ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ՝ Հնազանդութեամբ տարուած յաղթանակը

0
35

­Հա­մադ­րեց՝ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան

«Ցն­ծա’, ով Ե­րու­սա­ղէմ, եւ ­զար­դա­րէ քու բնա­կա­րան­ներդ, ո’վ ­Սիոն, քան­զի ա­հա քու թա­գա­ւորդ Ք­րիս­տոս, ա­ւա­նա­կի վրայ նստած՝ հե­զու­թիւն ցուց­նե­լով,
քու բնա­կա­րան­ներդ մտնե­լու կու գայ: Եւ մենք ա­ղա­ղա­կենք.- Ով­սան­նա,
օրհ­նեալ է ա’ն, որ ­Տի­րո­ջը ա­նու­նով կու գայ, որ ու­նի մեծ ո­ղոր­մու­թիւն:»

­Ժա­մա­մուտ

­Մեծ պա­հոց վեր­ջին Կի­րա­կին կը կո­չո­ւի ­Ծաղ­կա­զարդ։
­Ծաղ­կա­զար­դի ­Կի­րա­կի օ­րո­ւան Ա­ւե­տա­րա­նը մե­զի կը պատ­մէ Ք­րիս­տո­սի կեան­քին հետ կա­պո­ւած շարք մը դէպ­քեր՝ ­Ղա­զա­րո­սի յա­րու­թիւ­նը եւ ­Յի­սու­սի հան­դի­սա­ւոր մուտ­քը Ե­րու­սա­ղէմ: Երբ ­Յի­սուս ա­ւա­նա­կին վրայ նստած մուտք կը գոր­ծէ Ե­րու­սա­ղէմ, ժո­ղո­վուր­դը խան­դա­վառ ըն­դու­նե­լու­թիւն ցոյց կու տայ ա­նոր՝ ձի­թե­նիի եւ ար­մա­ւե­նիի ճիւ­ղե­րով դի­մա­ւո­րե­լով զինք։ Ա­նոնք նոյ­նիսկ ի­րենց հա­գուստ­նե­րը կը փռեն գե­տին, որ­պէս­զի ­Յի­սուս ա­նոնց վրա­յէն անց­նի։
Երբ ­Յի­սուս տա­ճար կը մտնէ, կը տես­նէ, որ շու­կա­յի վե­րա­ծո­ւած է ան, ան­մի­ջա­պէս կը մաք­րէ տա­ճա­րը եւ բո­լո­րին կը հասկց­նէ, որ տա­ճա­րը միայն ա­ղօթ­քի վայր է։
Ծաղ­կա­զար­դի ­Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թեան ըն­թաց­քին կը բա­ցո­ւի քա­ռա­սուն օ­րեր փակ մնա­ցած ­Խո­րա­նը։ ­Ծաղ­կա­զար­դի օ­րը, Ան­դաս­տա­նի ժա­մա­նակ, կ’օրհ­նուին ձի­թե­նիի ճիւ­ղե­րը եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ օրհ­նո­ւած ձի­թե­նիի ոս­տե­րը տուն կը տա­նին։
­Հին ա­տեն, ­Ծաղ­կա­զար­դի օ­րը տօ­նա­կա­տա­րու­թեան զա­նա­զան սո­վո­րու­թիւն­ներ կա­յին։ ­Բայց այ­սօր բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ, ­Սուրբ եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, կը կա­տա­րո­ւի միայն հան­դի­սա­ւոր թա­փօ­րը։
Մա­նուկ­ներ նոր զգեստ­ներ հա­գած, ձեռ­քեր­նուն զար­դա­րո­ւած մոմ բռնած՝ ի­րենց ծնող­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղե­ցի կու գա­յին ու կը մաս­նակ­ցէին թա­փօ­րին։
­Նախ­քան տուն մեկ­նի­լը՝ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը օրհ­նո­ւած ճիւ­ղեր կը վերց­նէին ի­րենց հետ, ինչ­պէս նաեւ՝ վա­ռած մո­մեր։ ­Մո­մե­րը կը տա­նէին գե­րեզ­ման եւ կը հաս­տա­տէին ի­րենց հան­գու­ցեա­լի գե­րեզ­մա­նա­քա­րին վրայ։
Ինչ կը վե­րա­բե­րի ճիւ­ղե­րուն, ա­նոնց կը վե­րագ­րո­ւէր չար­խա­փա­նի կա­րո­ղու­թիւն եւ ա­ռա­տաց­նո­ղի զօ­րու­թիւն։ ­Տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ա­նոնք կ’օգ­տա­գու­ծէին բազ­մա­թիւ ա­ռիթ­նե­րով, մին­չեւ յա­ջորդ ­Ծաղ­կա­զարդ։ Այդ ճիւ­ղե­րէն կը նե­տէին մթերք­նե­րու կա­րաս­նե­րուն մէջ, զա­նոնք կ’օգ­տա­գոր­ծէին կա­րագ հա­րե­լու ժա­մա­նակ. վեր­ջա­պէս, զա­նոնք հիւ­սե­լով՝ օ­ղակ կը պատ­րաս­տէին, մէ­ջէն կ’ան­ցը­նէին հա­ւե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք գիր­նան:

­Ծաղ­կա­զար­դի հետ կա­պո­ւած ժո­ղովր­դա­յին ա­ւան­դու­թիւն­ներ

­Քե­սա­պի մէջ ­Ծաղ­կա­զար­դի նա­խօ­րեա­կին եօ­թը տե­սակ բու­րում­նա­ւէտ խո­տեր եւ ծա­ղիկ­ներ կը դնէին ջու­րով լե­ցուն ա­մա­նի մը մէջ, այդ ջու­րը կը կո­չո­ւէր «Եութն­յուս»։ ­Ծաղ­կա­զար­դի առ­տուն, ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը այդ ջու­րով կը լո­ւա­ցո­ւէին։
— ­Ջա­ւախ­քի մէջ ու­ռե­նիի ճիւ­ղե­րով զի­րար կը զար­նէին ը­սե­լով՝ «­Քա­մու տեղ, սրտի դեղ», յու­սա­լով, որ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը կը բու­ժո­ւին եւ կամ հե­ռու կը մնան։
Ինչ­պէս նաեւ, փո­թո­րի­կի ժա­մա­նակ տու­նը պա­հո­ւած եր­կու ճիւ­ղեր կը խա­չա­ձե­ւէին եւ կրա­կը կը նե­տէին փո­թո­րի­կը կեց­նե­լու յոյ­սով։
— ­Վաս­պու­րա­կա­նի մէջ կը հա­ւա­տա­յին, որ ե­թէ ­Ծաղ­կա­զար­դին ու­ռե­նի­ներ տնկեն, հե­տա­գա­յին ա­նոնց ճիւ­ղե­րով հրաշք­ներ կրնան գոր­ծել։

Օ­րո­ւան ­Խորհր­դա­ծու­թիւ­նը.-

Յա­ռա­ջի­կայ շա­բա­թը Ք­րիս­տո­նէա­կան մեծ յաղ­թա­նա­կի շա­րաթն է, եւ ­Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նը՝ նա­խա­մուտն է այն դէպ­քե­րուն, ո­րոնց բո­լորն ալ կ­‘ուղ­ղո­ւէին դէ­պի մէկ գլխա­ւոր նպա­տակ, այ­սինքն կեան­քի յաղ­թա­նա­կը:
­Ծաղ­կա­զար­դի ներշն­չու­մը կրնա՞յ զմեզ քա­ջա­լե­րել որ մեր գիտ­ցած ճշմար­տու­թիւն­նե­րուն հա­ւա­տա­րիմ եւ հնա­զանդ գտնո­ւինք:
Հոգ չէ թէ որ­քան կը գնա­հա­տո­ւինք մեր շուր­ջին­նե­րէն…:
Այն ժո­ղո­վուր­դը, որ ­Ծաղ­կա­զար­դի օ­րը «Ով­սան­նա» կ­‘եր­գէր ար­մա­ւե­նիի ճիւ­ղե­րով դի­մա­ւո­րե­լով Ե­րու­սա­ղէմ մտնող Ք­րիս­տո­սը, եւ հան­դերձ­նե­րը փռե­լով ա­նոր ճամ­բուն վրայ, քա­նի մը օր վերջ «­Խաչ հա­նէ՛, ­Խաչ հա­նէ՛» պի­տի պո­ռար ա­տե­լու­թեամբ:
­Բայց ­Յի­սուս ո’չ ­ժո­ղո­վուր­դին ծափ ու գով­քէն ազ­դուե­ցաւ, ո’չ­ ալ նա­խա­տին­քէն, այլ իր ճամ­բուն հե­տե­ւե­ցաւ անխ­ռով:
­Բո­լոր ա­նոնք որ մեծ քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­ներ կա­տա­րած են, նախ՝ հնա­զան­դիլ գիտ­ցող­ներ ե­ղած են:
Հ­ռո­մէա­ցի­նե­րուն մեծ նշա­նա­բանն էր այս խoս­քը, որ ի­րենց զա­ւա­նե­րուն կը սոր­վեց­նէին. — «­Նախ հնա­զան­դիլ սո­րո­ւիլ՛, որ­պէս­զի վեր­ջը հրա­մա­յել գիտ­նալ»:
Կր­նա՞նք ուխ­տել որ այ­սու­հե­տեւ մեր բո­լոր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մէջ հա­ւա­տա­րիմ եւ հնա­զանդ գտնուինք:
Մեր կեան­քին մէջ ի­րա­գոր­ծել ­Ծաղ­կա­զար­դի մեծ նշա­նա­կու­թիւ­նը.- ան­վա­խօ­րէն հե­տա­մուտ ըլ­լալ նպա­տա­կի մը կամ կո­չու­մի մը:
«Ո՞րն է ա­մե­նէն մեծ քա­ջա­գոր­ծու­թիւ­նը, որ ան­հատ մը կրնայ ը­րած ըլ­լալ» Ու­ղի­ղը գոր­ծել, երբ նոյ­նիսկ կը վախ­նանք զայն գոր­ծե­լէ եւ ստանձ­նել ա­նոր լրիւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը…:

Այ­սօր՝ ի՞նչ բա­նի եւ ո­րու՞ հնա­զան­դիլ…