Հոգեհանգիստ՝ հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած հայ զինուորներու յիշատակին

0
123

Ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ընդհանրական կոչին, ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022-ԻՆ, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, պիտի կատարուի Հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի վերջին վայրագ պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած Հայ զինուորներու յիշատակին։
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները ներկայ ըլլալու Ս. Պատարագին եւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ աղօթակից ըլլալու Հայրենիքի հողի պաշտպանութեան համար քաջաբար զոհուած հայ զինուորներու հոգիներուն համար, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելու վիրաւոր Հայ զինուորներուն։

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ