Յու­նաս­տա­նի Ըն­կե­րա­յին յա­րակ­ցու­թեան եւ ըն­տա­նի­քի նա­խա­րար ­­Տոմ­նա ­­Մի­խա­յի­լի­տու հրա­ւէր ու­ղար­կեց ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան՝ այ­ցե­լե­լու ­­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը:
Հ.Կ.­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը ու­րա­խու­թեամբ ըն­դա­ռա­ջեց հրա­ւէ­րին եւ Ուր­բաթ, 13 ­­Յու­նիս 2025-ին, ­­Միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րու խումբ մը այ­ցե­լեց ­­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը:
Ա­պա­հո­վու­թեան քննու­թիւ­նը անց­նե­լէ ետք, խում­բը ան­ցաւ խորհր­դա­րա­նի ժո­ղո­վաս­րա­հի այ­ցե­լու­նե­րու բա­ժի­նը, հե­տե­ւե­լու հա­մար խորհր­դա­րա­նի լիա­գու­մար նիս­տին։ Ն­շենք, թէ ­­Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը յայ­տա­րա­րեց, թէ ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չը կը հե­տե­ւի ժո­ղո­վին: ­­Խում­բը ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ ունկնդ­րե­լու նա­խա­րա­րի ար­տա­սա­նած խօս­քը, օ­րա­կար­գի նիւ­թին առն­չու­թեամբ: Ա­պա, ծա­նօ­թա­ցաւ շէն­քի բա­ժա­մունք­նե­րուն ու խորհր­դա­րա­նի «Է­լէֆ­թե­րիոս ­­Վե­նի­զե­լոս» սրա­հին մէջ այ­ցե­լեց ­­Յու­նաս­տա­նի յե­ղա­փո­խու­թեան 200 տա­րո­ւան ա­ռի­թով տե­ղադ­րո­ւած ցու­ցահանդէսը:
­­Յա­ջոր­դա­բար, Հ.Կ.Խ.-ի ըն­կե­րու­հի­նե­րը զրու­ցե­ցին տի­կին նա­խա­րա­րու­հիին հետ եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին հրա­ւէ­րին հա­մար, ո­րուն շնոր­հիւ ա­ռի­թը ու­նե­ցան մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Խորհրդա­րա­նը։