Կի­րա­կի, 1 ­Դեկ­տեմ­բեր 2024-ին ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Ե­րի­տա­սարդ ան­դամ­նե­րու ­Յանձ­նա­խում­բի հրա­ւէ­րով եւ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ այ­ցե­լու­թիւն մը՝ ­Փիր­ղոս ­Վա­սի­լիս բեր­դը ու պտոյտ մը ա­նոր այ­գի­նե­րուն մէջ, պատ­մա­կան ներ­կա­յա­ցու­մով, ա­պա նաեւ՝ հոն ար­տադ­րո­ւած գի­նի­նե­րու համ­տես:
­Ձեռ­նար­կը գե­ղե­ցիկ ա­ռիթ մը ե­ղաւ որ, մաս­նակ­ցող­նե­րը հա­ճե­լի եւ ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տի մէջ ­Կի­րա­կի կէ­սօր մը վա­յե­լեն բա­րե­կամ­նե­րով, նաեւ մի­ջոց մը որ զո­ւար­ճու­թեան զու­գա­հեռ՝ բա­րե­սի­րա­կան նպա­տա­կի հա­մար նո­ւի­րա­բե­րեն:
Յանձնախումբին կողմէ ընկ. Լոռի Աւագեան շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտնեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք սի­րով ըն­դա­ռա­ջե­ցին յանձ­նա­խում­բի հրա­ւէ­րին եւ կա­տա­րո­ւած նուի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րուն հա­մար:
­Յանձ­նա­խում­բի ո­րո­շու­մով, այս նա­խա­ձեռ­նու­թե­նէն գո­յա­ցած կո­կիկ հա­սոյ­թը կը տրա­մադ­րո­ւի Հ.Օ.Մ.ի որ­բախ­նամ ծրագ­րին, մէկ տա­րո­ւայ (2024-ին հա­մար) խնա­մա­կա­լու­թիւն մը ստանձ­նե­լու, 2020-ի Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մին ծնո­ղա­զուրկ դար­ձած եւ մին­չեւ օրս խնա­մա­կալ չու­նե­ցող հա­յոր­դիի մը:
­Վե­րոն­շեալ յանձ­նա­խում­բը նշա­նա­կո­ւած է Հ.Կ.Խ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ եւ կը գոր­ծէ ա­նոր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ:
Ա­նոր պար­տա­կա­նու­թիւն տրո­ւած է, որ ձե­ւեր մտա­ծէ եւ մի­ջո­ցա­ռում­ներ ձեռ­նար­կէ՝ մի­ջին եւ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քի սե­րուն­դը մօ­տեց­նե­լու հա­մար մեր միու­թեան շուրջ:

Թղ­թա­կից