Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը ծանուցանենք թէ, Կիրակի 10 Դեկտեմբեր 2017 ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, Ատիկէի եւ Մակեդոնիոյ — Թրակիոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ,
հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն պիտի կատարուի, 7 Դեկտեմբեր 1988ին, Հայաստանի ահեղ երկրաշարժի
զոհերուն 29րդ տարելիցի առթիւ:
Կոչ կ’ուղենք բոլորին, որ ներկայ ըլլան արարողութեան, յարգելու յիշատակը մեր անմեղ զոհերուն:
ՅՈՒՆԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ