Գոմոթինիի Թաղային խորհուրդի եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի 30 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Հայ երգի ու պարի փառատօն» Գոմոթինիի ամառնային բացօթեայ թատրոնին (Αμφιθέατρο Κομοτηνής) մէջ։
Ելոյթ պիտի ունենան՝ Համազգայինի «Նայիրի», Գոմոթինիի «Ուրարտու» եւ Հայաստանի պարախումբերը, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններու երգչախումբը։
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուելու այս բացառիկ երեկոյին եւ ըմբոշխնելու հայ երգի ու պարի տպաւորիչ պահեր։
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ










