«Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։
Ան որ ինծի կը հաւատայ,
թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի։» (Յով. 11:25)
Աստուածորդիի հրաշափառ Յարութեան լոյսով կ՚ողջունեմ մեր հաւատաւոր ժողովուրդը։ Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։ Ահաւասիկ քառասնօրեայ պահեցողութեան աւարտին եւ Աւագ շաբթուան հոգեզմալ արարողութիւններու գագաթնակէտին, կը դիմաւորենք մարդկութեան շնորհուած մեծագոյն նուէրը` Քրիստոսի Յարութիւնը։
Մեր գիտակից կեանքի ընթացքին, բոլորս ալ բազմաթիւ անգամներ մասնակից դարձած ենք Յարութեան տօնին։ Նորութիւն մը չէ մեզի համար լսել եւ կամ խօսիլ անոր մասին։ Սակայն, նկատելի է, որ Յարութեան ամբողջական իմաստը սկսած է աղօտանալ։ Յիրաւի, Քրիստոսի Յարութիւնը սոսկ տօն չէ, այլ կեանքի ճշմարտութիւն։ Յարութիւնը կը վերահաստատէ եւ կ՚իմաստաւորէ ստեղծագործութեան ընթացքին Աստուծոյ սէրը մարդուն հանդէպ եւ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուելու գերագոյն շնորհքը։
Աստուածորդին իր Յարութեամբ մահուան դիմաց մեզ շնորհեց կեանք, մեղքի եւ ամօթի դիմաց՝ փառք եւ բաժանման դիմաց՝ հաշտութիւն։
Մարմնի եւ Հոգիի Յարութիւն
Ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին համար Քրիստոսի Յարութիւնը մեծագոյն տօնն է։ Աստուած իր յարութեամբ մահը ժառանգած մարդուն նոր կեանք պարգեւեց։ Քրիստոսի սա խօսքը «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յով. 11:25) իւրաքանչիւրիս կ՚աւետէ այն աստուածահաստատ ճշմարտութիւնը, թէ մահը յաղթուած է։ Եւ ինչպէս մեր Տէրը` Քրիստոս մարմնով յարութիւն առաւ, մենք ալ մարմնով յարութիւն պիտի առնենք։ Պօղոս առաքեալ կը յուշէ մեզ «բոլորս ալ Քրիստոսի ատեանին դիմաց պիտի կանգնինք, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր մարմինով ընդունի հատուցումը երկրի վրայ իր կատարած բարի կամ չար գործերուն» (Բ. Կոր. 5:10)։ Արդարեւ, յարուցեալ յաւիտենական կեանքի յոյսը ոչ թէ գաղափար այլ անուրանալի ճշմարտութիւն կը դառնայ։
Միւս կողմէ մարդկային մեր նիւթական եւ աշխարհիկ մտահոգութիւններէն մեկնելով եւ մարմի յարութեամբ տարուելով յաճախ մոռացութեան կը մատնենք հոգիի յարութիւնը եւ անոր կարեւորութիւնը։ Աստուածորդին իր յարութեամբ ոչ միայն մարմնական յարութիւնը շնորհեց այլ նաեւ հոգեւոր։ Առաքեալը կ՚ըսէ «Քրիստոսի հետ Աստուած ձե՛զ ալ կենդանացուց, քանի դուք հոգեւորապէս մեռած էիք ձեր մեղքերուն պատճառով» (Կող. 2:13): Այսօրուան գայթակղիչ աշխարհին մէջ իւրաքանչիւրս կը հրաւիրուինք հոգեւորապէս առողջ եւ կենդանի մնալ, ինչպէս որ Քրիստոս կ՚ըսէ «Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել։ Բայց դուք վախցէք մանաւանդ անկէ, որ կրնայ թէ՛ հոգին եւ թէ՛ մարմինը կորուստի մատնել դժոխքին մէջ» (Մտ. 10:28)։ Ստեղծագործութէնէն եւ մարդուն անհնազանդութէնէն ետք, Աստուած դարձեալ մարմնի եւ հոգիի յարութիւն շնորհեց մարդուն, վերահաստատելով իր Աստուածային սէրը բոլորիս նկատմամբ։
Փառքի եւ հաշտութեան Յարութիւն
Նախամարդը երբ դրախտէն աքսորուեցաւ կորսնցուց Աստուծոյ որդի ըլլալու փառքը եւ ժառանգեց մեղքի եւ տարագրութեան ամօթը։ Քրիստոս խաչին ամօթը յանձն առնելով եւ յարութեամբ պսակելով, ժառանգուած ամօթը փառքի վերածեց։ Առաքեալը կ՚ըսէ, «Մեր աչքերը յառենք Յիսուսի, մեր հաւատքի հիմնադիրին ու կատարելագործողին, որ գիտնալով թէ ի՛նչ ուրախութիւն կը սպասէ իրեն՝ արհամարհեց ամօթը, յանձն առաւ խաչի վրայ մեռնիլ, եւ Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ» (Եբր. 12:2)։ Այսօր Քրիստոսի յարութեամբ դարձեալ կը փառաւորուինք Աստուծոյ որդիները կոչուելով։ Եւ առաքեալը կը հաստատէ ըսելով, «Տեսէք, թէ ինչպիսի՜ սիրով Հայրը մեզ սիրեց, ուզելով որ Աստուծոյ որդիներ կոչուինք եւ արդարեւ Աստուծոյ որդիներն ենք» (Ա. Յվ. 3:1)։
Քրիստոսի յարութիւնը եղաւ նաեւ հաշտութեան յարութիւն։ Առանց Աստուծոյ, կեանքը կը կորսնցնէ իր իմաստը։ Նայինք անառակ որդիի պատմութեան. կեանքը իմաստ կը ստանայ երբ մեր գոյութենական բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ զԱստուած կը տեսնենք։ Եւ արդարեւ Աստուած Քրիստոսի յարութեամբ «մեզ իրեն հետ հաշտեցուց եւ նաեւ պաշտօն տուաւ մեզի` ուրիշներն ալ հաշտութեան բերելու» (Բ. Կոր. 5:18)։
Յարութեան այս տօնը, բոլորս կը լեցնէ անսահման ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ։ Մանաւանդ ի դիմաց Աստուծոյ անսահման սիրոյ երբ կը գիտակցինք եւ կը տեսնենք մահուան մէջ կեանք, ամօթի դիմաց փառք եւ արտաքսման դիմաց հաշտութիւն։
Սիրելիներ, Զատիկը`Սուրբ Յարութիւնը իւրաքանչիւրիս համար վերանորոգութեան, սիրոյ, կեանքի, փառքի եւ հաշտութեան տօն թող ըլլայ։ Հաւատքով լեցուինք, վայելելու համար Աստուծոյ ներկայութիւնը։
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։
Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի։
Աղօթարար,
ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմի










