Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ­Շա­բաթ, 5 Ապ­րիլ 2025-ի ա­ռա­ւօ­տուն, Ի­մի­թօ լե­ռան վրայ, տե­ղի ու­նե­ցաւ խորհր­դանշա­կան ծա­ռատն­կում, ի յի­շա­տակ ­Հա­յոց ցե­ղասպա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն։
­Միու­թեան ­Վա­րիչ մարմ­նոյ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կա­րո­ղա­ցաւ հա­մախմ­բել տա­սնեակ պա­տա­նի­ներ, Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­ներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան շար­քե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բե­րու պա­տա­նի­նե­րը։ ­Յատ­կան­շա­կան էր ծնող­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք քա­ջա­լե­րե­ցին ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն եւ միաս­նա­բար լծո­ւե­ցան խորհր­դան­շա­կան ծա­ռատն­կու­մին, տուրք մա­տու­ցե­լով ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։
­Պա­տա­նե­կան միու­թեան կող­մէ նա­խօ­րօք ծա­ւա­լած քա­րոզ­չա­կան կո­չը իր ար­ձա­գան­գը գտաւ նոր սե­րուն­դի տղոց մօտ, ո­րոնց բազ­մա­մարդ ներ­կա­յու­թիւ­նը խրա­խու­սիչ ե­րե­ւոյթ մըն էր եւ յար­մար սկիզ­բը՝ ա­պա­գա­յին եւս կրկնե­լու նմա­նօ­րի­նակ աշ­խա­տանք­ներ։
­Ծա­ռատն­կու­մի կազ­մա­կերպ­չա­կան նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւ­նը ստանձ­նած էր ­Վի­րո­նա­յի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ Ի­մի­թօ լե­ռան մերձ գտնո­ւող քա­ղա­քա­պե­տու­թիւն­նե­րու յա­տուկ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, ո­րուն ա­ռա­քե­լու­թիւնն է լե­ռան կա­նա­չա­զարդ գե­ղեկ­ցու­թեան բնա­պահ­պա­նու­մը։ ­Քա­ղա­քա­պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը տրա­մադ­րե­ցին մեծ թի­ւով նո­րա­ծիլ թու­փեր, ո­րոնք տնկո­ւե­ցան մեր պա­տա­նի­նե­րուն ձեռ­քով։
­Տեղ­ւոյն վրայ, ­Վա­րիչ մարմ­նոյ ա­նու­նով ծա­ռատն­կու­մին մա­սին խօ­սե­ցաւ ընկ. ­Ժան­նա ­Յով­սէ­փեան, որ բա­ցատ­րեց նպա­տա­կը եւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յար­գե­լու պա­տա­նի­նե­րու գո­վե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։
­Յա­ջոր­դա­բար, բո­լո­րը միա­սին՝ պա­տա­նի­ներ եւ ծնող­ներ, մէկ առ մէկ լծուե­ցան ծա­ռատն­կու­մի աշ­խա­տան­քին, հե­տե­ւե­լով մաս­նա­գէտ­նե­րու ցուց­մունք­նե­րուն եւ կա­տա­րե­լով անհ­րա­ժեշտ աշ­խա­տան­քը իւ­րա­քան­չիւր ծա­ռի յա­ջող զե­տեղ­ման հա­մար։ ­Հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ, զե­տե­ղո­ւե­ցան ա­ւե­լի քան 110 թու­փեր։ ­Հոս պէտք է նշել, թէ Ի­մի­թո­յի ծա­ռատն­կու­մի տե­ղը կը գտնո­ւի ­Գա­րէա­յի հա­յա­շատ շրջա­նի ծայ­րա­մա­սը, որ նաեւ ժո­ղո­վուր­դի ժա­ման­ցի եւ ըն­տա­նե­կան պտոյ­տի վայր մըն է։
­Յատ­կան­շա­կան էր, որ ե­լոյ­թի պա­հուն, մեծ թի­ւով օ­տար­ներ, ո­րոնք ի­րենց պտոյ­տը կ­՚ը­նէին նոյն վայ­րէն ներս, խրա­խու­սուած լսո­ւած խօս­քե­րէն եւ պա­տա­նի­նե­րու հա­մախմ­բու­մէն, ա­նոնք եւս մաս­նա­կից դար­ձան ծա­ռատն­կու­մին եւ գնա­հա­տե­ցին կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը։ Ա­ռա­ւել, իւ­րա­քան­չիւր թու­փին վրայ զե­տե­ղո­ւե­ցաւ փոքր ար­ձա­նագ­րու­թիւն մը, ուր նշո­ւած է ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին հա­մար ի­րա­գոր­ծուած ծա­ռատն­կու­մը։
­Քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու գնա­հա­տան­քի խօս­քե­րը ան­պա­կաս ե­ղան, շնոր­հա­ւո­րե­լով Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։
­Մեր ապ­րած մի­ջա­վայ­րի բնա­պահ­պա­նու­թեան սա­տա­րող նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, մաս­նա­ւո­րա­բար նոր սե­րուն­դին կող­մէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­ժա­ման­ցե­լի յի­շո­ղու­թեան նպաս­տող յար­գան­քի իւ­րա­յա­տուկ խո­նար­հում ե­ղաւ։