Յու­նաս­տա­նի մէջ, այ­սօր տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ դպրո­ցա­կան նոր տա­րեշր­ջա­նի վե­րա­մու­տը։ Երկ­րի ման­կա­պար­տէզ­նե­րուն, նա­խակր­թա­րան­նե­րուն, միջ­նա­կարգ եւ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը կը վե­րա­դառ­նայ դա­սա­րան, ե­կող ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան ակն­կա­լիք­նե­րով։
­Թա­գա­վա­րա­կի ստեղ­ծած ի­րա­կա­նու­թեան տակ, ա­շա­կերտ­նե­րու եւ ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­դար­ձը պի­տի կա­տա­րո­ւի անհ­րա­ժեշտ նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րով՝ պա­տո­ւաս­տու­մի հաս­տա­տա­գիրե­րով բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք ար­դէն պա­տո­ւաս­տը ստա­ցած են, ինչ­պէս նաեւ շա­բա­թա­կան եր­կու ան­գամ կա­տա­րո­ւե­լիք ան­հա­տա­կան քննու­թիւն­նե­րով (self-test) այն ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք պա­տո­ւաս­տում չեն կա­տա­րած։
Կր­թու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան պատ­կան մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կը յայտ­նեն, թէ բնա­կան ե­րե­ւոյթ մը պի­տի ըլ­լայ վա­րա­կում­նե­րու յա­ւե­լու­մը ա­շա­կեր­տու­թեան մէջ, որ կա­պուած է նաեւ ստի­պո­ղա­կան քննու­թիւն­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան հետ։ Կր­թու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը յայտ­նէ, թէ ար­դէն տրո­ւած են հարկ ե­ղած ուղ­ղու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չիւր դպրոց եւ դա­սա­րան դի­մէ պէտք ըլ­լա­լիք անհ­րա­ժեշտ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն, ա­մէն ան­գամ որ վա­րա­կու­մի պա­րա­գայ մը կրնայ յայտ­նո­ւիլ։
Այ­սօր եւս, յու­նա­հայ գա­ղու­թի մատ­ղաշ եւ պա­տա­նի սե­րուն­դին հա­մար ա­ռա­ջին զան­գը պի­տի լսո­ւի Հ.Կ.­Խա­չի «Ա. ­Գա­լուս­տեան» եւ «Հ. Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէզ­նե­րէն, «­Զա­ւա­րեան» եւ «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» նա­խակր­թա­րան­նե­րէն, ինչ­պէս նաեւ «­Ա. եւ Ժ. Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նէն ներս։
­Տա­րեշր­ջան մը եւս սկիզբ կ­՚առ­նէ, ո­րուն ըն­թաց­քին մեր հա­մայն­քի կրթա­րան­նե­րուն մէջ հայ լե­զուն եւ պատ­մու­թիւ­նը, հա­յոց աշ­խար­հի գան­ձերն ու կրօ­նը դար­ձեալ պի­տի ջամ­բո­ւին մեր փոք­րիկ­նե­րու հո­գեմ­տա­յին կազ­մո­ւած­քին։ ­Հա­կա­ռակ սփիւռ­քի մա­շեց­նող պայ­ման­նե­րուն, մեր վար­ժա­րան­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ հա­յու դի­մա­գի­ծը կռա­նող ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր կռո­ւան­նե­րը, ո­րոնց հա­մար ծնող­նե­րուն, դաս­տիա­րակ­նե­րուն եւ գա­ղու­թա­յին մար­մին­նե­րուն կող­մէ ե­ղած ա­մէն զո­հո­ղու­թիւն կը շա­րու­նա­կէ մնալ մեր ինք­նու­թեան շէն­քը կան­գուն պա­հե­լու գե­րա­գոյն նպա­տա­կը։ Այս ա­ռի­թով, այ­սօ­րո­ւան մեր թի­ւին մէջ լոյս կը տես­նեն շա­հե­կան յօ­դո­ւած­ներ՝ սրտցաւ մտա­հո­գու­թիւն­ներ ար­տա­յայ­տող մտա­ծում­նե­րով եւ ա­ռա­ջարկ­նե­րով։
«Ա­զատ Օր» բա­րի վե­րա­մուտ կը մաղ­թէ բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րուն, ծնող­նե­րուն եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րուն, յայտ­նե­լով, որ իր է­ջե­րը ջեր­մօ­րէն կը շա­րու­նա­կեն բաց մնալ՝ հիւ­րըն­կա­լե­լու հա­մար մեր վար­ժա­րան­նե­րու կրթա­կան եւ ազ­գա­յին նո­ւա­ճում­նե­րը։