Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին այսու կը հաղորդենք, թէ Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2026-ին, Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս յընթացս Ս. պատարագին պիտի կատարուի «Հանրապետական մաղթանք» Հայաստանի վերանկախացման տօնին առիթով:
Այսու կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները, ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին եւ աղօթակից դառնալու մեր հայրենիքի խաղաղութեան, շինութեան ու անսասանութեան համար առ Աստուած բարձրացած աղօթքներուն:
Կրօնական Ժողով










