Հայաստանի անկախութեան 25-րդ տարեդարձի օրը հայ ցանցահէնները ատրպէյճանական շարք մը կայքէջերու վրայ յարձակում գործած են: Անոնք, ատրպէյճանական որոշ կայքէջերու վրայ զետեղած են Հայաստանի դրօշը պատկերող նկար եւ շնորհաւորական ուղերձ՝ «Տօնդ շնորհաւո՛ր, Հայաստան»:

«Մոնթէ Մելքոնեան» համացանցային բանակի «Դիմագիրք»-ի էջին վրայ ալ հրապարակուած է յայտարարութիւն մը, ըստ որուն` խումբին կողմէ կատարուած գործողութիւններու ընթացքին ձեռք ձգուած է ատրպէյճանցի 1200 սպաներու անձնական տուեալները, ներառեալ՝ անձնաթուղթերու եւ հեռաձայնի թիւեր, բնակութեան հասցէներ եւ անձնական այլ տուեալներ:

Խումբին մէկ այլ գործողութեամբ ալ ձեռք ձգուած է ատրպէյճանական դրամատուներէն մէկուն յաճախորդներու տուեալներու շտեմարանը, որ կ՚ընդգրկէ շուրջ 10.000 հոգիի անձնական տուեալները: