Թեսաղոնիկէի Հայ Դատի Յանձնախումբը, «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնն ու Թեսաղոնիկէի Երաժշտանոցի շրջանաւարտներու միութեան կազմակերպութիւնը ձեզ կը հրաւիրեն, Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 100ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի՝ 6 Յունիս 2018ի ժամը 20:30ին, Թեսաղոնիկէի Հնաբանական Թանգարանին մէջ:

Կը բանախօսէ գրող եւ հրապարակագիր՝ Սավվաս Գալենտերիտիս՝ հետեւեալ նիւթով.

«ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒՄԸ»

Տեղի կ’ունենայ գեղարուեստական յայտագիր
Միջազգային մրցոյթի դափնեկիր Էմիլիա Գասպարեան (ջութակ) եւ Յասմիկ Աթապէկեան (դաշնամուր)
Ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի «ΟΤΕ» երգչախումբը, Արսակիօ Տարրական Դպրոցի մանկական երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝ Իրաքլի Փանաղոփուլոսի

Կ’ասմունքեն՝ Աստղիկ Գանապետեան, Հ.Յ.Դ. Թեսաղոնիկէի «Սողոմոն Թեհլիրեան» Երիտասարդական Միութիւնն ու Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» Ծաղկոց շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները:
Հայկական աւանդական պարերով հանդէս պիտի գայ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Մասիս» պարախումբը:
Ապա՝ տեղի պիտի ունենայ փոքր հիւրասիրութիւն