Նորին Սուրբ Օծութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Շաբաթ, 25 Յունուար 2025-ին նշանակեց Հայր Միքայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Բասալէն Յունաստանի Առաքելական Կառավարիչ Հայ Կաթողիկէ համայնքի։
Հայր Յովսէփ Թ.Ծ.Վրդ. Պէզազեան եւ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի յանձնախումբերն ու հաւատացեալները, լաւագոյն մաղթանքներ կը ներկայացնեն նորանշանակ Հայր Սուրբին, աղօթելով առ Աստուած, որ օրհնէ իր նոր ծառայութիւնը Յունաստանի մէջ ու պարգեւէ պտղաբեր առաքելութիւն։
Դիւան Յունաստանի
Հայ Կաթողիկէ համայնքի
* * *
Կենսագրական գիծեր
Հայր Միքայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Բասալէ ծնած է 1969-ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ։ Իր նախնական կրթութիւնը աւարտելէ ետք Հալէպի մէջ, մուտք գործեց Զմմառու Սուրբ Տիրամօր վանքի միաբանութեան ճեմարանէն ներս, ուր ուսանեցաւ 1986–1987 տարիներուն։ Այնուհետեւ, շարունակեց իր ուսումը Լիբանանի Զմմառու գլխաւոր ճեմարանին մէջ, ուրկէ ձեռք բերաւ եկեղեցական մասնագիտութիւն։ Քահանայ ձեռնադրուեցաւ 21 Դեկտեմբեր 1997-ին, Հռոմի պապական Գրիգորեան համալսարանի բարձրագոյն ուսումը աւարտելէն յետոյ։
Որպէս հոգեւորական ծառայած է Զմմառու տարբեր հաստատութիւններու մէջ՝ Լիբանան, Հայաստան, Վրաստան եւ Ռուսիա, միեւնոյն ժամանակ հովուական աշխատանք կատարած է հայ կաթողիկէ համայքներուն համար։ Վերջին տարիներուն ծառայած է որպէս Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ծխական քահանայ՝ Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսէց նահանգի Պելմոնտ քաղաքին մէջ։
2022 – 2024-ին, Հայր Միքայէլ Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսին կողմէ ստացաւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէներու կանոնադրութեան առաքելական կառավարիչի պաշտօնը։