Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Կ­րե­տէ­յի Հա­յոց հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Գերշ. Տ. Եզ­նիք Արք. Պետ­րո­սեա­նի եւ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Սուրբ Յով­հան­նու Կա­րա­պե­տի ե­կե­ղե­ցիին Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի, Կի­րա­կի 25 Օ­գոս­տո­սի, 2024, ե­կե­ղե­ցիին պա­տա­րա­գէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ Դոկտ. Հ­րայր Ճէ­պէ­ճեա­նի «­Հայ­կա­կան Ազ­գագ­րա­կան Պատ­կեր­ներ՝ Տե­սիլք, Կամք եւ Յոյս» գիր­քի շնոր­հա­հան­դէս-ներ­կա­յա­ցու­մը ե­կե­ղե­ցիին հան­դի­սաս­րա­հին մէջ։ Ներ­կայ էին գա­ղու­թի ան­դամ­ներ, յոյն բա­րե­կամ­ներ եւ այ­ցե­լու հա­յեր՝ Ֆ­րան­սա­յէն։
­Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց Սր­բա­զան հայ­րը, որ ներ­կա­յա­ցուց գիր­քի բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։ Ան վեր ա­ռաւ քա­նի մը յօ­դո­ւած­ներ եւ ընդգ­ծեց ա­նոնց մի­ջո­ցաւ գիր­քին միտք բա­նին։ «­Հայ­կա­կան սփիւռ­քի տար­բեր գա­ղութ­նե­րու մէջ հան­դի­պում­նե­րու մեծ հա­ւա­քա­ծոյ մըն է այս գիր­քը», ը­սաւ Սր­բա­զան Հայ­րը։
Դոկտ. Ար­տա Ճէ­պէ­ճեան՝ ըն­կե­րա­լե­զո­ւա­բան, հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս եւ գիր­քին խմբա­գի­րը, ներ­կա­յա­ցուց խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­քին տար­բեր հանգ­րո­ւան­նե­րը։ Դոկտ. Ար­տա Ճէ­պէ­ճեան նաեւ խօ­սե­ցաւ հայ մշա­կոյ­թի եւ մայ­րե­նի լե­զո­ւի պահ­պան­ման կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին եւ թէ ինչ­պէս այս գիր­քը կը նպաս­տէ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի եւ լե­զո­ւի սա­տար­ման։
Դոկտ. Հ­րայր Ճէ­պէ­ճեան՝ գիր­քի հե­ղի­նա­կը, խօ­սե­ցաւ մէկ կող­մէ գիր­քի տար­բեր հա­տո­ւած­նե­րուն եւ մա­սե­րուն մա­սին, բայց նաեւ ներ­կա­յա­ցուց իր փոր­ձա­ռու­թիւն-տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը տար­բեր գա­ղութ­նե­րու իր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն մէ­ջէն եւ ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րը հա­յե­րու հետ։ Ան ա­ւե­լի քան ինն­սուն եր­կիր­ներ ճամ­բոր­դած է իր աշ­խա­տան­քա­յին աս­պա­րէ­զի մի­ջո­ցաւ եւ ժա­մա­նակ տո­ւած է նաեւ տես­նե­լու հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը։ Դոկտ. Ճէ­պէ­ճեան խօ­սե­ցաւ սփիւռ­քա­հայ ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու մա­սին, Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­սին ու հայ­րե­նի­քի կա­րե­ւոր դե­րը հա­յա­պահ­պա­նու­մի եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ գի­տակ­ցու­թեան պահ­պա­նու­մին մէջ՝ յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին հա­մար։ Ան քա­ջա­լե­րեց քրէ­տա­հայ գա­ղու­թը որ չի յու­սա­հա­տի հա­յա­պահ­պա­նու­մի իր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։
«­Հա­յա­պահ­պա­նու­մի մեծ պա­տե­րազ­մի մէջ ենք բո­լորս եւ տար­բեր գա­ղութ­նե­րու մէջ», ը­սաւ Դոկտ. Ճէ­պէ­ճեան։
Այս պա­տե­րազ­մը որ­քան ալ դժո­ւար ըլ­լայ, պի­տի չի յու­սա­հա­տինք», եզ­րա­փա­կեց Դոկտ. Ճէ­պէ­ճեան։
Փակ­ման խօս­քը կա­տա­րեց Սր­բա­զան հայ­րը որ նաեւ հա­կիրճ կեր­պով տո­ւաւ նկա­րագ­րա­կա­նը ար­տա­սա­նո­ւած խօս­քե­րուն յու­նա­րէն լե­զո­ւով՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով որ ե­լոյ­թին ներ­կայ էին ե­կե­ղե­ցիին յոյն բա­րե­կամ­նե­րը։
Շ­նոր­հա­հան­դէս-ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ ճոխ հիւ­րա­սի­րու­թիւն ե­կե­ղե­ցիին շրջա­փա­կին մէջ։