Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութեան Ա. փուլը տեղի ունեցաւ երէկ, Կիրակի, 30 Մարտ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 14:00, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ։
Մեր հայրենակիցները ներկայ եղան Ֆիքսի ակումբը, ընդառաջելով Հ.Կ.Խաչի կոչին:
Միութեան ընկերուհիները սիրով կ’ընդունէին կամաւոր արիւնատուներուն, ապա պատասխանատու բժիշկը քննութենէ կ’անցընէր կամաւորները, որպէսզի բոլոր առողջապահական օրէնքները յարգուին:
Կարելի եղաւ 26 հոգիէ արիւն ստանալ, հակառակ որ ներկաներու թիւը աւելի բարձր էր, սակայն տարբեր պատճառներով՝ մաս մը մերժուեցաւ: Ստացուած արեան քանակը տրամադրուեցաւ «Էվանկելիզմոս» հիւանդանոցի համակարգի՝ Հայ Կապոյտ Խաչի անունին պահք դրուած արեան պահեստանոցին։
Արեան նուիրաբերումը թանկագին գործընթաց մըն է, որ Հ.Կ. Խաչը, գիտակցելով անոր անհրաժեշտութիւնը, իր մարդասիրական գործունէութեան ծրագիրին մէջ կը ներառնէ ամէն տարի: Այս նախաձեռնութեամբ կարելի կ’ըլլայ օգնութեան հասնիլ արեւան կարիք ունեցող մեր հայրենակիցներուն:
Նշենք, թէ բոլոր անոնք, որոնք առիթը չունեցան երէկ ներկայ ըլլալու Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբը, կրնան մասնակցիլ արիւնատուութեան արշաւի երկրորդ փուլին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 4 Մայիս 2025-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ 2:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս սկաւ Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութեան արշաւը