Ապ­րի­լեան ո­գե­կո­չում­նե­րու շար­քին, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 23 Ապ­րիլ 2025-ին, ­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ կանգ­նած հայ­կա­կան խաչ­քա­րին առ­ջեւ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կի ե­լոյթ, ներ­կա­յու­թեամբ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու եւ շրջա­նին մէջ ապ­րող հա­յու­թեան։
Ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ յի­շա­տա­կի հա­ւա­քը պա­տո­ւե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան եւ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան, Հ.Հ. դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գափ­լա­նեան, տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ­Սո­ֆիա ­Մար­գա­րեան, ինչ­պէս նաեւ բազ­մա­թիւ յոյն պաշ­տօ­նա­տար­ներ, ո­րոնց կար­գին՝ ­Քա­լա­մա­թա­յի մետ­րո­պո­լիտ Խ­րի­սոս­թո­մոս, ե­րես­փո­խան ­Միլ­թոս Խ­րի­սո­մա­լիս, փոխ­քա­ղա­քա­պետ ­Մա­րի­նոս ­Մա­րի­նա­քիս, փոխ­մարզ­պետ Ս­թա­թիս Ա­նաս­թա­սո­փու­լոս, նաեւ զի­նեալ ու­ժե­րու եւ ոս­տի­կա­նու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան սպա­ներ եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ։ Սր­բա­զան հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­րե­խօ­սա­կան կարգ, ա­պա ընկ. Ս. ­Գափ­լա­նեան անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 110-րդ ­տա­րե­լի­ցին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մեծ ող­բեր­գու­թեան, ո­րուն շա­րու­նա­կու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դը ճա­շա­կեց Ար­ցա­խի դէմ հա­յաս­պա­նա­կան յար­ձա­կու­մով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ եւ ար­ծո­ւա­բոյ­նի հա­յա­թա­փու­մին դառն ի­րա­կա­նու­թեամբ։ Ող­ջոյ­նի ու­ղեր­ձով հան­դէս ե­կաւ դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, որ նշեց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ ­Յու­նաս­տա­նի կող­մէ տա­րա­գիր հա­յու­թեան պատս­պա­րու­մը, յատ­կա­պէս՝ ­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ հայ տար­րի ներ­կա­յու­թիւ­նը։
­Յար­գան­քի խօս­քե­րու ա­ւար­տին, պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րուն կող­մէ կա­տա­րուե­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում եւ յար­գան­քի խո­նար­հում յու­զիչ մթնո­լոր­տի մէջ։