14 Մարտ Ուրբաթ իրիկուն, «Արաս» հրատարակչատան «Հանդիպում» շարքի ծիրէն ներս իրականացաւ ձեռնարկ մը։ Հանդիպման վայրը «Եսայեան» սրահն էր։
Հիւրերն էին Յունաստանէն հետազօտող լրագրողուհի Թագուհի Մինասեան եւ «Զարմանազան»-ի հիմնադիրներէն Մելինէ Բարսեղեան (Ֆրանսա)։
Երկու հիւրերը, զրուցավար Գարոլին Մամիկոնեանի հարցումներուն պատասխանելով, քննարկեցին արեւմտահայութեան մշակութային ու պատմական յիշողութիւնը, արեւմտահայերի պաշտպանութեան պայքարը եւ հայ համայնքի կրթական ոլորտի տիպարները, որոնք կը զանազանուին եւ սովորական կը դառնան իւրաքանչիւր երկրի մէջ։