Հայ-յունական երկկողմանի բարձր յարաբերութիւնները քննարկուեցան դեսպան Չարչօղլեանի եւ Յունաստանի Ա.Գ.Ն.-ի միջեւ
Հայ եւ յունական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր եւ շատ գնահատելի մակարդակի վրայ։ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան համաձայն, երկու երկիրներու միջեւ ջերմ եւ գործակցական յարաբերութիւնը յատուկ կերպով ընգծուեցաւ Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քոնսթանտինոս Վլասիսի եւ Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի միջեւ հանդիպումի ընթացքին։
Երկու կողմերը համաձայն գտնուեցան, որ երկկողմանի ներկայ բարձր կապերը հնարաւորութիւն ունին աւելի խորանալու զանազան մարզերէ ներս։
Հանդիպումին՝ յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ հայկական եւ յունական սփիւռքներուն, մասնաւոր նշում կատարելով Յունաստանի մէջ գործող հայ համայնքին եւ Հայաստանի յունական համայնքին մասին, որպէս կարեւոր կամուրջ երկու երկիրներու բարեկամութեան ամրապնդումին համար։
Խօսակցութեան աւարտին մատնանշուեցաւ, որ թագավարակի ստեղծած համաշխարհային արգելքներու վերացումէն ետք, երկու կողմերը պէտք է աւելի գործուն կերպով ամրապնդեն սփիւռքներուն հետ կապ ունեցող գործակցութեան խորացումը։
Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը Թուիըթըրի իր էջին վրայ գրեց, որ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի թուականէն առաջ եւ շեշտեց՝ «Հայերու եւ յոյներու միջեւ կապերը սերտ եւ բազմակողմանի են, երկու երկիրներու փոխգործակցութիւնը՝ յատկապէս սփիւռքներու առնչութեամբ, կը շարունակէ մնալ շարունակական եւ շինիչ»։