­Խաղ, ժ­պիտ եւ գունեղ սկիզբ. Համահելլէնական մարմնամարզի օրը

0
50

Ա­ՆԻ Ա­ԲԻ­ԿԵԱՆ

­­Սեպ­տեմ­բե­րը միշտ ու­նի իր իւ­րա­յա­տուկ, ո­գեշն­չող կա­խար­դան­քը. ե­ղա­նակ մը ուր դպրոց­նե­րու վե­րա­բա­ցու­մը իր հետ կը բե­րէ նոր սկիզ­բի մը յոյսն ու քաղցր սպա­սու­մը: ­­Բայց այս կա­խար­դան­քին մէջ, ան­շուշտ, կան նաեւ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ. յատ­կա­պէս այն փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով դպրոց կը յա­ճա­խեն ու քայլ առ քայլ կ­­՚ըն­տե­լա­նան դպրո­ցա­կան նոր մի­ջա­վայ­րին:
­Մեր կրթա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ծի­րէն ներս, երբ կը հա­մադ­րենք մեր տա­րե­կան ծրագ­րու­մը, լիո­վին գի­տա­կից ենք թէ՛­ման­կա­կան այս նուրբ յոյ­զե­րուն եւ թէ՛ ար­դի աշ­խար­հի նոր պա­հանջ­նե­րուն: ­­Յա­ճախ կ­­՚ար­ծար­ծո­ւին այն բազ­մա­թիւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, որ հայ դպրո­ցը կը դի­մագ­րա­ւէ այ­սօր, սա­կայն մեր կրթա­կան աշ­խա­տան­քը կը հիմ­նո­ւի դրա­կան եւ լա­ւա­տես տես­լա­կա­նի մը վրայ՝ մշտա­պէս որ­դեգ­րե­լով յու­սադ­րող եւ ստեղ­ծա­գործ մօ­տե­ցում մը: ­­Մեր ջան­քը կը մի­տի ե­րե­խա­յին ա­ռօ­րեան հե­ռաց­նե­լու «պար­տադ­րան­քի» ո­րե­ւէ զգա­ցու­մէ եւ զայն վե­րա­ծե­լու ան­կեղծ ու­րա­խու­թեան ու քաղցր յայտ­նա­գոր­ծու­թեան: ­­Բուն դրա­կան եւ ստեղ­ծա­գործ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ար­դէն իսկ ա­մե­նա­յու­սադ­րող պա­տաս­խանն է բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, եւ լա­ւա­գոյն ու­ղին  դէ­պի ա­պա­գայ:
­Ճիշդ այս ո­գիով, չենք մոռ­նար նաեւ, որ մի­ջազ­գա­յին եւ հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րե­րը ու­նին յստակ ու­սու­ցո­ղա­կան ու դաս­տիա­րակ­չա­կան նպա­տակ, որ կը ջա­նանք պահ­պա­նել, հե­տե­ւիլ ա­նոր քայ­լե­րուն եւ հայ­կա­կան շուն­չով հարս­տաց­նել: Ա­հա այս լա­ւա­տե­սու­թեամբ եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ, 25 ­­Սեպ­տեմ­բե­րին, Հ.Կ. Խ-ի, ­­Զա­ւա­րեան ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի  «­­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէ­զի ու­սուց­չա­կան կազ­մը գե­ղե­ցիկ եւ աշ­խոյժ յայ­տա­գիր մը կազ­մա­կեր­պեց՝ նշե­լու ­­Հա­մա­հել­լէ­նա­կան Դպ­րո­ցա­կան ­­Մարմ­նա­մար­զի օ­րը։ Այս ա­ռի­թով,  ու­րա­խու­թիւ­նը  ու­նե­ցանք  մեր յար­կէն ներս հրա­ւի­րե­լու Հ.Կ.Խ-ի «Ար­թին ­­Գա­լուս­տեան» ման­կա­պար­տէ­զի մեր փոքր ըն­կեր­նե­րը։ Ա­նոնք սի­րով ըն­դա­ռա­ջե­ցին մեր հրա­ւէ­րին եւ այդ օր մեր սի­րե­լի կրթօ­ճա­խը իր ջերմ գիր­կը բա­ցաւ՝ սկիզբ տա­լով գու­նեղ եւ ստեղ­ծա­գործ տա­րեշր­ջա­նի մը:
­Կազ­մե­լով մեծ ու սի­րա­լիր շրջա­նակ մը՝ միաս­նա­բար սու­զո­ւե­ցանք Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու աշ­խար­հին մէջ, բա­ցա­յայ­տե­լով մար­զա­կան ո­գիին, ըն­կե­րա­սի­րու­թեան եւ ­գոր­ծակ­ցու­թեան գե­ղե­ցիկ ար­ժէք­նե­րը: Այս քաղցր մթնո­լոր­տին մէջ ծա­նօ­թա­ցանք աշ­խար­հի ցա­մա­քա­մա­սե­րուն եւ խա­ղի ճամ­բով, գե­ղե­ցիկ կեր­պով, մէկ­տե­ղե­ցինք տար­բեր եր­կիր­նե­րու դրօ­շակ­նե­րը:
Այս գոյնզ­գոյն ճամ­բոր­դու­թե­նէն ետք, մթնո­լոր­տը լե­ցո­ւե­ցաւ շար­ժուն խա­ղի ու­րա­խու­թեամբ: ­­Փոք­րիկ­նե­րը, ի­րենց ձեռ­քե­րուն մէջ ծա­ծա­նե­լով դրօ­շակ­նե­րը, հպար­տօ­րէն տո­ղան­ցե­ցին բա­կին մէջ: Ա­պա, մար­զա­կան ե­ռու­զե­ռը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ խորհր­դան­շա­կան ջա­հա­վազ­քով, բազ­մա­տե­սակ մար­զա­կան խա­ղե­րով, ու­րախ ցատ­կե­րով, զո­ւար­ճա­լի ար­գելք­ներ անց­նե­լով եւ օ­դին մէջ պա­րող գու­նա­ւոր ժա­պա­ւէն­նե­րով:
­Գե­ղե­ցիկ պա­հե­րուն ըն­թաց­քին ա­մէն ինչ կը հնչէր այն­քան բնա­կան ու սա­հուն, որ մա­նուկ­նե­րը զի­րենք զգա­ցին կա­տա­րե­լա­պէս ա­պա­հով եւ ան­կաշ­կանդ: Ա­նոնք դէմ­քի պայ­ծառ ժպի­տով ու ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէին յա­ջորդ խա­ղին՝ տա­րո­ւած միայն խա­ղա­լու եւ ու­րա­խա­նա­լու խան­դա­վա­ռու­թեամբ :
Ս­տեղ­ծո­ւած  ջերմ մթնո­լոր­տը ինք­նին խո­րա­պէս յու­զիչ էր, քա­նի որ ու­րա­խու­թիւ­նը միայն փոք­րիկ­նե­րու­նը չէր։ ­­Մե­զի՝ մե­ծե­րուս եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուս հա­մար ալ մե­ծա­գոյն խան­դա­վա­ռու­թիւն էր տես­նել, թէ ինչ­պէս բո­լորս անխ­տիր ե­կանք ի­րա­րու այս­քան մօտ։ Օ­րո­ւան իս­կա­կան խոր­հուր­դը այդ հա­ւա­քա­կան «միա­սին»-ն­ էր, իւ­րա­քան­չիւր մա­նու­կի ան­հա­տա­կան եր­ջան­կու­թիւ­նը եւ այն ջեր­մու­թիւ­նը, որ­մով հայ կրթօ­ճա­խի գիր­կը մեծ­ցաւ ու փա­րե­ցաւ բո­լո­րիս:
­Տես­նել այս­պի­սի կեն­դա­նի, յու­սադ­րող ու լոյ­սով լե­ցուն հայ դպրոց մը՝ լա­ւա­գոյն սկիզբն է: ­­Բա­րի, ստեղ­ծա­գործ եւ ժպիտ­նե­րով լե­ցուն կրթա­կան տա­րեշր­ջան կը մաղ­թեմ բո­լո­րիս: