Ք.Է.

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան եւ ի­րա­ւա­կան ծալ­քե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը ար­դէն կ­՚ընդգր­կէ մեծ թի­ւով աշ­խա­տու­թիւն­ներ, ո­րոնք մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ կ­՚ի­րա­զե­կեն հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­գոյն ող­բեր­գու­թեան մա­սին։ Ա­նոնց­մէ մեծ թի­ւով հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ թարգ­մա­նո­ւած են յու­նա­րէն լե­զո­ւով եւ տրա­մադ­րե­լի են պատ­մա­կան ո­լոր­տի հե­տա­զօ­տող շրջա­նակ­նե­րուն, այ­լեւ հա­սա­րա­կու­թեան, որ­պէս գի­տա­կան աղ­բիւր­ներ եւ օգ­տա­գոր­ծե­լի նիւ­թեր։
Այդ շար­քին մէջ կը դա­սո­ւի հրեայ Եայր Աու­րո­նի «Իս­րա­յէլ եւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը» գիր­քը, որ յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւե­ցաւ ­Սեր­գօ Ա­ղա­պա­տեա­նի կող­մէ։ Ն­շենք, որ վեր­ջի­նը հա­րուստ փոր­ձա­ռու­թիւն մը կու­տա­կած է տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան հետ կապ ու­նե­ցող ինք­նա­գիր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու պատ­րաս­տու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ թարգ­մա­նի­չի դե­րով, լոյս աշ­խարհ ըն­ծա­յե­լով ըն­թեր­ցող­նե­րու ի­մա­ցա­կան աշ­խար­հը զար­գաց­նող խնա­մո­ւած հա­տոր­ներ։
Հ­րեա­յի մը աչ­քով դի­տո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ նոյ­նան­ման տա­ռա­պան­քին են­թար­կո­ւած ժո­ղո­վուր­դի մը հո­գե­բա­նա­կան ու քննա­կան հա­յեաց­քով նիւ­թը շօ­շա­փե­լու փոր­ձը, թարգ­մա­նի­չի աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ կը դառ­նայ կա­րե­ւոր մէկ աղ­բիւր։ ­Չո­րեք­շաբ­թի, 14 ­Մա­յիս 2025-ի ե­րե­կո­յեան, ըն­թեր­ցա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ներ­կայ ե­ղաւ Ա­թէն­քի Հ­րէա­կան կեդ­րո­նէն ներս, մօ­տէն ճանչ­նա­լու հա­մար գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թեան։
­Թարգ­մա­նի­չէն զատ, խումբ մը խօ­սող­ներ եւս հան­դէս ե­կան եւ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան, նաեւ լոյս տե­սած գիր­քին մա­սին, գծե­լով զու­գա­հեռ գի­ծեր եր­կու հնա­մեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մա­կան ող­բեր­գու­թիւն­նե­րուն առն­չու­թեամբ։
­Հե­տաքրք­րա­կան ե­ղաւ հրեայ հե­տա­զօ­տող ­Մո­րիս ­Սա­քի­սի նե­րա­ծու­թիւ­նը, որ շեշ­տա­կիօ­րէն նշեց, թէ մինչ հրեայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ անժխ­տե­լի կը մնայ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­ւա­ցիու­թեան փաս­տը, պե­տու­թիւ­նը չկա­մու­թին ցոյց կու տայ պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­նա­լու ա­նոր պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ­պէս­զի նախ ա­ռաջ­նա­կարգ դիր­քի վրայ մնայ Ող­ջա­կիզ­ման ըն­կա­լու­մը որ­պէս մե­ծա­գոյն ո­ճիր, ա­պա ան կապ ու­նի տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին մե­ծա­պե­տա­կան հա­շիւ­նե­րուն հետ, յատ­կա­պէս ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ գոր­ծակ­ցու­թեան որ­պէս հե­տե­ւանք։ ­Խօ­սո­ղը յա­ռաջ բե­րե­լով մի­ջազ­գա­յին ար­դա­րու­թեան եւ բա­րո­յա­կան սկզբունք­նե­րուն ար­ժէք­նե­րը, մատ­նան­շեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
­Հե­տաքրք­րա­կան ե­ղաւ հրեայ-յոյն ­Թրասիվուլոս ­Փա­փասթ­րա­թի­սի վեր­լու­ծա­կան խօս­քը։ Ան յայտ­նեց, թէ իր վաղ ե­րի­տա­սար­դու­թեան օ­րե­րէն ու­սում­նա­սի­րած է ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան ծալ­քե­րը, միա­ժա­մա­նակ հաս­տա­տե­լով նաեւ գեր­ման կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան մեղ­սակ­ցու­թիւ­նը, որ ա­ւե­լի յե­տոյ պի­տի դառ­նար Ող­ջա­կիզ­ման պատ­ճա­ռը, ա­ռաջ­նոր­դե­լով մի­լիո­նա­ւոր հրեա­նե­րու ոչն­չաց­ման։
Ան յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ հրեայ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու մա­սին, ո­րոնք փոր­ձե­ցին ե­րե­ւան հա­նել ­Հա­յոց Ե­ղեռ­նիի փաս­տը, նշե­լով Ֆ­րանց ­Վեր­ֆե­լի ­Մու­սա ­Տա­ղի վէ­պը, որ լայն տա­րա­ծում գտաւ հրեայ զան­գո­ւած­նե­րուն մէջ։ ­Խօ­սո­ղը նաեւ փոր­ձեց մեկ­նա­բա­նել ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման դժկա­մու­թեան հետ կապ ու­նե­ցող Իս­րա­յէ­լի պե­տա­կան եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մօ­տե­ցում­նե­րը, ամ­փո­փե­լով, որ բա­րո­յա­կան հի­մե­րու վրայ յե­նած սկզբունք­նե­րը ի վեր­ջոյ պի­տի սա­տա­րեն ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծին՝ նաեւ Իս­րա­յէ­լի կող­մէ։
­Գիր­քի ներ­կա­յաց­ման սե­ղա­նին մաս­նակ­ցող ­Քոս­թաս Ղ­րի­վաս կա­տա­րեց ներ­կայ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու հա­կիրճ մեկ­նա­բա­նու­թիւն մը, նշե­լով ­Թուր­քիոյ ջան­քե­րը հաս­տա­տե­լու տի­րա­կան դիրք ­Մի­ջին Ա­րե­ւե­լեան ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս նաեւ նշում ը­րաւ Իս­րա­յէ­լի կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նու­մի ծրա­գիր­նե­րուն, ո­րոնք ի գործ դրո­ւե­ցան ար­ցա­խեան 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին։
­Վեր­ջին խօ­սո­ղը ե­ղաւ ­Սար­գիս Ա­ղա­պա­տեան, որ հա­մա­ռօտ նկա­րագ­րում­նե­րով տո­ւաւ իր թարգ­մա­նած գիր­քի տար­բեր գլուխ­նե­րուն մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը։ ­Նաեւ, թարգ­մա­նի­չը ընդգր­կուն կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան եւ պատ­մա­կան հա­մայ­նա­պատ­կե­րը, նշե­լով Ե­րիտ­թուր­քե­րու բնաջնջ­ման ծրա­գի­րը եւ ա­նոր գոր­ծադ­րու­թեան հանգ­րո­ւան­նե­րը։ Ա­ռա­ւել, Ա­ղա­պա­տեան անդ­րա­դար­ձաւ շարք մը հրեայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու մօ­տե­ցում­նե­րուն, ո­րոնք ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն, փորձ կա­տա­րե­ցին յայտ­նի դարձ­նել հայ ժո­ղո­վուր­դի աժխ­տե­լի ող­բեր­գու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ հրեայ ժո­ղո­վուր­դի Ող­ջա­կիզ­ման բա­րո­յա­կան ու պատ­մա­կան կա­պը, որ­պէս մարդ­կու­թեան դէմ կա­տա­րո­ւած մե­ծա­գոյն ո­ճիր­ներ։
Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին տրո­ւե­ցաւ հար­ցում­նե­րու եւ պա­տաս­խան­նե­րու ա­ռիթ, ուր լսո­ւած հե­տաքրք­րա­կան վեր­լու­ծում­նե­րը ար­ժա­նա­ցան ներ­կա­նե­րու քննա­կան մօ­տեց­ման։
­Հարկ է նշել, թէ գիր­քի նմա­նօ­րի­նակ ներ­կա­յաց­ման միտ­քը հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րէն ներս եւս կա­րե­լի է հա­մա­րել պատ­մա­կան ի­րա­զե­կու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծու­թեան լա­ւա­գոյն ա­ռի­թը։ ­Նոյն ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու ար­հա­ւիր­քէն ան­ցած եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան եւ քա­ղա­քա­կան մօ­տե­ցում­նե­րու ծա­նօ­թագ­րու­մը, կրնայ ա­ռա­ւել քննարկ­ման պա­տե­հու­թիւն դառ­նալ։ ­Մարդ­կու­թեան ար­դի պատ­մու­թեան մէջ ա­մօ­թա­լի սեւ բի­ծե­րով ար­ձա­նագ­րո­ւած եր­կու բնաջն­ջում­նե­րուն պատ­մա­քա­ղա­քա­կան դի­տար­կու­մը վստա­հա­բար կը սա­տա­րէ նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­տի ի­րա­ւա­կան հե­տապնդ­ման գոր­ծըն­թա­ցին։