­­­Հա­յաս­տա­նի ­­­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 28րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, Ա­թէն­քի «Գ. ­­­Լա­զեան» կո­մի­տէն կազ­մա­կեր­պեց ժո­ղովրդա­յին խնճոյք-խրախ­ճանք, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­­Շա­բաթ՝ 28 ­­­Սեպ­տեմ­բե­րին, ­­­Գա­րէա­յի «Ա­զա­տա­մարտ» ա­կում­բին մէջ։
Ե­րե­կո­յի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­­­Զա­րեհ ­­­Բար­դա­մեան, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն եւ անդ­րա­դար­ձաւ ան­կա­խու­թեան խոր­հուր­դին։ Ա­պա բեմ հրա­ւի­րեց ընկ. ­­­Սե­ւակ ­­­Գա­զա­րեա­նին փո­խան­ցե­լու օ­րո­ւան խօս­քը։ Ան, ի մի­ջի այ­լոց յայտ­նեց.- «28 տա­րի­ներ ա­ռաջ, 21 ­­­Սեպ­տեմ­բեր 1991ին, ­­­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պատ­մա­կան ո­րո­շում մը ա­ռին: Ընտ­րա­կան ի­րա­ւունք ու­նե­ցող բնակ­չու­թեան շուրջ 95 տո­կո­սը մաս­նակ­ցե­ցաւ, իսկ ա­ւե­լի քան 99 տո­կո­սը «ԱՅՈ» ը­սաւ ան­կախ եւ ինք­նա­վար պե­տու­թեան մը ստեղ­ծու­մին:
Այս 28 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, ­­­Հա­յաս­տան ու­նե­ցած է բազ­մա­թիւ նուա­ճում­ներ: Ա­մե­նա­մեծ նո­ւա­ճու­մը՝ նոյ­նինքն ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան հռչա­կումն էր: ­­­Մե­ծա­գոյն միւս նո­ւա­ճու­մը՝ ար­ցա­խեան յաղ­թա­նակն էր, որ ի­րա­կա­նա­ցաւ Ար­ցա­խի, ­­­Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի միաս­նա­կան ջան­քե­րով:
28 տա­րի­ներ ա­ռաջ, ես չէի ծնած. նոյն­պէս Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը: ­­­Բայց անց­նող ա­մառ մենք ո­րո­շե­ցինք հայ­րենք այ­ցե­լել. մեր ա­զատ եւ ան­կախ հայ­րե­նի­քը: ­­­Մենք շատ բախ­տա­ւոր կը զգանք, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ երբ այս սրա­հին մէջ գտնուող ըն­կեր­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­ներ էիք, ան­կախ ­­­Հա­յաս­տան գո­յու­թիւն չու­նէր:
­­­Մենք այ­սօր կը հրճո­ւինք ու կը տօ­նենք ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան հռչա­կու­մը, չենք մոռ­նար սա­կայն Ա­րա­րա­տը, ­­­Վանն ու Ա­նին: ­­­Չենք մոռ­նար ա­րեւմ­տեան ­­­Հա­յաս­տա­նը: ­­­Ճիգ չենք խնա­յեր եւ կ­­­՚աշ­խա­տինք այդ ուղ­ղու­թեամբ, որ օր մը կա­րե­նանք տօ­նել նաեւ ­­­Միա­ցեալ ­­­Հա­յաս­տա­նի ­­­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը»:
Խն­ճոյ­քի ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը եր­գե­ցին ազ­գա­յին հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գեր եւ ե­ղան սրտա­բուխ բաժա­կա­ճա­ռեր, տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի խան­դա­վա­ռու­թեան մէջ։ ­Տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն եւ 3 բախ­տա­ւոր­ներ շա­հե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ոս­կի զի­նան­շան­ներ:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ