Յունահայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամ պրն. Սերգօ Յարութիւնեան, ընդառաջելով Աթէնքի նահանգապետարանի հրաւէրին Յունաստանի անկախութեան ազգային տօնի՝ 25 Մարտի տարեդարձին առթիւ, Շաբաթ 25 Մարտ 2017-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, ներկայ գտնուեցան Աթէնքի Յունաց Մայր Տաճարին մէջ Գոհաբանական աղօթքի արարողութեան, ապա զինուորական տողանցքին:
Եկեղեցւոյ մէջ եւ տողանցքի աւարտին, Կոմիտաս Սրբազան Հայրն ու պրն. Յարութիւնեան յանուն Յունահայ գաղութին շնորհաւորեցին ու բարեմաղթութեան իրենց խօսքերը փոխանցեցին Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Տ.Տ. Իէրոնիմոսին, նահանգապետուհիին ինչպէս նաեւ պետական, զինուորական ու եկեղեցական ներկայ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի