Հայաստանի Judo մարզախաղի պատանիներու խումբը 9 եւ 10 Մայիս 2025-ին մասնակցեցաւ Ֆլորինայի մօտ գտնուող Ամինտէօ քաղաքէն ներս տեղի ունեցած մրցաշարքին եւ արձանագրեց փայլուն յաղթանակներ:
Մասնակցող 11 երկիրներու շարքին, Հայաստանի խումբը ունեցաւ աչքի զարնող յաջողութիւններ եւ ապահովեց 13 ոսկի, 4 արծաթ եւ 7 պրոնզէ մետալներ։ Խումբի մարզիչներն են Յակոբ Առաքելեան եւ Մխիթար Խաչատրեան, որոնք լաւապէս պատրաստուած հայրենի մարզական հաւաքականը առաջնորդեցին փայլուն յաղթանակներու: Անգամ մը եւս, Հայաստանի մարմնամարզի ոլորտը ցոյց կու տայ երկրին մէջ բարձր արհեստավարժութեան մակարդակը, որ յաջողապէս տեղ կը գրաւէ միջազգային եւ տեղական մրցաշարքերուն։
Վարձքը կատար մեր պատանի մարզիկներուն ու անոնց պատասխանատու մարզիչներուն։