­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 22 ­Փետ­րո­ւա­րին, 90 տա­րե­կան հա­սա­կին, մա­հա­ցաւ հել­լէն ա­նո­ւա­նի բե­մադ­րիչ ­Նի­քոս ­Գուն­տու­րոս, ո­րուն թա­ղու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Շա­բաթ՝ 25 ­Փետ­րո­ւա­րին, Ա­թէն­քի Ա­ռա­ջին գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ, ի ներ­կա­յու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տին, խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին, նա­խա­րար­նե­րու, կու­սակ­ցա­պետ­նե­րու, ա­րո­ւես­տի մար­դոց եւ բա­րե­կամ­նե­րու։
­Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ու թաղ­ման կար­գին ներ­կայ ե­ղաւ ու հա­յա­սէր հան­գու­ցեա­լին յի­շա­տա­կը յար­գեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յին ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թիւ­նը, որ իր խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց հան­գու­ցեա­լի կո­ղա­կի­ցին, եր­կու զա­ւակ­նե­րուն ու ­Յու­նաս­տա­նի Մ­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­հիին՝ միու­թեան ու ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով։ Ար­ձա­նագ­րու­թիւն պա­հո­ւե­ցաւ նաեւ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ հան­գու­ցեա­լին յի­շա­տա­կը յար­գող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն ու միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու շար­քին։
­Բե­մադ­րի­չը ծնած էր 1926ին ու մեծ­ցած էր 1922ի ­Փոքր Ա­սիա­յէն յոյն եւ հայ ազ­գաբ­նակ­չու­թանց բռնի տե­ղա­հա­նու­թեան, աք­սո­րին ու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ազ­դե­ցու­թեան տակ ապ­րած ըն­տա­նե­կան մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, ուր Իզ­մի­րը մաս կը կազ­մէր իր ազ­գա­յին ապ­րում­նե­րուն, դաս­տիա­րա­կու­թեան, ցե­ղա­յին ժա­ռան­գա­կա­նու­թեան եւ «ան­մո­ռաց հայ­րե­նիք­նե­րու» պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հսկայ շղթա­յի մը ան­մո­ռա­նա­լի օ­ղա­կին։
­Պատ­մու­թիւ­նը ա­րո­ւես­տի վե­րա­ծե­լու ներ­դաշ­նակ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու հո­գե­կան պարտ­քի մղում­նե­րով՝ 1978ին պատ­րաս­տեց ու նկա­րա­հա­նեց «1922» խո­րագ­րեալ գու­նա­ւոր ժա­պա­ւէ­նը, որ կ’անդ­րա­դառ­նայ հա­մա­պա­տաս­խան նիւ­թի բո­վան­դա­կու­թեան, որ այժ­մէա­կան կը շա­րու­նա­կէ մնալ մին­չեւ այ­սօր, իր ար­ժէ­քա­յին խոր­քով, պատ­մա­կան վկա­յա­կո­չում­նե­րով ու սե­րունդ­նե­րու ապ­րած ող­բեր­գա­կա­նու­թեամբ։
­Թէեւ 40 տա­րի­ներ ան­ցած են այս ժա­պա­ւէ­նի ներ­կա­յա­ցու­մէն աս­դին, այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ բո­լորս կը յի­շենք, որ ժա­պա­ւէ­նի պատ­մու­թիւ­նը կը սկսի հա­յե­րու ճա­շա­կած ող­բեր­գու­թեամբ ու շա­րու­նա­կո­ւած դառն խժդժու­թիւն­նե­րով։
Այդ ժա­պա­ւէ­նը կը դա­սո­ւի ­Յու­նաս­տա­նի դա­սա­կա­նա­ցած ժա­պա­ւէն­նե­րու շար­քին, քա­նի պատ­մու­թիւնն ալ հիմ­նո­ւած է յոյն ա­նո­ւա­նի գրա­գէտ Ի­լիա ­Վե­նէ­զիի մէկ պատ­մո­ւած­քին վրայ՝ «­Թիւ 31328»ին։
1975ին, Ե­ղեռ­նի 60ա­մեա­կին ա­ռի­թով, երբ ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը նա­խա­ձեռ­նեց ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ու ա­րո­ւես­տի ակ­նա­ռու անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թիւն վկա­յա­կո­չող ստո­րագ­րա­հա­ւա­քի ար­շա­ւի մը, ա­պա­հո­վե­լով 59 ստո­րագ­րու­թիւն­ներ, ա­նոնց կար­գին ծա­նօթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ինչ­պէս՝ ­Գոս­թիս Ս­տե­ֆա­նո­փու­լոս, Եան­նիս ­Ռի­ցոս, ­Մի­քիս ­Թէո­տո­րա­քիս, ­Նի­քոս ­Գուն­տու­րոսն ալ ստո­րագ­րեց Ա­թէն­քի «­Մեծ» շրջա­նին մէջ իր ապ­րած բնա­կա­րա­նին մէջ, հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար զգա­յուն, յա­խուռն ու ար­դա­րա­միտ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ։
­Յար­գե­լի վար­պետ՝ «եր­թա՜ս բա­րով»։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը եր­բեք չի մոռ­նար իր ան­կեղծ բա­րե­կամ­նե­րը եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­նե­րով պի­տի յի­շէ քեզ յա­ւի­տեանս յա­ւի­տե­նից։

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ