Յունաստանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամ տոքթ. Ստեփան Փափազեան, ընդառաջելով Աթէնքի մարզպետարանի եւ Հանրապետութեան նախագահութեանգրասենեակի հրաւէրներուն, Կիրակի՝ 1 Յունուար 2017ի առաւօտեան ժամը 11ին ներկայ գտնուեցան Յունաց Արքեպիսկոպոսարանի մայր եկեղեցւոյ մէջ, Նոր Տարուան առիթով տեղի ունեցած Գոհաբանական աղօթք¬մաղթանքիարարողութեան։ Սրբազան Հօր կþընկերակցէր Նէոս Գոզմոս¬Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան։
Ապա, Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ նախագահական պալատ եւ մասնակից դարձաւ Հանրապետութան Նախագահ Ն.Վ. Պրն. Բրոքոբիս Բավլոբուլոսի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան եւ շնորհաւորանքին։ ԱռաջնորդՍրբազան Հայրը յանուն յունահայ գաղութին շնորհաւորեց պրն. Նախագահը, Յունաց Արքեպիսկոպոսն ու վարչապետը, յունական կուսակցութեանց պետերը, նախարարներ, երեսփոխաններ, օտար եկեղեցականներ, ինչպէսնաեւ առիթը ունեցաւ շնորհաւորելու եւ զրուցելու պետական, զինուորական ու եկեղեցական այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ