Ծաղկազարդի տօնին առիթով կը տեղեկացնենք մեր սիրելի ժողովուրդին, թէ Կիրակի, 9 Ապրիլ 2023-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագը, Դռնբացէքի արարողութիւններուն պիտի հանդիսապետէ եւ իր հայրական պատգամը փոխանցէ Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Ուստի կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ եւ սիրելի ժողովուրդը, որպէսզի ներկայ գտնուին սոյն արարողութիւններուն, աղօթակից դառնան մեզի եւ ունկնդրեն Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամները:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ «Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ» ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ