Հայաստանի Ազգային Ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Փտածութեան կանխարգիլման յանձնախումբի մասին» օրինագիծներու ծրարը:
Նախագիծը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ` 92 կողմ, 0 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ:
Նշեալ օրինագիծով՝ կ՛ընդլայնուի յայտարարագիրներ ներկայացնողներու ցանկը եւ 500ի փոխարէն 2200 պաշտօնեաներ կը պարտաւորուին հանրութեան ներկայացնելու իրենց ունեցուածքը:
Փտածութեան կանխարգիլման յանձնախումբը պիտի հետեւի յայտարարագիրներուն, քննէ յայտարարագրման առնչուող խախտումներուն վերաբերող գործեր:
Յանձնախումբի անդամներուն պիտի ընտրէ խորհրդարանը` պատգամաւորներու ձայներուն մեծամասնութեամբ:
Միւս կողմէ՝ «Երկիր մետիա» հաղորդեց, թէ Հայաստանի խորհրդարանը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Պետական գոյքի մասնաւորեցման 2017-2020 թուականներու ծրագիրի մասին» օրէնքի նախագիծը, որուն ընդունումով կը նախատեսուի մասնաւորեցնել 47 կազմակերպութիւն: Նախագիծը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունելուն կողմ քուէարկեց 58, դէմ` 31 պատգամաւոր:
Ծրագիրով կ՛առաջարկուի մասնաւորեցնել 47 պետական կազմակերպութիւն, որոնցմէ 23ը ներառուած եղած են 2006-2007 թուականներու մասնաւորեցման ծրագիրին մէջ: Առաջարկուող ծրագիրով կը մասնաւորեցուին «Հայփոստ» ընկերութիւնը, «Հայաւտոկայարան» ընկերութիւնը, Տաշիրի շարժապատկերի ցանցի գոյքը, «Հայֆիլմ Սթիւտիօ» շարժապատկերի ընկերութիւնը, «Հրազդան» մարզահամալիրը, «Բիւրեղ» հանքային ջուրերու գործարանի պետական սեփականութիւն հանդիսացող բաժնեմասը, Ստեփանաւանի օդակայանը, առողջապահական շարք մը կազմակերպութիւններ եւ այլն:
Հայաստանի Ազգային Ժողով
Խորհրդարանը ընդունեց «Փտածութեան կանխարգիլման յանձնախումբի մասին» օրինագիծներու ծրարը