Ինչպէ՞ս կարելի է երիտասարդական նոր շունչ տալ՝ ազգային-աւանդական խորապէս արմատաւորուած երաժշտութեան մէջ։
Այս հարցումին պատասխանը կուգայ տալու երիտասարդ երաժիշտ-յօրինող Տիգրան Համասեան, Աթէնքի «Փարնասոս» սրահին մէջ տեղի ունեցող եզակի իր համերգին ընդմէջէն։
Հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, Տիգրան Համասեան արդէն տիրացած է համաշխարհային համբաւի, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ իր ունեցած համերգներով, առաջնակարգ նուագախումբերու հետ գործակցելով եւ իր նուաճած պարգեւներով։
Տիգրան Համասեան ծնած է Գիւմրի, 1987ին։ Ան մանուկ հասակէն սիրած է երաժշտութիւնը, յատկապէս ճազ եւ ռոք լսելով։ Ան յաջողութեան հասած է՝ իր երաժշտական տարրերուն ու յօրինումներուն մէջ ներդնելով իր հայրենիքի մշակոյթն ու աւանդութիւնները, եւ իր ամէն մէկ ելոյթով հմայելով հանդիատեսները։
Իր անձնական ճանապարհը՝ Գիւմրիէն Երեւան, ապա Ամերիկա եւ ետ՝ Հայաստան, կ’արտացոլայ իր երաժշտական կտորներուն մէջ։
Յատկապէս մեր հայրենակիցներուն համար տոմսակներու յատուկ գիներ դասաւորուած են։ Այսպէս, կարելի է տոմսակներ ապահովել՝ 12, 17, 21 եւ 26 եւրօ գումարներով։ Կը խնդրուի կապ հաստատել Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ «Ազատ Օր» խմբագրութեան հետ։ Տոմսակները սահմանափակ թիւով տրամադրուած են։