Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեան ընդունեց Յունաստանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանին:
Վիգէն Չոլաքեան ներկայացուց Յունաստանի Հայ աւետարանական համայնքի ընթացիկ ծրագրերն ու գործունէութիւնը՝ նշելով շարք մը բարեգործական ու մշակութային նախաձեռնութիւններ, որոնք կը ծառայեն հայապահպանութեան նպատակին:
Դեսպան Մկրտչեան կարեւոր նկատելով համայնքային կեանքի գործընթացների պատշաճ կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը՝ իր աջակցութիւնը յայտնեց ընթացիկ եւ ապագային միտուած ծրագրերուն եւ ներկայացուց դեսպանութեան 2025 թ.ին նախատեսած միջոցառումներու մէկ մասը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան այցելեց Յունաստանի մէջ ՀՀ. դեսպանին