Լեռ Կամսար (Արամ Թովմասեան, 1888-1965)

Լեռ Կամսար (Արամ Թովմասեան, 1888-1965). ­Խորհր­դա­յին դա­րաշր­ջա­նի ան­զու­գա­կան եր­գի­ծա­գի­րը, որ քսան տա­րո­ւան ա­զա­տազր­կու­մով... «պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ» Ն.

0
2075

22 ­Նո­յեմ­բե­րի այս օ­րը կ­’ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան 52րդ ­տա­րե­լի­ցը հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ եր­գի­ծա­գիր­նե­րէն ­Լեռ ­Կամ­սա­րի, ո­րուն կեանքն ու գոր­ծը խօ­սուն, այ­լեւ դառն վկա­յու­թիւ­նը ե­ղան ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դին բա­ժին բա­նո­ւած խորհրդա­յին դա­րաշր­ջա­նի ող­բեր­գու­թեան։
Ար­դէն կազ­մա­ւո­րո­ւած ու լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած եր­գի­ծա­գիր էր ­Լեռ ­Կամ­սար 1920ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, երբ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պար­տադ­րո­ւե­ցաւ խորհրդա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան լու­ծը։ ­Հա­կա­ռակ որ իր աշ­խար­հա­յեաց­քով ու գա­ղա­փա­րա­կան հա­կում­նե­րով ըն­չա­զուր­կին պաշտ­պա­նու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին ցա­ւե­րու քննա­դա­տու­թեան նո­ւի­րո­ւած հե­ղի­նակ էր ­Լեռ ­Կամ­սար, ո՛չ խորհր­դա­յին կար­գե­րը մար­սե­ցին ա­նոր գրա­կա­նու­թեան ու եր­գի­ծան­քին ազ­գա­յին ջի­ղը, ոչ ալ ­Լեռ ­Կամ­սար ինք կրցաւ հաշ­տո­ւիլ ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի կեանքն ու ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րու­մի եր­թը այդ­պէ՛ս՝ ան­փոյթ եւ ան­խիղճ հա­րո­ւա­ծած խորհր­դա­յին «­Չա­րի­քի ­Կայս­րու­թեան» հետ։
­Խորհր­դա­յին կար­գե­րուն նկատ­մամբ տար­բեր չէր կրնար ըլ­լալ կողմ­նո­րո­շու­մը ­Լեռ ­Կամ­սա­րի՝ ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ա­րամ ­Թով­մա­սեա­նի, որ 24 ­Հոկ­տեմ­բեր 1888ին ծնած էր ­Վան, հո­գե­ւո­րա­կա­նի ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ, նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցած էր ­Վա­նի Ա­մե­րի­կեան վար­ժա­րա­նին մէջ, իսկ երկ­րոր­դա­կան ու­սումն ու ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան կազ­մա­ւո­րու­մը ստա­ցած էր Ս. Էջ­միած­նի «­Գէոր­գեան» ­Ճե­մա­րա­նի ա­տե­նի յե­ղա­փո­խա­շունչ մթնո­լոր­տին մէջ։
1909ին ա­ւար­տե­լով «­Գէոր­գեան» ճե­մա­րա­նը՝ ­Լեռ ­Կամ­սար վե­րա­դար­ձած էր ­Վան, ուր աշ­խա­տած էր նախ իբ­րեւ թատ­րո­նի դե­րա­սան, ա­պա՝ հա­յոց լե­զուի ու­սու­ցիչ ե­ղած էր Աղ­թա­մա­րի ­Սուրբ ­Խաչ դպրա­նո­ցին, իսկ հե­տա­գա­յին՝ ­Վա­նի մաս­նա­ւոր «Ե­րա­մեան» վար­ժա­րա­նին մէջ։
Ա­ռա­ջին եր­գի­ծա­կան գրու­թիւ­նը՝ «­Կամ­սա­րեան աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը» խո­րագ­րով, տպագ­րո­ւած էր 1910ին, ­Վա­նի «Աշ­խա­տանք» թեր­թի է­ջե­րուն՝ ան­մի­ջա­պէս ար­ժա­նա­նա­լով ու­շադ­րու­թեան եւ հան­րա­յայտ դառ­նա­լով։ 1915ին մաս­նակ­ցած էր ­Վան-Այ­գես­տա­նի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ­նե­րուն։
­Հե­տաքր­քա­կան է պատ­մու­թիւ­նը Ա­րամ ­Թով­մա­սեա­նի «­Լեռ ­Կամ­սար» գրչա­նու­նի ա­ռա­ջաց­ման։ Իր ա­ռա­ջին գոր­ծե­րը խմբագ­րա­տուն յանձ­նած ա­տեն, հարց տո­ւած են հե­տա­գայ մեծ եր­գի­ծագ­րին, թէ ի՞նչ ա­նո­ւան տակ պէտք է տպագ­րո­ւէին գրո­ւածք­նե­րը: Ար­դէն խմբագ­րի սե­նեա­կէն դուրս գա­լու պա­հուն ստա­նա­լով այդ հար­ցու­մը՝ ա­պա­գայ մեծ եր­գի­ծա­գի­րը մեծ նշա­նա­կու­թիւն չտա­լով հար­ցու­մին, սրամ­տօ­րէն պա­տաս­խա­նած է.- «Գ­րե­ցէք լեռ… կամ սար»:
1915ի վեր­ջե­րուն ըն­տա­նեօք Ե­րե­ւան հաս­տա­տուած մե­ծա­տա­ղանդ եր­գի­ծա­գի­րը ա­կա­նա­տես դար­ձաւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ ռու­սա­կան՝ հա­ւա­սա­րա­պէս ցա­րա­կան թէ խորհր­դա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կոր­ծա­նա­րար հե­տե­ւանք­նե­րուն։ ­Տե­սաւ մին­չեւ ­Վան ու ­Մուշ յաղ­թա­կան մուտ­քը, ռու­սա­կան զօր­քին հետ, հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րուն, ո­րոնց սա­կայն պար­տադ­րո­ւե­ցաւ նա­հան­ջել՝ ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան հետ… երբ ­Լե­նի­նի ղե­կա­վա­րած պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղաշր­ջու­մը «­Տուն ­Դարձ»ի հրա­հանգ տո­ւաւ ռազ­մա­ճա­կա­տի ռու­սա­կան զօր­քին։
­Լեռ ­Կամ­սար ապ­րե­ցաւ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կերտ­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան խոր­տակ­ման դա­րա­կազ­միկ վե­րի­վայ­րում­նե­րը՝ շա­րու­նա­կա­բար դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­լով եւ սուր քննա­դա­տու­թեան են­թար­կե­լով առ­հա­սա­րակ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց կեղծ «հա­յա­սի­րու­թիւն»ը, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ ռու­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­յավ­նաս խո­տո­րում­նե­րը։ ­Լեռ ­Կամ­սար բուռն քննա­դա­տո­ղը ե­ղաւ ոչ միայն ­Լե­նին-­Քե­մալ հա­կա­հայ սադ­րանք­նե­րուն, այ­լեւ՝ յա­նուն աշ­խա­տա­ւո­րա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան՝ հա­յա­նուն պոլ­շե­ւիկ­նե­րու կող­մէ նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նին հաս­ցո­ւած ծանր վնաս­նե­րուն։
1921ին, ­Փետ­րո­ւա­րեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապստամ­բու­թեան օ­րե­րուն, ­Լեռ ­Կամ­սար կողմ­նա­կից ե­ղաւ ապս­տամ­բա­կան շար­ժու­մին, իր կար­գին ան­ցաւ ­Թաւ­րիզ՝ ­Պարս­կաս­տան, երբ կար­միր բա­նա­կի սուին­նե­րուն տակ ճզմո­ւե­ցաւ հա­յոց ապս­տամ­բու­թիւ­նը։ Եւ ո­րով­հե­տեւ հայ­րե­նի հո­ղէն հե­ռու կեանք չէր պատ­կե­րաց­ներ, ­Լեռ ­Կամ­սար եր­կար չմնաց ­Թաւ­րի­զի մէջ եւ ա­ռա­ջին ա­ռի­թին իսկ վե­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւան։
Այ­նու­հե­տեւ, խորհր­դա­հայ գրա­կա­նու­թեան սկզբնա­կան եւ ա­ռա­ջին թռիչք­նե­րուն հետ քայլ պա­հող եր­գի­ծա­գի­րը դար­ձաւ ­Լեռ ­Կամ­սար, որ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ ­Չա­րեն­ցի, ­Բա­կուն­ցի, ­Նո­րեն­ցի, ­Մա­հա­րիի եւ ե­րի­տա­սարդ միւս տա­ղանդ­նե­րու ինք­նա­հաս­տատ­ման եր­թը ազ­գա­յին ներշն­չու­մով հու­նա­ւո­րե­լու գրա­կան շար­ժում­նե­րուն։ ­Հա­կա­ռակ այդ տա­րի­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան ու ա­նոր վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հաս­ցէին ­Լեռ ­Կամ­սա­րի հրա­պա­րա­կած թթու քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն, հայ մեծ եր­գի­ծագ­րին ազ­գա­յին ա­րե­ւե­լու­մը միշտ ալ թշնա­ման­քով ըն­կա­լո­ւե­ցաւ խորհր­դա­յին «գա­ղա­փա­րա­խօս­նե­րուն» կող­մէ, ո­րոնք 1930ա­կան­նե­րու կէ­սե­րուն ձեռ­նար­կե­ցին հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը գլխա­տե­լու՝ մշա­կու­թաս­պա­նու­թեան ա­հա­ւոր ո­ճի­րին։
­Լեռ ­Կամ­սար ե­ղաւ ստա­լի­նեան «մաք­րա­գոր­ծում­նե­րու» ա­ռա­ջին զո­հե­րէն. 1935ին բան­տար­կո­ւե­ցաւ, ա­րա­գօ­րէն դա­տո­ւե­ցաւ ու դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ ա­զա­տազրկ­ման։ Ք­սա­նա­մեայ տա­ժա­նա­կիր կեան­քէ ետք միայն, 1955ին, Խ­րուշ­չո­վեան ձիւն­հա­լէն օգ­տո­ւե­լով, վե­րա­տի­րա­ցաւ «ա­զատ» ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քին, բայց այ­լեւս ամ­բող­ջա­պէս քէն­ցած «խորհր­դա­հայ» ի­րա­կա­նու­թեան հետ։ ­Թէեւ ­Հայ Գ­րող­նե­րու ­Միու­թիւ­նը ի­րեն բնա­կա­րան յատ­կա­ցուց, բայց ­Լեռ ­Կամ­սար իր ըն­տա­նի­քին ձգեց այդ բնա­կա­րա­նը, իսկ ինք քա­շուե­ցաւ նախ­քան աք­սո­րը իր ապ­րած խրճի­թը, ուր եւ աշ­խար­հէն կտրո­ւած ան­ցուց իր կեան­քին վեր­ջին տա­րի­նե­րը, մին­չեւ որ 22 ­Նո­յեմ­բեր 1965ին առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան այն­քան մեծ տա­ռա­պան­քէն զար­հու­րած աչ­քե­րը հայ եր­գի­ծագ­րու­թեան տա­ղան­դա­շատ այս վաս­տա­կա­ւո­րին։
­Հայ­կա­կան եր­գի­ծան­քի հան­ճա­րեղ վար­պե­տին՝ ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեա­նի եւ մե­ծա­նուն տա­ղան­դա­ւո­րին՝ Ե­րո­ւանդ Օ­տեա­նի կող­քին, ­Լեռ ­Կամ­սար գրա­ւեց իր ու­րոյն տե­ղը հայ գրա­կա­նու­թեան ան­մահ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ։
­Մեծ պաս­տա­ռի վրայ նկա­րող հե­ղի­նակ մը չե­ղաւ, այլ՝ սրա­տես եւ ծի­ծա­ղա­շարժ գրչա­խա­ղե­րով ըն­թեր­ցո­ղին ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւող եր­գի­ծա­բա­նը դար­ձաւ, որ քա­նի մը տո­ղե­րու մէջ կամ կարճ ման­րա­պա­տում­նե­րով՝ կրցաւ թէ՛ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մեծ խնդիր­ներ, թէ՛ ըն­կե­րա­յին-հան­րա­յին ցա­ւոտ վէր­քեր եր­գի­ծա­կան լու­սար­ձա­կի տակ բե­րել։
­Լեռ ­Կամ­սա­րի ա­ռա­ջին հա­տո­րը լոյս տե­սաւ 1924ին՝ «Ան­վա­ւեր մե­ռել­ներ» ա­նու­նով։ ­Յա­ջոր­դա­բար լոյս ըն­ծա­յեց «Ազ­գա­յին Այբ­բե­նա­րան» եւ «Վ­րի­պած ար­ցունք­ներ» գոր­ծե­րը, 1926ին եւ 1934ին։ Այ­նու­հե­տեւ, աք­սո­րի ա­ւար­տէն ու Ե­րե­ւան վե­րա­դար­ձէն ետք, ­Լեռ ­Կամ­սար մնա­յուն եւ կա­նո­նա­ւոր աշ­խա­տակ­ցու­թիւն բե­րաւ «Ոզ­նի» ամ­սագ­րին, ուր լոյս տե­սան յետ-աք­սո­րեան շրջա­նի իր գոր­ծե­րը։
1959ին, լոյս տե­սաւ «Գ­րա­բար մար­դիկ» հա­տո­րը, իսկ 1965ին, մա­հո­ւան ա­ռի­թով եւ Գ. ­Մա­հա­րիի խմբագ­րու­թեամբ, հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ ­Լեռ ­Կամ­սա­րի «­Մար­դը տա­նու շո­րե­րով» ժո­ղո­վա­ծուն։
­Թէեւ իր կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն լրիւ քա­շո­ւած էր գրա­կան հրա­պա­րա­կէն, բայց ­Լեռ ­Կամ­սար վար դրած չէր գրի­չը եւ փաս­տօ­րէն, խորհր­դա­յին կար­գե­րու փլուզ­ման նա­խօ­րէին ու այ­նու­հե­տեւ, հայ գրա­կան մա­մու­լի է­ջե­րուն լոյս տե­սան ա­նոր ան­տիպ գոր­ծե­րը, ո­րոնք ա­ռա­ւել սրու­թեամբ քննա­դա­տու­թեան կ­’են­թար­կեն խորհր­դա­յին ժա­մա­նակ­նե­րու բար­քերն ու հայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան միտ­քը յու­զող խնդիր­նե­րը։
1980ա­կան­նե­րէն սկսեալ ըն­թեր­ցող հան­րու­թեան մօտ լայն շրջա­նա­ռու­թեան ար­ժա­նա­ցան ­Լեռ ­Կամ­սա­րի հա­կա­խորհր­դա­յին բուռն քննա­դա­տու­թեամբ յատ­կան­շո­ւող գոր­ծե­րը, յատ­կա­պէս «­Կա­տա­կեր­գու­թիւն­ներ փոքր բե­մի հա­մար» շար­քը՝ «Ան­մե­ղա­բա­նու­թիւն», «Երկ­նա­յին պլե­նում», «Ք­րի­սո­տո­սի ծնուն­դը», «­Ֆաուստ», «­Դէ­պի պրո­լետ գրա­կա­նու­թեան հե­գե­մո­նիան», «­Կեն­դա­նի­ներւ հա­մա­գու­մա­րը» ե­ւայլն:
­Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն, ­Լեռ ­Կամ­սար մին­չեւ մահ հա­ւա­տա­րիմ մնաց ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով գրե­լու իր ա­րեան կան­չին, նոյ­նիսկ երբ բա­ցա­ռա­պէս խորհր­դա­յին ի­րա­կա­նու­թե­նէն վեր­ցո­ւած բար­քե­րու կը վե­րա­բե­րէին եր­գի­ծա­կան իր քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը։
­Լեռ ­Կամ­սա­րի գրի­չը շատ բե­ղուն ե­ղաւ։ ­Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ իր գոր­ծե­րուն մէկ կա­րե­ւոր մա­սը ան­յայտ կոր­սո­ւե­ցաւ գաղ­թի ըն­թաց­քին, իսկ ար­խի­ւը եր­կու ան­գամ բռնագ­րա­ւո­ւե­ցաւ ու ոչն­չա­ցո­ւե­ցաւ ­Չե­կա­յի կող­մէ եւ 1946 թո­ւա­կա­նի ջրհե­ղե­ղը եւս մեծ վնաս հաս­ցուց մեծ եր­գի­ծագ­րի ձե­ռագ­րե­րուն, այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ՝ ­Լեռ ­Կամ­սար հայ գրա­կա­նու­թեան կտա­կեց հսկա­յա­կան ժա­ռան­գու­թիւն, ո­րուն մեծ մա­սը ան­տիպ է:
­Հա­յաս­տա­նեան մա­մու­լը պար­բե­րա­բար լոյս կ­’ըն­ծա­յէ ան­տիպ կամ ոչ-հան­րա­ծա­նօթ այդ ան­մահ է­ջե­րը, ո­րոնց­մէ քա­նի մը նմոյշ ա­հա­ւա­սիկ.

Եր­կար նա­մակ ­Լեռ ­Կամ­սա­րից
(պա­րապ ժա­մա­նակ կար­դա­լու հա­մար)

­Լեռ ­Կամ­սա­րի գրա­կան ար­խի­ւում կը գտնէք բա­զում ան­պա­տաս­խան նա­մակ­ներ եւ դի­մում­ներ՝ ուղ­ղո­ւած երկ­նա­յին եւ երկ­րա­յին բազ­մա­պի­սի աս­տո­ւած­նե­րին:
­Կար­դա­լով դրանք` չգի­տես լա՞ս ոտ­նա­հա­րո­ւած մարդ­կա­յին պար­զա­գոյն ի­րա­ւունք­նե­րի հա­մար, թէ՞ խնդաս եր­գի­ծա­կան ան­զու­գա­կան հնա­րանք­նե­րի վրայ:
Երկ­նա­յին աս­տո­ւած­նե­րից դի­մում չի յղել միայն Ս­տա­լի­նին:
«Ես շատ վա­ղուց է ու­զում եմ Աստ­ծուն մի դի­մում գրել, բայց յար­մար տիտ­ղոս չգտնե­լու հա­մար յե­տաձգում եմ ան­վերջ,- տա­րա­կու­սում է եր­գի­ծա­բա­նը:
«Չ­գի­տեմ ինչ­պէս դի­մեմ: Ապ­րում եմ մի սո­ցիա­լիս­տա­կան երկ­րում, ուր «պա­րոն» չի թոյ­լատ­րո­ւած, իսկ «ըն­կեր» չեմ ու­զում ա­սել:
«Ես իս­կի Ս­տա­լի­նին էլ «ըն­կեր» չեմ ա­սել: ­Բան­տում ե­ղած ժա­մա­նակ բո­լո­րը Ս­տա­լի­նին դի­մում տուին՝ ա­զա­տո­ւե­ցին, ես որ­պէս­զի «ըն­կեր» չա­նո­ւա­նեմ նրան, դի­մում չտո­ւի ու 20 տա­րի տա­ռա­պե­ցի:
«Ին­չո՞ւ: Ո­րով­հե­տեւ Ս­տա­լի­նի նման հա­մաշ­խար­հա­յին ոճ­րա­գոր­ծի «ըն­կեր» ա­սել նշա­նա­կում է նրա կա­տա­րած ո­ճիր­նե­րի կէ­սը վերց­նել իմ վրայ:
«Այդ բա­նը ա­նել չէի կա­րող՝ ես ան­մեղ բան­տար­կեալ էի»:

Ըն­թեր­ցող­նե­րին սի­րով ներ­կա­յաց­նում եմ եւս մէկ ան­պա­տաս­խան դի­մում.-

«­Հա­յաս­տա­նի կո­մու­նիս­տա­կան պար­տիա­յի կենտ­կո­մի Ա. քար­տու­ղար ըն­կեր ­Զա­րո­բեա­նին
«Ա­ռա­ջին ծա­նօ­թու­թիւն
«­Յար­գե­լի ըն­կե՛ր ­Զա­րո­բեան, որ­պէս նո­րըն­տիր քար­տու­ղար, ձեր մա­սին լաւ են խօ­սում՝ թո­ւե­լով ձեր բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րը:
«Ու ես էլ ո­րով­հե­տեւ մի լաւ մար­դու էի ման գա­լիս, որ հե­տը մի քիչ խօ­սեմ՝ շտա­պում եմ գրել ձեզ, քա­նի չէք «վա­տա­ցել»…
«Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան, նոր ընտ­րո­ւե­լիս քար­տու­ղար­նե­րը միշտ «լաւ» են լի­նում՝ յե­տոյ «վա­տա­նում»:
«- Ին­չո՞ւ:
«- Ո­րով­հե­տեւ նրան այն­քան շատ պա­հանջ­ներ են ներ­կա­յաց­նում, ո­րոնց ի վի­ճա­կի չլի­նե­լով բա­ւա­րա­րե­լու, ա­ռաջ է գա­լիս մաս­սա­յա­կան դժգո­հու­թիւն եւ մէկ էլ տե­սաք հե­ռա­խօ­սը վերց­նե­լով ձեր ընտ­րող­նե­րը ձայ­նե­ցին.
«- Ատ­բոյ տո­ւէք, դուք մեր ու­զած մար­դը չէք…
«Ես, օ­րի­նակ, բնաւ չէի ցան­կա­նայ ձեր տե­ղը լի­նել:
«­Դաշ­նակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ ինձ կա­մե­ցան մտցնել պառ­լա­մենտ, որ­պէս չէ­զոք պատ­գա­մա­ւոր­նե­րի լի­դեր, ես մեր­ժե­ցի՝ գրա­կա­նու­թիւ­նը վեր դա­սե­լով պառ­լա­մեն­տից:
«… Ի՞նչ գործս է, ին­չո՞ւ բարձ­րա­նամ՝ ին­չո՞ւ իջ­նեմ:
«Ըն­կե՛ր ­Զա­րո­բեան, թէեւ վար­չա­կան տե­սա­կէ­տից դուք բարձր էք ին­ձա­նից, բայց ես կա­մե­նում եմ ձեզ հետ խօ­սել ինչ­պէս մար­դը՝ մար­դու հետ:
«­Չե­կա­յում իմ քննի­չը ինձ հետ խօ­սում էր շատ մեղմ, քա­ղա­քա­վա­րի ու շատ սի­րա­լիր, բայց միեւ­նոյն ժա­մա­նակ չէր մո­ռա­նում մէկ-մէկ աչք ա­ծել իր կող­քից կա­պած ատր­ճա­նա­կի վրայ…
«Խնդ­րում եմ ձեզ, մեր յա­րա­բե­րու­թեան մէջ այդ չպա­տա­հի:
«­Մենք բո­լորս հա­ւա­սար մար­դիկ ենք, միեւ­նոյն ճի­չով ծնւում ենք մեր մայ­րե­րից, միեւ­նոյն հա­ռա­չան­քով գե­րեզ­ման մտնում: Ար­ժէ՞ ար­դեօք, որ մեր կարճ կեան­քում մար­դիկ ի­րա­րից ան­սահ­ման հե­ռա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նան:
«Ո՛չ»:

Նա­րե­կա­ցի

­Մենք այ­սօր ­Նա­րե­կա­ցի չէինք ու­նե­նայ, ե­թէ Աս­տո­ւած լսե­լով նրա պա­ղա­տանք­նե­րը՝ սրբէր նրա մեղ­քե­րը եւ ան­մի­ջա­պէս նրա հո­գին առ­նե­լով՝ ար­քա­յու­թիւն տա­նէր:
­Մենք հի­մա ­Նա­րե­կա­ցի ու­նենք նրա հա­մար, որ Աս­տո­ւած չու­զեց լսել նրա ա­ղա­չանք­նե­րը, ո­րի հե­տե­ւան­քով իր ամ­բողջ կեան­քում ա­ղա­չեց, պա­ղա­տեց Աստ­ծուն եւ այդ ա­ղա­չանք­նե­րը հա­տոր­ներ կազ­մե­լով մեզ հա­սան, որ այ­սօր մենք հպար­տա­նանք նրան­ցով: Ե­թէ ­Թով­մա­սեա­նը (Խ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Կոմ­կու­սի Ա. քար­տու­ղար­նե­րէն մէ­կը — Ն.) մի քիչ էլ յա­րա­տե­ւէր իր պոս­տում՝ ես հի­մա երկ­րորդ ­Նա­րե­կա­ցին էի դար­ձել: ­Թով­մա­սեանն էլ Աստ­ծու նման իմ բազ­մա­թիւ դի­մում­նե­րից ոչ մէ­կին չպա­տաս­խա­նեց:
­Միայն, հե­տե­ւե­լով Աստ­ծուն, ­Մով­սէ­սի նման ինձ մի ան­գամ «­Սի­նա լե­ռը» կան­չեց իր «կրուն­կը» ցոյց տա­լու հա­մար…
Եւ սա աշ­խար­հա­բար լե­զո­ւով կոչ­ւում է «դե­մոկ­րա­տիզմ»: