(­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 107-րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով)

­Հայ սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին դարբ­նու­մին մէջ 1918-ի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րը կը շա­րու­նա­կէ ներշն­չել ու ա­ռաջ­նոր­դել։
28 ­Մա­յիս 1918-ին կեր­տուած պե­տա­կա­նու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ կը մնայ որ­պէս հե­րո­սա­կան ու պատ­մա­կան մե­ծա­գոյն հանգրո­ւա­նը։ Իսկ այ­սօր, ան պէտք չէ միայն պատ­մու­թեան դա­սա­գիր­քե­րու կամ յա­ւուր պատ­շա­ճի ու­ղերձ­նե­րու սահ­մա­նին մէջ մնայ, այլ պէտք է դառ­նայ ներշն­չում նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն, ո­րոնք կանգ­նած են աշ­խար­հա­քա­ղա­կան նոր պա­հանջ­նե­րու դի­մաց։
­Հա­յաս­տան ներ­կա­յիս կը դի­մագ­րա­ւէ բազ­մա­կող­մա­նի մար­տահ­րա­ւէր­ներ. ար­տա­քին՝ Ար­ցա­խի կո­րուս­տէն ու սահ­մա­նա­յին սպառ­նա­լիք­նե­րէն սկսեալ, մին­չեւ ներ­քին՝ հա­սա­րա­կու­թեան պա­ռակ­տում, վստա­հու­թեան կո­րուստ եւ յու­սա­հա­տու­թիւն։
Ի զուր պի­տի փոր­ձեն թշնա­մի­նե­րը ար­ժեզր­կել այ­սօ­րուան ­Հա­յաս­տա­նի լի­նե­լու­թեան խոր­հուր­դը, պար­տադ­րե­լով զի­ջում­ներ եւ նա­հանջ ազ­գա­յին մեր սկզբունք­նե­րէն։ Ի զուր մե­րօ­րեայ հայ­րե­նի վար­չա­խում­բէն կը լսո­ւին պար­տո­ւո­ղա­կան ձայ­ներ, ո­րոնք ան­պայ­ման չեն ա­ռաջ­նոր­դո­ւած այս­պէս կո­չուած «ռէալ-փո­լի­թիք»-ի մի­ջազ­գա­յին ըն­կա­լում­նե­րով, այլ կը փոր­ձեն ընդ­միշտ ջլա­տել հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան եւ ի­րա­ւա­կան ձեռք­բե­րում­նե­րու զի­նա­նո­ցը։
28 ­Մա­յիս 1918-ի պե­տա­կան հիմ­նա­շէն­քը ստեղ­ծեց նա­խա­տիպ մը՝ ժո­ղովր­դա­վար, ինք­նիշ­խան, ինք­նավս­տահ պե­տու­թեան մը, ուր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը ոչ միայն քա­ղա­քա­կան, այ­լեւ բա­րո­յա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն կը կրէին։ Այ­սօ­րուան ­Հա­յաս­տա­նի ա­մե­նա­մեծ բաց­թո­ղում­նե­րէն մէ­կը վստա­հու­թեան ճգնա­ժամն է հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քին հան­դէպ։ 28 ­Մա­յի­սի գրա­ւա­կա­նը կը յի­շեց­նէ, որ վստա­հու­թիւ­նը կ­՚են­թադ­րէ սե­րունդ­նե­րու զո­հո­ղու­թիւն, պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն եւ հա­ւա­տար­մու­թիւն՝ հան­րա­յին նպա­տա­կին։
Այ­սօր՝ 21-րդ ­դա­րու ազ­գա­յին ա­լե­կո­ծու­մի օ­րե­րուն, երբ ­Հա­յաս­տանն ու ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը կը գտնո­ւին քա­ղա­քա­կան, անվ­տան­գա­յին եւ բա­րո­յա­կան ա­նո­րո­շու­թեան մէջ, 1918-ի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պատ­գա­մը ա­ւե­լի քան եր­բեք կեն­սա­կան է։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, 1918-ի պե­տա­կա­նու­թեան փոր­ձը կը դառ­նայ հիմ­նա­րար ու­ղե­ցոյց։ Ան մեզ կը յու­շէ, որ ան­կա­խու­թիւ­նը նպա­տակ չէ միայն, այլ՝ ա­մե­նօ­րեայ պայ­քար եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն։ Ան նաեւ կը հաս­տա­տէ, որ փոքր ժո­ղո­վուրդ մը կրնայ դառ­նալ մեծ, երբ ու­նի ար­ժա­նա­պա­տիւ ղե­կա­վար­ման ձգտում, հա­ւա­քա­կան կամք եւ տես­լա­կան։
­Նոր սե­րունդ­նե­րը պար­տին ըմբռ­նել, թէ ի­րենց ձեռ­քե­րուն մէջ է մեր պե­տու­թեան ա­պա­գան։ Ա­նոնք պէտք է դա­սեր քա­ղեն 1918-ի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դի­մագ­րա­ւած պատ­մա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րէն, բայց նաեւ ո­գե­ւո­րո­ւին ա­նոր փա­ռա­պանծ յաղ­թա­նակ­նե­րով։
Ան­կա­խու­թիւ­նը պէտք է ընդ­միշտ վե­րար­ժե­ւո­րել՝ հպար­տու­թեամբ ու յանձ­նա­ռու­թեամբ։ 28 ­Մա­յիս 1918-ն ­միայն պատ­մա­կան օր չէ. ան հայ մար­դու հա­ւատ­քին, հե­րո­սա­պա­տում­նե­րուն, տո­կու­նու­թեան եւ տես­լա­կա­նա­յին կամ­քի խորհր­դա­նիշն է։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը թող մեր սե­րունդ­նե­րուն ու­ղե­ցոյց ըլ­լայ. ո­րով­հե­տեւ ազգ մը, որ կը յի­շէ, նաեւ յա­ւերժ կ­՚ապ­րի։
Այս է սար­տա­րա­պա­տեան սե­րուն­դի թո­ղած ան­փո­խա­րի­նե­լի ժա­ռան­գու­թիւ­նը: