Կ Ո Չ PHONETON-ի
Յարգելի հայրենակիցներ,
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Յունաստանի վարչութիւնը կոչ կ՚ընէ բոլոր սրտցաւ հայրենակիցներուն՝ խնդրելով, որ այս տարի եւս իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերեն տարեկան նուիրահաւաքի Ֆոնեթոնին:
Այս տարի Ֆոնեթոնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի՝ 19 Նոյեմբեր 2017ի առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:
Կամաւոր հայորդիներ հեռաձայնային կապով պիտի դիմեն ձեզի՝ ձեր նուիրատուութիւններու խոստումները խնդրելով: Վստահ ենք՝ ձեր սրտին հետ պիտի բանաք նաեւ ձեր քսակները, մասամբ ապաքինելու համար մեր հայրենի ժողովուրդին վէրքերը:
Այս տարուան ֆոնեթոնէն հաւաքուած գումարը պիտի տրամադրուի Արցախի «Խորքային հորերու հորատման» ծրագիրին, նշանաբան ունենալով՝
«ԲԵՐՔԱՌԱՏ ԱՐՑԱԽ»
«Հայաստան» Համահայկական
Հիմնադրամի Յունաստանի վարչութիւն