատէ համալսարան մուտքի բարձրագոյն նիշը ապահոված ուսանողը։
Այս տարեշրջանի համար, Հ.Կ.Խաչի «Փաշայեան» մրջանակին արժանացաւ Էմիլ Ճանիկեան, որ յաջողեցաւ մուտք գործել Աթէնքի համալսարանի Պատմութեան եւ հետազօտութեան գիտութեան (Ιστορίας & Αρχαιολογίας) բաժանմունքէն ներս։
Այսպէս, 2019-2020 տարեշրջանին, «Թագուհի Փաշայեան» մրցանակը հանդիսաւորապէս յանձնուեցաւ Էմիլ Ճանիկեանին, Չորեքշաբթի՝ 30 Հոկտեմբեր 2019ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան հրաւիրած միջ-վարչական ժողովի ընթացքին։
Հանդիպումին ներկայ էին Հ.Կ.Խաչի Շրջանային Վարչութեան եւ հինգ մասնաճիւղերու վարչութեանց ընկերուհիները, Հ.Կ.Խաչի յանձնախումբերու անդամները, ինչպէս նաեւ պարգեւատրուող երիտասարդը եւ անոր ծնողքը։
Յաջորդաբար, Շրջանային վարչութիւնը գործադրելով միութեան Պատգամաւորական ժողովի որոշումը, առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրած էր յունական պետական համալսարանները ընդունուած բոլոր հայ ուսանողները՝ անոնց շնորհաւորելու համար եւ այսպէս առիթ ստեղծելու հայ երիտասարդութեան մօտեցնելու միութեան եւ ծանօթացնելու կատարուած գործունէութիւնը։ Ուսանողներու հաւաքին ներկայ գտնուեցան Առաջնորդ Սրբազան հայրը փոխարինող՝ Հրայր Ա. քհնյ.Նիկոլեան, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ պրն. Թագւոր Յովակիմեան եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչ պրն. Կոստան Եզեկիէլեան։
Հ.Կ. Խաչի ատենապետուհի ընկհ. Լիզէթ Գիրազեան շնորհաւորեց բոլորին՝ իրենց յաջողութեան համար եւ յայտնեց, որ Հայ Կապոյտ Խաչը հաւատարմութեամբ կը հետապնդէ կրթական եւ դաստիարակչական ծրագիրներու յաջողութիւնը՝ այն գիտակցութեամբ եւ համոզումով, որ մեր զարգացած նոր սերունդը յատուկ հպարտութիւն կը պատճառէ բոլորին։ Ատենապետուհին մաղթեց եւ յորդորեց ուսանողներուն գործօն դերակատարութիւն ունենալ մեր գաղութի կեանքէն ներս։
Շնորհաւորանքի եւ յաջողութեան փոխադարձ մաղթանքներ յայտնեցին նաեւ հրաւիրեալ հիւրերը։
Շրջանային վարչութեան կողմէ բոլորին յանձնուեցան յուշանուէրներ եւ Հ.Կ.Խաչի գործունէութեան պրակը։
Աւարտին, ժողովականները շնորհաւորեցին երիտասարդներուն՝ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով բոլորին։
ԹՂԹԱԿԻՑ