«Էր­մե­նի­հա­պեր» լրա­տո­ւա­կան կայ­քը կը հա­ղոր­դէ, թէ ­Թուր­քիոյ քրտա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն ­Կու­սակ­ցու­թեան ­Պոլ­սոյ ե­րես­փո­խան ­Կա­րօ ­Փայ­լան դա­տա­խա­զու­թեան մօտ գան­գատ ներ­կա­յա­ցու­ցած է այն ցու­ցա­րար­նե­րուն դէմ, ո­րոնք ­Պոլ­սոյ մէջ ­Գեր­մա­

նիոյ հիւ­պա­տո­սա­րա­նի շէն­քին առ­ջեւ ի­րենց կա­տա­րած ցոյ­ցի ըն­թաց­քին գո­չած են. «Ա­մե­նա­լաւ հա­յը՝ մե­ռած հայն է»։

Ն­շեալ ցոյ­ցին դրդա­պատ­ճա­ռը ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու ո­րո­շումն էր։
Այս ո­րո­շու­մը թրքա­կան շրջա­նակ­նե­րէն ներս թշնա­մու­թեան շատ լուրջ ա­լիք մը ստեղ­ծեց ոչ միայն գեր­մա­նա­ցի­նե­րուն, այլ նաեւ հա­յե­րուն հան­դէպ։

Ըստ ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նի՝ ցոյ­ցին ներ­կայ ե­ղած շուրջ 200 ցու­ցա­րար­նե­րուն մեծ մա­սը ազ­գայ­նա­մոլ «­Գորշ Գայ­լեր»ու ան­դամ էր։
Կա­րօ ­Փայ­լան յայ­տա­րա­րած է, որ ա­սի­կա մարդ­կու­թեան դէմ ու ա­տե­լու­թեան ի նպաստ ցոյց մըն էր եւ, այդ պատ­ճա­ռով ալ, գան­գատ ներ­կա­յա­ցու­ցած է դա­տա­խա­զու­թեան մօտ։ Ան պա­հան­ջած է, որ դա­տա­խա­զու­թիւ­նը ստու­գէ այս ցու­ցա­րար­նե­րուն ինք­նու­թիւ­նը ու ա­տե­լու­թիւն սեր­մա­նե­լու յան­ցա­գոր­ծու­թեան հե­տապն­դում ի­րա­կա­նաց­նէ ա­նոնց նկատ­մամբ։