­Կի­րա­կի, 27 Ապ­րիլ 2025-ին, Ք­սան­թիի «Ίδρυμα Θρακικής Τέχνης και Παράδοσης» սրա­հէն ներս, նշո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 110-րդ ­տա­րե­լի­ցը, կազ­մա­կեր­պո­ւած Ա. ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ մարզ­պե­տա­րա­նի եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ:
Ե­լոյ­թը սկսաւ յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան ո­գերգ­նե­րով, կա­տա­րո­ւած Ա. ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հա­մայնք­նե­րու միա­ցեալ երգ­չա­խում­բին կող­մէ, խմբա­վա­րու­թեամբ Տ. ­Տա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։
­Ներ­կայ գտնո­ւե­ցան եւ ող­ջոյ­նի խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին՝ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ Ք­սան­թիի ե­րես­փո­խան պրն. Ս­փի­րի­տոն ­Ցի­լի­կի­րիս եւ փոխ­մարզ­պետ տիկ. ­Փո­լիք­սե­նի Պ­րի­քա: ­Քա­ղա­քա­պե­տի ող­ջոյ­նի խօս­քը փո­խան­ցեց փոխ­քա­ղա­քա­պետ պրն. Իոան­նիս ­Ցա­փա­րիս: Հ.Հ. դես­պա­նի խօս­քը ըն­թեր­ցեց տիկ. Ատ­րիա­նա Խ­րիս­տո­ֆո­րի­տու:
­Ներ­կայ էին նաեւ Ք­սան­թիի ­Փան­տե­լէի­մոն մետ­րո­պո­լի­տը, Ա. ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Տա­նիէլ ­Գա­լօղ­լեան, զի­նո­ւո­րա­կան եւ ոս­տի­կա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ այլ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:
­Բա­ցու­մը կա­տա­րեց տիկ. ­Մա­րի ­Տուլ­ղե­րի­տու – ­Փա­փա­զեան, որ իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ մէ­կու­կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րուն, մշա­կու­թա­յին կոր­ծա­նու­մին, Ար­ցա­խի նա­հա­տակ­նե­րուն եւ մին­չեւ օրս ա­պօ­րի­նի կա­լա­նա­ւոր­ման եւ գե­րի­նե­րու բան­տար­կու­թեան։ Ան շեշ­տեց, թէ ա­նըմբռ­նե­լի է ան­պա­տիժ մնա­ցած ըլ­լան ­Թուր­քիոյ ո­ճիր­նե­րը ետք, ա­նըմբռնե­լի է այս­քան տա­րի­ներ ետք տա­կա­ւին ար­դա­րա­ցում պա­հան­ջե­լը:
­Վեր­ջա­նա­լով, ը­սաւ թէ բո­լորս կը պար­տինք պայ­քա­րիլ ի շահ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րուն:
­Յա­ջոր­դեց օ­րո­ւան դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը՝ փրո­ֆէ­սօր Ա­ֆեն­տու­լի ­Լա­կի­տի­սի կող­մէ:
Ան ա­ռա­ջին հեր­թին անդ­րա­դար­ձաւ ­Թուր­քիոյ հեր­թա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, նաեւ ի­րեն շուրջ եր­կիր­նե­րու հան­դէպ (­Յու­նաս­տան, ­Կիպ­րոս, ­Սու­րիա, եւ այլն), Ար­ցա­խի լրիւ տի­րա­ցու­մին եւ ­Թուր­քիոյ պինդ ժխտու­մին ճանչ­նա­լու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:
Երկ­րորդ, քա­ղա­քա­կան ան­ձե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ եւ եր­րորդ, ­Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րա­կան վայ­րի մա­սին ու իր ան­կա­րո­ղու­թիւ­նը մրցակ­ցե­լու շրջա­նի եր­կիր­ներ, իր վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, եւ շեշ­տեց թէ այ­սօ­րո­ւայ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան պա­հանջ­նե­րը հրա­մա­յա­կան կը դարձնեն մեր պայ­քա­րի շա­րու­նա­կու­մը:
­Յա­ջոր­դեց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր երգ­չա­խում­բին կող­մէ ու եր­կու երգ՝ «Ապ­րե­լու Ապ­րիլ» եւ «Կ­րունկ», ­Յաս­միկ ­Բեգ­լա­րեա­նի եւ Հ­ռիփ­սի­մէ ­Դա­նիէ­լեա­նի կող­մէ:

ԹՂԹԱԿԻՑ