Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի 26-րդ Ներկայացուցչական (Պատգամաւորական) ժողովը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 3 Դեկտեմբեր 2023ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահէն ներս։
Ներկայացուցչական սոյն ժողովին կը մասնակցին Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը, իր մասնաճիւղերը, պարի միաւորը, յանձնախումբեր, խորհրդակցական ձայնով ընկեր-ընկերուհիներ, հրաւիրեալներ։
Ժողովը միօրեայ է։ Սոյն ժողովին կը ճշդուի յառաջիկայ նստաշրջանի գործունէութիւնը եւ կ’ընտրուի նոր Շրջանային վարչութիւն։
Համազգայինի Յունաստանի Շրջ. Վարչութիւն
***
Համազգայինի Ներկայացուցչական Ժողովին ներկայ ըլլալ
փափաքողներու ուշադրութեան
Կիրակի, 3 Դեկտեմբերին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ, առաւօտեան ժամը 10։30ին, տեղի պիտի ունենայ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի 26-րդ Ներկայացուցչական (Պատգամաւորական) ժողովը։
Բացի վարչութիւններէն, ընտրուած պատգամաւորներէն ու խորհրդակցական ձայնով մասնակցողներէն ու հրաւիրեալներէն, Համազգայինի այն անդամները, որոնք կը փափաքին ներկայ ըլլալ ու հետեւիլ ժողովի աշխատանքներուն, կրնան դիմել վարչութեանս անդամներուն՝ 6977930424 (Յուլիանա Մանուկեան), 6944166510 (Կիւլա Գարապաճակեան)։
Համազգայինի Յունաստանի Շրջ. Վարչութիւն