9, 10 եւ 20 Յունուար 2025-ին Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը այցելեցին «Զաւարեան» եւ «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարաններու 1-6-րդ դասարանի աշակերտները եւ ուսուցչական կազմերը:
Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեան ողջունեց դպրոցներու աշակերտները, մաղթելով՝ յաջողութիւններ ուսման մէջ, նորանոր ձեռքբերումներ տարուայ ընթացքին, միասնականութիւն, սէր եւ խաղաղութիւն։ Դեսպան Մկրտչեան յորդորեց երեխաները յաճախակի այցելել Հայաստան՝ մշտապէս կապը պահելով հայրենիքին հետ։
Աշակերտները հանդէս եկան Ամանորեայ եւ հայկական աւանդական երգերով։
Դպրոցականները դեսպան Մկրտչեանի կողմէ ստացան նուէրներ՝ յունարէնի թարգմանուած հայկական առակներու եւ հեքիաթներու նկարազարդ ժողովածու։
Դեսպան Մկրտչեան առանձնապէս քաջալերեց դպրոցի անձնակազմերը՝ իրենց լուրջ եւ պատասխանատու հայանպաստ աշխատանքին համար:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու աշակերտները այցելեցին՝ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին