­Հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ազ­գի մշա­կոյ­թին կա­պե­լու լա­ւա­գոյն ա­ռիթ­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Եւ­րո­պա­յի Ու­սա­նո­ղա­կան հա­ւա­քը (YouthLinks), որ 7-րդ­ ան­գամ ըլ­լա­լով իր դռնե­րը բա­ցաւ՝ այս տա­րի հիւ­րըն­կա­լե­լով 28 ե­րի­տա­սարդ­ներ Ա­թէն­քի մէջ։
Եր­կար ա­միս­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կա­տա­րո­ւե­ցան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան եւ ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով կազ­մա­կերպ­չա­կան, քա­րոզ­չա­կան, դաս­տիա­րակ­չա­կան եւ ըն­կե­րա­յին բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու տա­րե­կան հա­մախմ­բու­մը պսա­կո­ւի յա­ջո­ղու­թեամբ ու ծա­ռա­յէ իր նպա­տա­կին։
30 Ապ­րի­լէն մին­չեւ 3 ­Մա­յիս 2026, Ա­թէն­քի մէջ միա­ւո­րո­ւե­ցան աշ­խար­հի զա­նա­զան կող­մե­րէն (­Գա­նա­տա, Վ­րաս­տան, ­Լի­բա­նան, ­Հա­յաս­տան, Ար­ցախ, ­Ռու­սիա, Ս­պա­նիա, Ի­տա­լիա, Աւստ­րիա, ­Կիպ­րոս եւ ­Յու­նաս­տան) բազ­մա­թիւ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք քա­ռօ­րեայ գոր­ծու­նէու­թեան ընդ­մէ­ջէն ծա­նօ­թա­ցան ի­րար, մաս­նակ­ցե­ցան հայ մշա­կոյ­թի զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու մա­սին դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու եւ աշ­խա­տա­նոց­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ այ­ցե­լե­ցին Ա­թէն­քի հայ գա­ղու­թի զա­նա­զան կեդ­րոն­նե­րը եւ շրջա­կայ տե­սար­ժան վայ­րե­րը։
­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կող­մէ ներ­կայ ե­ղաւ եւ ծրա­գի­րի հսկու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Յաս­միկ ­Շա­հի­նեան, իր կող­քին ու­նե­նա­լով հա­ւա­քի պա­տաս­խա­նա­տու Ա­րա ­Բար­սե­ղեա­նը, յանձ­նա­խում­բի ան­դամներ Ա­րին ­Գա­լուս­տեա­նը եւ Յակոբ Սահակեանը, ինչպէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի Շրջ. վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը։ ­Քա­ռօ­րեայ տե­ւո­ղու­թեան, պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­նե­րը հա­մադ­րե­ցին բո­լոր տե­սա­կի աշ­խա­տանք­նե­րը եւ հե­տա­մուտ ե­ղան ծրագրո­ւած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու լիա­կա­տար գոր­ծադ­րու­մին։
­Մաս­նակ­ցող ե­րի­տա­սարդ­նե­րը նախ ծա­նօ­թա­ցան ­Հա­մազ­գա­յի­նի պատ­մու­թեան եւ գոր­ծու­նէու­թեան, ստա­նա­լով տե­ղե­կու­թիւն­ներ զա­նա­զան ծրա­գիր­նե­րու՝ յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սար­դա­կան, պա­տա­նե­կան եւ ման­կա­կան բա­ժին­նե­րու ու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու մա­սին։
­Դաս­տիա­րակ­չա­կան շար­քը ընդգր­կեց վեց գլխա­ւոր նիւ­թե­րու ներ­կա­յա­ցում, ո­րոնք շօ­շա­փե­ցին մշա­կու­թա­յին եւ ազ­գա­յին բնա­գա­ւառ­նե­րը։
Ա­ռա­ջին օ­րո­ւան ե­րե­կո­յեան, «­Զա­ւա­րեան« կեդ­րո­նէն ներս մաս­նա­կից­նե­րը ա­ռիթ ու­նե­ցան հե­տե­ւե­լու պա­րող Ա­նա­հիտ ­Սա­րի­բէ­կեա­նի ներ­կա­յա­ցու­մին, որ ցոյց տո­ւաւ հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին պա­րե­րու աշ­խար­հը, միա­ժա­մա­նակ հրա­ւի­րեց մաս­նա­կից ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ըն­տե­լա­նալ մեր ա­ւան­դա­կան պա­րա­րո­ւես­տի շար­ժու­ձե­ւե­րուն ու կշռու­թա­ւոր քայ­լե­րուն։ ­Նոյն պա­հուն ներ­կայ ե­ղան նաեւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բի ան­դամ­ներ, ո­րոնք միա­ցան դա­սա­խօ­սա­կան նիւ­թին եւ ցոյց տուին զա­նա­զան պա­րե­րու ամ­բող­ջու­թիւ­նը։ Ա­ռա­ջին գի­շե­րո­ւան ջերմ մթնո­լոր­տը ա­ւե­լի ծաղ­կե­ցաւ ըն­կե­րա­յին ընթ­րի­քի սար­քու­մով։
­Դա­սա­խօ­սա­կան շար­քի երկ­րորդ մա­սը կ­՚ընդգր­կէր յու­նա­կան պատ­մա­կան տե­ղե­րու եւ հնա­մեայ յու­շա­կո­թող­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մը, որ կա­տա­րո­ւե­ցաւ դէ­պի ­Նաւփ­լիօ պտոյ­տին ըն­թաց­քին։ Հ.Կ.­Խա­չի «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի ու­սու­ցիչ ­Վա­կե­լիս ­Կե­քաս ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցուց ­Նաւփ­լիօ քա­ղա­քի պատ­մու­թիւ­նը եւ ա­նոր նշա­նա­կու­թիւ­նը ար­դի ­Յու­նաս­տա­նին հա­մար, ինչ­պէս նաեւ խօ­սե­ցաւ Է­փի­տաւ­րո­սի հնա­մեայ թատ­րո­նին եւ Ասք­լի­փիիօ կո­թո­ղին մա­սին։
Ն­մա­նօ­րի­նակ ներ­կա­յա­ցում­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան դէ­պի Աք­րո­փո­լիս, ­Սու­նիո­յի հնա­մեայ տա­ճա­րը եւ ­Լաւ­րիո­յի պատ­մա­կան վայ­րը այ­ցե­լե­լու ժա­մա­նակ։ Ն­շենք նաեւ, թէ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թիւ­նը մաս­նա­կից­նե­րուն նա­խօ­րօք տո­ւած էր գրա­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ իւ­րա­քան­չիւր պատ­մա­կան վայ­րի կա­պակ­ցու­թեամբ, այս­պէս՝ ա­նոնք պատ­րաս­տո­ւած եւ նա­խա­պէս սեր­տած ըլ­լա­լով տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, կա­րո­ղա­ցան հեշ­տու­թեամբ ըն­տե­լա­նալ իւ­րա­քան­չիւր վայ­րի պատ­մու­թեան ու մի­ջա­վայ­րին։
Եր­րորդ օ­րո­ւան ըն­թաց­քին, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու խում­բը այ­ցե­լեց Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան եւ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր ու Ա­թէն­քի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին կող­մէ: Ու­սա­նող­նե­րը նախ ծա­նօ­թա­ցան Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան, ա­պա Սր­բա­զան հայ­րը ող­ջու­նե­լով հայ ու­սա­նող­նե­րու հա­ւա­քը խօ­սե­ցաւ յու­նա­հայ հա­մայն­քին մա­սին, ներ­կա­յացնե­լով ազ­գա­յին կեան­քը, հա­մայն­քա­յին կա­ռոյ­ցը, հա­յակր­թու­թեան մի­ջա­վայ­րը եւ հո­գե­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։
­Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի սրա­հին մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան դա­սա­խօ­սա­կան եւ զրու­ցա­կան եր­կու նիւ­թեր։ Ա­ռա­ջին հեր­թին՝ ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան ներ­կա­յա­ցուց յու­նա­հայ մա­մու­լի ու մաս­նա­ւո­րա­պէս «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի պատ­մա­կա­նը, ա­պա մաս­նակ­ցող­նե­րը ծա­ւա­լե­ցին հե­տաքր­քա­կան զրոյց մը հար­ցում­նե­րով եւ տե­սա­կէտ­նե­րով՝ հայ մա­մու­լի դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին սփիւռ­քա­հայ կեան­քէն ներս։
­Յա­ջորդ նիւ­թը ներ­կա­յա­ցուց ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, զարկ տա­լով ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման քա­ղա­քա­կան եւ ի­րա­ւա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, ներ­կա­յաց­նե­լով տար­բեր հանգ­րո­ւան­նե­րը եւ նո­ւա­ճում­նե­րը տաս­նա­մեակ­նե­րուն ըն­թաց­քին։ ­Հոն եւս, ու­սա­նո­ղա­կան հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը լայն հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան ներ­կա­յա­ցու­մին եւ ա­ռիթ ու­նե­ցան տե­սա­կէտ­ներ փո­խա­նա­կե­լու։
­Վեր­ջին օ­րո­ւան դա­սա­խօ­սա­կան ե­լոյ­թը, որ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Ֆիք­սի «Ա. ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բին մէջ, ծան­րա­ցաւ հայ եւ յոյն ե­րաժշ­տու­թեան նմա­նու­թիւն­նե­րուն վրայ։ ­Ներ­կա­ցու­մը կա­տա­րեց ե­րա­ժիշտ Ս­տե­փան ­Թէ­քի­րեան, որ հա­րուստ օ­րի­նակ­նե­րով եւ ե­րաժշ­տա­կան լսում­նե­րով ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն առ­ջեւ բե­րաւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ե­րաժշ­տա­կան հարս­տու­թեան հա­սա­րա­կաց ու զու­գա­հեռ ձե­ւա­ւո­րում­նե­րը։
­Դա­սա­խօ­սա­կան նիւ­թը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը նուա­գեն դաշ­նա­մու­րին վրայ եւ տա­քուկ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծեն հայ եր­գի հնչիւն­նե­րուն տակ։ Ա­ւե­լի ուշ, ու­սա­նող­նե­րու խում­բը ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ դէ­պի «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րոն, ներ­կայ ըլ­լա­լու եւ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բի հեր­թա­կան փոր­ձին։ ­Պա­րու­սոյց էտ­կար Է­կեա­նի ցուց­մունք­նե­րուն հե­տե­ւե­լով, ե­րի­տա­սարդ­նե­րը միա­խառ­նո­ւե­ցան պա­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն հետ եւ հե­տե­ւե­ցան փոր­ձե­րուն, ա­նոնք եւս ըն­տե­լա­նա­լով հայ­կա­կան պա­րի շար­ժու­ձե­ւե­րուն։ ­Տեղ­ւոյն վրայ կա­տա­րուե­ցաւ ինք­նա­փուխ եւ ջերմ յայ­տա­գիր՝ տու­տու­քի նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ, եր­գով ու պա­րով, որ տե­ւեց մին­չեւ ուշ ժա­մե­րը, խրախ­ճան­քի ո­գե­ւո­րիչ մթնո­լոր­տին մէջ։ ­Գի­շե­րո­ւան հա­ւա­քը եզ­րա­փա­կումն էր նաեւ քա­ռօրեայ ծրա­գի­րին։
­Չորս օ­րե­րու եր­կայն­քին, ան­պա­կաս էին ըն­կե­րա­յին պա­հե­րը, գի­շե­րո­ւան կեան­քի վա­յե­լու­մը, ճա­շա­սե­ղան­ներն ու ընթ­րիք­նե­րը, իսկ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մի­ջեւ կա­պե­րու ամ­րապն­դու­մը դար­ձաւ նաեւ հա­ւա­քի յա­ջո­ղու­թեան գրա­ւա­կա­նը։
­Պէտք է նշել, թէ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը ա­մէն կա­րե­լիու­թիւն ի գործ դնե­լով, կա­տա­րեց լա­ւա­գոյն հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը մեր հա­յոր­դի­նե­րուն հա­մար։ ­Հա­ւա­քի դաս­տիա­րակ­չա­կան եւ ըն­կե­րա­յին բա­ժին­նե­րը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան յա­ջո­ղու­թեամբ, սփիւռ­քի զա­նա­զան ան­կիւն­նե­րէն ժա­մա­նած հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն պար­գե­ւե­լով ան­մո­ռա­նա­լի պա­հեր եւ հա­յա­բոյր մի­ջա­վայր մը, հա­մե­մո­ւած ազ­գա­յին կեան­քի մթնո­լոր­տով ու ըն­կե­րա­յին կա­պե­րու սեր­տա­ցու­մով։