«­­Լոյս ի լու­սոյ ի ­­Հօ­րէ ա­ռա­քե­ցար եւ մարմ­նա­ցար ի սուրբ կու­սէն, 
զի վերս­տին նո­րո­գես­ցես զա­պա­կա­նեալ ա­դամ»
«­­Լոյ­սէն ­­Լոյս` ­­Հօր­մէ ղրկո­ւե­ցար եւ ­­Սուրբ ­­Կոյ­սէն մարմ­նա­ցար,
որ­պէս­զի ա­պա­կա­նած Ա­դա­մը վերս­տին նո­րո­գես»

­­Շա­րա­կան

Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն բիւր օրհ­նու­թեամբ եւ Աս­տո­ւա­ծոր­դիի ծննդեան ա­ւե­տի­սի խնդակ­ցու­թեամբ կ­­՚ող­ջու­նենք ­­Յու­նաս­տա­նի մեր սի­րե­լի հա­ւա­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը։
­­Փառք եւ գո­հու­թիւն կը յայտ­նենք լոյս Աս­տու­ծոյ, որ այս տա­րի Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծնն­դեան տօ­նա­կան օ­րե­րը որ­պէս նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նորդ ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց թե­մի կը դի­մա­ւո­րենք մեր թե­մի զա­ւակ­նե­րուն հետ։
Կ­­՚ող­ջու­նենք ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց թե­մի հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը, Ազ­գա­յին օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր մար­մին­նե­րը, ­­Թա­ղա­կան խոր­հուրդ­նե­րը եւ ­­Հո­գա­բար­ձու­նե­րը, ­­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րը, ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր` սար­կա­ւագ­նե­րը, դպիր­նե­րը եւ դպրաց դա­սի ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մեր գոր­ծա­կից միու­թիւն­նե­րը։
­­Մեր ­­Տի­րոջ ­­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ծնուն­դը Աս­տու­ծոյ եւ մար­դուն մի­ջեւ նոր յա­րա­բե­րու­թիւն եւ մտեր­մու­թիւն ստեղ­ծեց, մեզ հրա­ւի­րեց լու­սա­ւո­րուիլ միտ­քով եւ հո­գիով։

­­Լոյ­սի որ­դի­ներ
Աս­տո­ւած իր մար­դե­ղաց­մա­մաբ նոր լու­սա­ւո­րու­թիւն բե­րաւ մեզ։ Ք­րիս­տոս կ­­՚ը­սէ «ես եմ լոյ­սը աշ­խար­հի» (­­Յով. 8:12) եւ ա­ռա­քեա­լը կը յի­շեցնէ «դուք բո­լորդ լոյ­սի որ­դի­ներ էք»։ (Ա. Թս. 5:5) ­­Յի­սուս մա­նու­կի ծնուն­դը ոչ միայն ա­ւե­տեց Աս­տու­ծոյ հրա­շա­փառ մար­դե­ղա­ցու­մը, այլ նաեւ մեր մարդ­կա­յին բնու­թեան լոյ­սով ճա­ճան­չու­մը։
­­Լոյ­սը կեանք է, ուժ է։ Ինչ­պէս որ, ա­րե­գա­կը իր լոյ­սով կեանք կու տայ բնու­թեան նոյն­պէս ալ Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թեամբ մեր միտքն ու հո­գին կը կեն­սա­ւո­րո­ւին, կը լու­սա­ւո­րո­ւին։
­­Մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը փո­խա­նակ իր գերա­րագ զար­գա­ցում­նե­րը եւ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման հա­կում­նե­րը օգ­տա­գոր­ծէ ­­Լոյ­սին եր­թա­լու, Ճշ­մա­րի­տը ճանչ­նա­լու, հետզ­հե­տէ կը հե­ռա­նայ ճշմա­րիտ լոյ­սէն։ Ք­րիս­տո­սի սա խօս­քը «­­Լոյ­սը աշ­խարհ ե­կաւ, բայց մար­դիկ խա­ւա­րը լոյ­սէն ա­ւե­լի սի­րե­ցին» (­­Յով. 3:19) այ­սօր եւս հա­րա­զա­տու­թեամբ կը հնչէ:
­­Յի­սուս ման­կան ծնուն­դը մեզ դար­ձեալ կը յի­շեց­նէ լոյ­սի որ­դի­ներ ըլ­լա­լու օրհ­նու­թիւ­նը եւ կը հրա­ւի­րէ ոչ միայն լու­սա­ւո­րո­ւիլ, այլ նաեւ լու­սա­ւո­րել մեր շրջա­պա­տը, եւ այդ լոյ­սը սի­րով կը ճա­ռա­գայ­թէ։
­­Յա­ճախ կը լսենք սի­րոյ մա­սին, ա­նոր կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, բա­րո­յա­կան ար­ժէ­քի մա­սին, եւ շատ յա­ճախ կը մոռ­նանք, թէ սէ­րը սոսկ զգա­ցում չէ այլ ըն­կե­րա­յին կեան­քի հիմ­նա­կան սիւ­նե­րէն մէ­կը։
— ­­Սի­րել պէտք է նշա­նա­կէ համ­բե­րել։ Այ­սօ­րո­ւան ըն­կե­րա­յին կեան­քի վազ­քը ներ­թա­փան­ցո­ւած է մեր հա­ւատ­քի եւ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, ե­րե­ւու­թա­պէս շատ պարզ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ նոյ­նիսկ չենք հան­դուր­ժեր ի­րար։ Ա­ռա­քեա­լը կ­­՚ը­սէ «միշտ համ­բե­րա­տար ե­ղէք եւ ձեր սէ­րը ցոյց տո­ւէք` հան­դուր­ժե­լով ի­րա­րու»։ (Եփ. 4:2) ­­Հե­տե­ւա­բար, սի­րել չի նշա­նա­կեր լոկ իւ­րա­յա­տուկ զգա­ցում­նե­րով լե­ցո­ւիլ այլ նաեւ՝ հան­դուր­ժո­ղու­թեամբ եւ համ­բե­րու­թեամբ ապ­րիլ բո­լո­րին հան­դէպ, մարմ­նա­ւո­րե­լով սէ­րը կեան­քին մէջ։ Ա­ռա­քեա­լը եւս մեզ կը յի­շեց­նէ ը­սե­լով, «սէր ու­նե­ցո­ղը համ­բե­րա­տար կ­­՚ըլ­լայ»: (Ա. Կրթ. 13:4)
— ­­Սի­րել պէտք է նշա­նա­կէ ըն­դու­նիլ մեր նմա­նը։ ­­Մեր կեան­քի մե­ծա­գոյն պայ­քա­րը ե­ղած է ոչ թէ սի­րոյ պա­կա­սը, այլ իր շատ պար­զու­թեան մէջ ըն­դու­նիլ մեր դի­մա­ցի­նը իր սխալ­նե­րով, իր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րով, իր թե­րու­թիւն­նե­րով կամ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րով։ ­­Յով­հան­նէս ա­ւե­տա­րա­նի շնա­ցող կնոջ մա­սին պատ­մող դրո­ւա­կին մէջ, ուր ժո­ղո­վուր­դը շնու­թեան մէջ բռնուած կի­նը կ­­՚ու­զէ քար­կո­ծել, ­­Յի­սուս կ­­՚ը­սէ «­­Ձեր մէ­ջէն ան­մե­ղը թող ի՛նք ա­ռա­ջին քա­րը նե­տէ ա­նոր վրայ»։ ­­Յի­սուս մա­նուկ, որ բո­լո­րիս մեղ­քե­րուն հա­մար մար­դա­ցաւ դար­ձեալ կ­­՚ը­սէ. ձեր մէ­ջէն թող ան­մե­ղը քա­րը նե­տէ։ ­­Մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը դա­սա­կար­գե­րու կը բաժ­նէ մար­դիկ՝ հա­րուստ­ներ եւ աղ­քատ­ներ, պաշ­տօ­նա­ւոր­ներ եւ պարզ աշ­խա­տող­ներ, ու­սեալ­ներ եւ ար­հես­տա­ւոր­ներ եւ այս­պէս շա­րու­նակ, սա­կայն այս տար­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ մար­դը չի դադ­րիր մարդ ըլ­լա­լէ: Ք­րիս­տոս տար­բե­րու­թիւն չի դրաւ մար­դոց մի­ջեւ, ըն­դու­նեց մար­դոց այն­պէս ինչ­պէս որ էին եւ հրա­ւի­րեց կա­տա­րեա­լին: Ճշ­մա­րիտ սէ­րը դի­մա­ցի­նը ըն­դու­նե­լու հա­մար­ձա­կու­թեամբ կ­­՚ար­տա­յայ­տո­ւի:
— ­­Սի­րել պէտք է նշա­նա­կէ հասկնալ դի­մա­ցի­նը։ ­­Բո­լորս միշտ հե­տա­մուտ ե­ղած ենք շատ ա­րագ դա­տել մեր դի­մա­ցի­նը։ Որ­քա­նո՞վ ար­դար է երբ մար­դիկ կը դա­տեն մեզ ա­ռանց հասկ­նալ փոր­ձե­լու եւ հիմ­նա­ւոր պատ­ճառ­նե­րու։ Ք­րիս­տոս կ­­՚ը­սէ, «Ինչ որ կ­­՚ու­զէք, որ մար­դիկ ը­նեն ձե­զի, նոյ­նը ը­րէք դուք ա­նոնց»։ (Մթ. 7:12) ­­Սի­րոյ վեհ գա­ղա­փար­նե­րը եւ զգա­ցում­նե­րը կ­­՚ար­տա­յայ­տո­ւին եւ կը զար­գա­նան դի­մա­ցի­նը հասկ­նա­լու ջան­քե­րով։ Իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նիք եւ կամ ըն­կե­րա­յին կեանք չի կրնար սի­րով լե­ցո­ւիլ ե­թէ բա­ցա­կա­յի ի­րա­րու հան­տէպ փո­խա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թեան ո­գին։ ­­Հե­տե­ւա­բար, սի­րոյ հիմ­նա­կան սիւ­նե­րէն մէ­կը հասկ­նալն է, ճանչ­նալն է դի­մա­ցի­նը։
­­Հե­տե­ւա­բար, Ք­րիս­տո­սի ­­Սուրբ ծնուն­դը կը հրա­ւի­րէ Աս­տո­ւա­ծա­յին լոյ­սով ճշմա­րիտ սէ­րը գործ­նա­կա­նօ­րէն կեան­քի կո­չել։ Ինչ­պէս Աս­տո­ւած, ­­Յով­հա­նէս ա­ւե­տա­րա­նի­չի վկա­յու­թեամբ, «ա՛յն­քան սի­րեց աշ­խար­հը, որ մին­չեւ իսկ իր միա­ծին Որ­դին տո­ւաւ», եւ այս սի­րոյ որ­պէս օ­րի­նակ Ք­րիս­տոս կը յոր­դո­րէ մեզ ը­սե­լով «­­Սի­րե­ցէ՛ք ի­րար։ Ինչ­պէս ես ձեզ սի­րե­ցի` դուք ալ ի­րար սի­րե­ցէք։ ­­Ձեր ի­րար սի­րե­լով է, որ մար­դիկ պի­տի գիտ­նան, թէ դուք իմ ա­շա­կերտ­ներս էք»։ (­­Յով. 13:35) Ք­րիս­տոս Աս­տո­ւա­ծա­յին համ­բե­րու­թեամբ սի­րեց մեզ, ըն­դու­նեց մեզ այն­պէս ինչ­պէս որ կանք եւ հասկ­նա­լով իւ­րա­քա­չիւ­րիս հո­գե­վի­ճա­կը, զգա­ցում­նե­րը եւ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը իր մար­դե­ղաց­մամբ օրհ­նեց մեզ։ ­­Հե­տե­ւա­բար, ­­Սուրբ ծննդեան ու­րա­խու­թիւ­նը կ­­՚ար­ժե­ւո­րո­ւի լու­սա­ւոր միտ­քի եւ սի­րոյ ճշմա­րիտ ար­տա­յայ­տու­թեամբ։
Ար­դա­րեւ, ­­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի աստ­ղա­զարդ ծնուն­դը մեր դի­մաց կը բա­նայ լայն հո­րի­զոն­ներ ար­ժե­ւո­րե­լու մե­զի յանձ­նո­ւած օրհ­նու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ կը հրա­ւի­րէ հա­ւատ­քի վա­հա­նով եւ յոյ­սի համ­բե­րու­թեամբ կո­փո­ւիլ կեան­քի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մաց։
­­Մեր հո­գե­թով ա­ղօթքն է առ Աս­տուած, որ իր ­­Միած­նի օրհ­նու­թեամբ ծաղ­կին ­­Յու­նաս­տա­նի թե­մի մեր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը, պա­րու­րէ մեր շատ սի­րե­լի ժո­ղո­վուր­դը, իւ­րա­քա­նիւր ըն­տա­նիք լեց­նէ խին­դով եւ աս­տուա­ծա­յին լու­սա­ւո­րու­թեամբ։ Եւ վեր­ջա­պէս՝ մեր ա­ղօթքն է, որ մա­նուկ ­­Յի­սու­սի խա­ղա­ղու­թիւ­նը տա­րա­ծուի մեր հայ­րե­նի­քի երկ­նա­կա­մա­րին վրայ։
Իմ թան­կա­գին ժո­ղո­վուրդ՝ ­­Սուրբ Ծնն­դեան եւ Ա­մա­նո­րի տօ­նա­կան ո­գիով կ­­՚ող­ջու­նեմ ձեզ եւ ար­ծարծ զգա­ցում­նե­րով կ­­՚ա­ւե­տեմ,

Ք­րիս­տոս Ծ­նաւ եւ ­­Յայտ­նե­ցաւ
­­Ձե­զի մե­զի մեծ Ա­ւե­տիս

Ա­ղօ­թա­րար,
ՍԱՀԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Ա­ռաջ­նորդ ­­Յու­նաս­տա­նի
­­Հա­յոց ­­Թե­մի