2025 թո­ւա­կա­նը ­Պէյ­րու­թի ­Հայ­կա­զեան ­Հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեակն է: Այս ա­ռի­թով, ­Կի­րա­կի, 6 Ապ­րիլ 2025-ին ա­ռա­ւօ­տեան, ­Յու­նաս­տա­նի ­Գո­քի­նիոյ (Ա­թէնք) ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան յա­տուկ պաշ­տա­մունք ­Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ վե­րա­պա­տո­ւե­լի դոկ­տոր ­Փօլ ­Հայ­տօս­թեա­նի եւ Ա­ռեւտ­րա­կան եւ ­Վար­չա­գի­տու­թեան կա­ճա­ռի դե­կան դոկտ. ­Ֆա­տի Աս­րաո­ւիի ներ­կա­յու­թեամբ։
­Պաշ­տա­մուն­քը, որ ա­ռաջ­նոր­դեց տեղ­ւոյն հո­վիւ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեա­ն կ­‘ընդգր­կէր փա­ռա­բա­նու­թեան եր­գեր, կա­նանց քա­ռեա­կի կա­տա­րում, ըն­թեր­ցում­ներ եւ ա­ղօթք­ներ։
­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Հայ­տօս­թեան մա­տու­ցեց հո­վո­ւա­կան ա­ղօթ­քը, կա­տա­րեց ­Սուրբ ­Գիր­քի ըն­թեր­ցու­մը եւ փո­խան­ցեց օ­րո­ւան պատ­գա­մը՝ կեդ­րո­նա­նա­լով ծա­ռա­յու­թեան եւ սի­րոյ վրայ՝ որ­պէս պա­տաս­խան Աս­տու­ծոյ մե­զի տո­ւած շնոր­հին: Վ­կա­յա­կո­չե­լով պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն­ներ ան ընդգ­ծեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ Ար­մե­նակ ­Հայ­կա­զեա­նի նա­հա­տա­կու­թիւնն ու ծա­ռա­յու­թեան բա­րի օ­րի­նա­կը, եւ ա­մե­րի­կա­ցի մի­սիո­նար Է­լի­զա­պէթ Ո­ւէ­պի նո­ւի­րուա­ծու­թիւ­նը: ­Օ­րո­ւան Պաշ­տա­մուն­քին, ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին բազ­մա­թիւ յար­գար­ժան հիւ­րեր.- ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­Նո­րին Վ­սե­մու­թիւն պա­րոն ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան. «Ա­զատ Օր»-ի տնօ­րէն եւ «Ար­մե­նի­քա»-ի խմբա­գիր պա­րոն ­Մայք ­Չի­լին­կի­րեան. «­Հայ կեանք» պար­բե­րա­կա­նի խմբա­գիր պա­րոն ­Տիգ­րան Ա­պա­սեան — «­Նոր Աշ­խարհ» շա­բա­թա­թեր­թի խմբա­գիր պա­րոն ­Զա­ւէն Գ­րի­գո­րեան եւ ­Հա­յաս­տան հիմ­նադ­րա­մի պատ­ուոյ նա­խա­գահ դոկ­տոր ­Վա­չէ ­Տէր ­Կա­րա­պե­տեան:
­Պաշ­տա­մուն­քի ա­ւար­տին տե­սա­հո­լո­վա­կով ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան ­Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի մա­սին ընդ­հա­նուր տե­ղե­կու­թիւն­ներ:
Ա­պա, ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րո­ւե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ «­Հայ­կա­զեան» ս­րա­հը, ուր վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Չո­լա­քեան եւ դես­պան Մկրտ­չեան ար­տա­սա­նե­ցին շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քեր, որ­մէ ետք հա­տո­ւե­ցաւ ­Հայ­կա­զեան ­Հա­մալ­սա­րա­նի 70-ա­մեա­կի յի­շա­տա­կի կար­կան­դա­կը։ ­Յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ ըն­կե­րա­յին ժամ, հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին:

Վե­ր.­Վի­գէն ­Չո­լա­քեա­ն