Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2022-ին, Հայ Կապոյտ Խաչը մասնակցեցաւ կուրծքի քաղցկեղի դէմ Race for the Cure-Άλμα Ζωής 2 քմ. քայլարշաւին եւ 5 քմ. վազքին, 130 անդամներով:
Ընդառաջող մեր անդամուհիներուն եւ համակիրներուն շնորհիւ, Հայ Կապոյտ Խաչի կազմած խումբը կը տրամադրէ 1052 եւրոյի գումարը ԱԼՄԱ ԶՕԻՍ Համահելլէնական կնոջական կազմակերպութեան, կուրծքի քաղցկեղին դէմ ծրագիրներուն օժանդակելու համար:

Մասնակցեցանք եւ աջակցեցանք այս նախաձեռնութեան, որպէսզի

  • կուրծքի քաղցկեղի մասին տեղեկանան ու զգաստանան բոլոր քաղաքացիները,
  • օգտակար հանդիսանանք կուրծքի քաղցկեղի դէմ պայքարող բոլոր կիներուն ու անոնց ընտանիքներուն,
  • հասկնալի դառնայ, թէ որքան կարեւոր են բժշկական նախազգուշական քննութիւնները,
  • կուրծքի քաղցկեղի պատճառով իրենց կեանքը կորսնցուցած կիներու յիշատակը յարգենք:

Race for the Cure քայլարշաւին մեր մասնակցութեամբ, կը յիշենք եւ կը յիշեցնենք բոլորին, քաղցկեղէ տարապող հայուհիները, որոնք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ,  հիւանդութեան դէմ իրենց տարած պայքարին զուգահեռ, ուժեղ կանգնած են իրենց ընտանիքներուն եւ հայրենիքի թիկունքին, թշնամիին հրահրած պատերազմին դէմ։

Բոլորս միասին մի՛շտ աւելի զօրաւոր ենք:

ՀԱՅ ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ