ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

­Մարտ 31-ի ե­րե­կո­յեան, ­Հա­յաս­տա­նի ոտ­նագն­դա­կի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը հրա­պու­րիչ յաղ­թա­նակ տա­րաւ ­Ռու­մա­նիոյ դէմ՝ 3-2 հա­շի­ւով ։ Այս դժո­ւար օ­րե­րուն, կար­միր Ապ­րի­լին շէ­մին, հա­յու­թիւ­նը պզտիկ մխի­թա­րանք մը ստա­ցաւ թէեւ Մ­խի­թա­րեա­նը, խում­բին աստ­ղը, ներ­կայ չէր։
­Մեր ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը վեր­ջերս կը ցու­ցա­բե­րէ մա­կար­դա­կի բարձ­րա­ցում եւ յա­ջող ար­դիւնք­ներ։ Ար­դէն այս շա­րու­նա­կա­կան 3-րդ ­յաղ­թա­նակն էր եւ 8-րդ­ ան­պար­տե­լի մրցու­մը։
Մ­տա­ւո­րա­պէս 1,5 տա­րի ա­ռաջ, յու­նաս­տա­նաբ­նակ հա­յերս ա­ռի­թը ու­նե­ցանք վա­յե­լել ­Հա­յաս­տա­նի գե­ղե­ցիկ խա­ղար­կու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նին դէմ։ Եր­գե­լով մեր քայ­լեր­գը, «­Զար­թիր լաօ»ն­ ու «Ար­դէօք ով­քե՞ր են» թմբուկ­նե­րու եւ փո­ղի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, «աղմ­կոտ հա­յերս», ինչ­պէս որ գրեց յու­նա­կան լրա­տո­ւա­կան կայ­քէջ մը, տօ­նե­ցինք 2-3 ար­դիւն­քով ­Հա­յաս­տա­նի փայ­լուն յաղ­թա­նա­կը, յա­ջոր­դա­բար ստա­նա­լով մեր յոյն եղ­բայր­նե­րու ջերմ շնոր­հա­ւո­րանք­նե­րը։
­Նո­յեմ­բե­րի ող­բեր­գա­կան օ­րե­րուն, ե­ռա­կողմ ա­հա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թե­նէն քա­նի մը օր ետք, մեր ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը, ցու­ցա­բե­րե­լով խի­զա­խու­թիւն, Ազ­գե­րու ա­ռաջ­նու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր յաղ­թա­նակ տա­րաւ Վ­րաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նին դէմ ­Թիֆ­լի­սի մէջ՝ 1-2 ար­դիւն­քով։
­Բա­ցի այդ ի­րա­կա­նու­թե­նէն, որ «դրա­ցիին» հան­դէպ յա­ջո­ղու­թիւն մը միշտ իր յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւ­նը կը ներգ­րա­ւէ, այս յաղ­թա­նա­կին շնոր­հիւ ­Հա­յաս­տան բարձ­րա­ցաւ 2-րդ ­դա­սա­կար­գին։ Այս­պի­սով՝ ստա­ցաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը պայ­քա­րիլ յա­ւե­լեալ մրցում­նե­րու մի­ջո­ցաւ, տեղ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռաջ­նու­թեան մրցա­շար­քէն ներս, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Քա­թա­րի մէջ, 2022-ին։
Իսկ, բուն նա­խա­ւար­տա­կան հանգ­րո­ւա­նը մեր ազ­գա­յին խում­բին հա­մար սկսաւ յաղ­թա­կան 0-1 հա­շի­ւով, ­Լիհ­թենշ­թայ­նին մէջ։
Այս փոքր պե­տու­թեան հա­ւա­քա­կա­նը թէեւ թոյլ է, այ­սու­հան­դերձ՝ յա­ճա­խա­կի դժո­ւա­րու­թիւն­ներ կը բե­րէ իր հա­կա­ռա­կորդ­նե­րուն։
3 օր յե­տոյ, ­Ծաղ­կա­զար­դին, «­Վազ­գէն ­Սարգ­սեան» դաշ­տին մէջ, մար­զա­սէր­նե­րը՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Իս­լան­տա­յի մրցող­նե­րուն մուտ­քը կը դի­մա­ւո­րէին «­Սար­դա­րա­պա­տի ցու­լե­րը» ցո­լաց­նող պաս­տառ­նե­րով ու եր­գե­լով «Երբ չի մնում ելք ու ճար…»։ ­Հան­դի­սա­տես մը տախ­տա­կի մը վրայ անգ­լե­րէ­նով կը տե­ղե­կաց­նէր հան­րու­թեան ա­պօ­րի­նի գե­րե­վա­րո­ւած հայ զի­նո­ւոր­նե­րուն մա­սին։ ­Հա­յե­րը ո­գե­ւո­րո­ւած՝ գե­ղե­ցիկ կօ­լե­րով յաղ­թե­ցին 2-0։
­Մարտ 31-ի լու­սա­բա­ցը ո­րոշ չա­փով մե­լա­մաղ­ձո­տու­թիւն պատ­ճա­ռեց հա­յե­րուս։
­Հա­մա­ցան­ցին ար­դէն զե­տե­ղո­ւած էր նկա­րը մար­տիկ­նե­րով, ա­զա­տագ­րուած ­Դա­դի­վան­քին առ­ջեւ 28 տա­րի ա­ռաջ։ Այդ օ­րը ­Քար­վա­ճա­րը կ­՚անց­նէր իր իս­կա­կան տի­րոջ ձեռ­քը, պայ­քա­րով եւ ա­րիւ­նով։ ­Ռազ­մա­կան նշա­նա­կու­թեան շրջա­նը ­Նո­յեմ­բե­րի ա­մօ­թա­լի հա­մա­ձայ­նագ­րով յանձ­նո­ւե­ցաւ ո­սո­խին՝ ա­ռանց մէկ կրա­կո­ցի։ ­Վա­նա­կան հա­մա­լի­րը մնաց ռուս խա­ղա­պահ­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ՝ նաեւ վա­նա­հայր ­Տէր ­Յով­հան­նէ­սի հե­րո­սա­կան կե­ցո­ւած­քին շնոր­հիւ ։ ­Հո­գե­ւո­րա­կա­նը Ար­ցա­խի ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մի ռազ­միկ­նե­րէն էր։
Օ­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ տխուր լու­րե­րով։ ­Կեան­քէն հե­ռա­ցաւ ազ­գա­յին գոր­ծիչ ­Կա­րօ ­Քէ­պապ­ճեան եւ Ար­գա­տի ­Տէր ­Թա­տե­ւո­սեան՝ «­Քո­ման­տոս»-ը, 1992-ի ­Շու­շիի ա­զա­տագր­ման գոր­ծո­ղու­թեան հրա­մա­նա­տա­րը։ ­Կար­ծես թէ, հա­մեստ հե­րո­սին սիր­տը չդի­մա­ցաւ բեր­դա­քա­ղա­քի կո­րուս­տին առ­ջեւ։
­Նոյն օ­րը, ­Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը դի­մա­ւո­րեց ­Ռու­մա­նիոյ զօ­րա­ւոր մրցա­կի­ցին։ ­Բազ­մա­թիւ մար­զա­սէր­ներ կը կրէին Ար­ցա­խի դրօ­շա­կը, դժգո­հու­թիւն պատ­ճա­ռե­լով ա­զե­րի­նե­րուն, ո­րոնք բո­ղոք ներ­կա­յա­ցու­ցին։
Ա­ռա­ջին կի­սա­խա­ղը ան­ցաւ ա­ռանց ար­դիւն­քի։ 57-րդ ­վայր­կեա­նին ար­դիւն­քը բա­ցո­ւե­ցաւ Է­տո­ւարտ Շ­մեր­չեա­նի ու­ժեղ հա­րո­ւա­ծով մը։ ­Յա­ջոր­դա­բար, հա­կա­ռա­կոր­դը ա­ռաջ ան­ցաւ «1-2»-ով։ Ա­պա՝ ­Ռու­մա­նա­ցի մը ստա­ցաւ կար­միր քարտ։ 87-րդ ­վայր­կեա­նին, ­Վա­րազ­դատ ­Հա­րո­յեան գե­ղե­ցիկ կեր­պով հա­ւա­սա­րե­ցուց հա­շի­ւը։ ­Մեր ազ­գա­յին խում­բի խաղ­ցող­նե­րը վճռա­կան էին՝ պայ­քար մին­չեւ վերջ։ 89-րդ ­վայր­կեա­նին նշա­նա­կո­ւե­ցաւ 11 մեթ­րա­նոց եւ ­Տիգ­րան ­Բար­սե­ղեան յա­ջո­ղե­ցաւ յաղ­թա­կան կօ­լը։
­Հա­յաս­տան հիա­ցում պատ­ճա­ռե­լով մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ, իր խմբա­կին մէջ կը գրա­ւէ Ա-ին դիր­քը։ ­Ճա­նա­պար­հը դէ­պի ­Քա­թար եր­կար է ու դժո­ւար, սա­կայն՝ ե­րա­զե­լը ար­գի­լո­ւած չէ։ ­Մար­զա­կան սխրանք եւ իս­կա­կան ե­րա­զանք պի­տի ըլ­լար ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռաջ­նու­թեան, որ ա­մէն 4 տա­րի կը գրա­ւէ մի­լիո­նա­ւոր մար­դոց ու­շադ­րու­թիւ­նը, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն։
Ոտ­նագն­դա­կը հա­սա­րա­կա­կան ուժ եւ ազ­դե­ցու­թիւն կը ներգ­րա­ւէ։ Ազ­գա­յին խում­բի յա­ջող ներ­կա­յու­թիւ­նը ո­րոշ չա­փով հնա­րա­ւոր է սփո­փանք եւ հպար­տու­թիւն ո­գեշն­չել հա­յուն սիր­տին։