Հայ­կա­կան պա­րա­րո­ւես­տը կը շա­րու­նա­կէ ներշն­չել մեր գա­ղու­թի պա­տա­նի եւ ե­րի­տա­սարդ տար­րե­րը, ո­րոնք ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­յի­րի», «­Նա­նօր» եւ «­Մա­րա­լօ» պա­րա­խում­բե­րուն ան­դա­մակ­ցե­լով, հան­րու­թեան կը նո­ւի­րեն հայ ժո­ղո­վր­դա­յին մշա­կոյ­թի գե­ղե­ցիկ նմուշ­ներ։
Այս­պի­սի ա­ռիթ մը ե­ղաւ ­Կի­րա­կի, 29 ­Դեկ­տեմ­բեր 2024-ի ե­րե­կո­յեան ի­րա­գոր­ծո­ւած ե­լոյ­թը ­Նի­քէա­յի մէջ, ո­րուն ըն­թաց­քին յոյն հան­դի­սա­տես­նե­րը ծա­նօ­թա­ցան հայ­կա­կան պա­րա­յին ա­րո­ւես­տին եւ մե­ծա­պէս գնա­հա­տե­ցին մեր պա­տա­նի­նե­րը։ «­նանօր» մի­ջին տա­րի­քի երկ­սեռ խում­բը, պա­րու­սու­ցու­թեամբ գլխա­ւոր պա­րու­սոյց Էտ­կար Է­կեա­նի եւ պա­րա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու ու­սու­ցող Ան­նա ­Պօ­ղո­սեա­նի, հրամ­ցուց հինգ հայ­կա­կան պա­րեր ­Նի­քէա­յի Ա­յիոս ­Նի­քո­լաոս հրա­պա­րա­կին վրայ։
­Նի­քէա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ տօ­նա­կան օ­րե­րուն նո­ւի­րո­ւած ե­լոյթ­նե­րու շար­քէն ներս, գոր­ծակ­ցու­թեամբ շրջա­նի Հ.Յ.Դ. «­Վա­րան­դեան» կո­մի­տէին եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րի միա­ւո­րին, ­Կի­րա­կի ե­րե­կո­յեան ե­լոյ­թի մէկ մա­սը յատ­կա­ցո­ւած էր հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին։
Ե­լոյ­թի ընդ­հա­նուր խո­րա­գիրն էր «­Մե­ղե­դի­ներ կոր­սո­ւած հայ­րե­նի­քէն», ո­րուն ըն­թաց­քին նաեւ ­Նի­քէա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցի նո­ւա­գա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց փոք­րա­սիա­կան ե­րաժշ­տա­կան գո­հար­ներ։
­Յոյն եւ հայ բազ­մա­թիւ ներ­կա­նե­րուն առ­ջեւ «­Նա­նօր» պա­րա­խում­բը հրամ­ցուց տպա­ւո­րիչ պա­րեր, ստեղ­ծե­լով խան­դա­վառ պա­հեր եւ ու­րա­խաց­նե­լով բո­լո­րին։
­Տօ­նա­կան օ­րե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, հրա­պա­րա­կի լու­սա­ւոր եւ բազ­մա­պի­սի զար­դա­րան­քի պատ­կեր­նե­րուն տակ, հայ­կա­կան պա­րը եւս զար­դա­րեց տօ­նա­կան միջավայրը։
Ե­լոյ­թի յա­ջո­ղու­թիւ­նը եւ մեր պա­րա­խում­բե­րու գտած խան­դա­վառ ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ մտա­ծել կու տայ, թէ եր­բեմն կը պակ­սի նաեւ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րով մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը նա­խա­պէս հա­ղորդ դարձ­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ա­նոնք եւս ա­ւե­լի խուռն ներ­կա­յու­թեամբ քա­ջա­լե­րեն նման ներ­կա­յա­ցում­ներ։ ­Թե­լադ­րե­լի է, որ կազ­մա­կեր­պող միու­թիւն­ներն ու վար­չու­թիւն­նե­րը նա­խան­ձախն­դիր ըլ­լան հրա­պա­րա­կաւ տե­ղե­կաց­նե­լու եւ ժո­ղո­վուր­դին բաց հրա­ւէր ղրկե­լու, որ­պէս­զի մեր ե­րի­տա­սարդ տղոց հան­դէպ քա­ջա­լե­րան­քը դառ­նայ խթան ա­նոնց նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեան հա­մար հայ մշա­կոյ­թի գան­ձա­րա­նին։

ԹՂԹԱԿԻՑ