ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ

­Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի պի­տի հա­մա­րո­ւէր ­Գեր­մա­նիոյ, Ֆ­րան­սա­յի, ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ կամ այլ եւ­րո­պա­ցի ղե­կա­վար­նե­րու` Թուր­քիոյ հետ սե­ղա­նա­կից ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը, կա­ռու­ցե­լու հա­մար Եւ­րո­պա­յի պաշտ­պա­նա­կան հա­մա­կար­գը։ ­Մինչ­դեռ, այ­սօր ­Թուր­քիան ինք­զինք կը ներ­կա­յացնէ որ­պէս եւ­րո­պա­կան աշ­խար­հա­մա­սի պաշտ­պա­նու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր։
Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, մա­նա­ւանդ երբ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ կը յայտ­նեն ի­րենց ռազ­մա­կան ներ­կա­յու­թեան նո­ւա­զու­մը ա­րեւմ­տեան դա­շին­քին մէջ, ­Թուր­քիոյ հա­մար պա­տեհ ա­ռիթ կը ստեղ­ծո­ւի վե­րա­դառ­նա­լու եւ­րո­պա­կան հար­թակ­նե­րուն եւ ստաձ­նե­լու ա­ռաջ­նա­կարգ դեր ՆԱԹՕ-ի եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ։
Որ­քան եւ­րո­պա­ցի ղե­կա­վար­նե­րը պի­տի փոր­ձեն հա­կազ­դել ա­մե­րի­կեան դժկա­մու­թեան ուք­րա­նա­կան պա­տե­րազ­մի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն առն­չու­թեամբ, ­Թուր­քիան պի­տի ջա­նայ զօ­րացնել տպա­ւո­րու­թիւ­նը՝ թէ տա­րա­ծաշր­ջա­նի ա­մէ­նէն նկա­տա­ռե­լի ու­ժը կը հան­դի­սա­նայ։ Ար­դէն, վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին, Ան­գա­րան կա­րո­ղա­ցաւ իր ռազ­մա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը հաս­տա­տել ­Լի­պիա, ­Սու­տան եւ ­Սո­մա­լիա, իսկ ­Սու­րիոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ու Ա­սա­տի վար­չա­կար­գի տա­պա­լու­մը ­Թուր­քիոյ ու­ժե­ղա­ցած ազ­դե­ցու­թեան ճամ­բան բա­ցին ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ։
­Վեր­ջին օ­րե­րուն ակն­յայտ կը դառ­նայ ­Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մադ­րուած աշ­խա­տան­քը թա­փան­ցե­լու եւ տեղ գրա­ւե­լու Եւ­րո­պա­յի ա­ռաջ­նորդ­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ, մաս կազ­մե­լով ծան­րակ­շիռ ո­րո­շում­նե­րու հո­լո­վոյ­թին։
­Պա­տա­հա­կան չէր ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Հա­քան ­Ֆի­տա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ­րո­պա­ցի ղե­կա­վար­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վին, որ գու­մա­րո­ւե­ցաւ Բ­րի­տա­նիոյ մէջ։ Այն պա­հուն երբ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ կը սա­ռեց­նեն ի­րենց ռազ­մա­կան օգ­նու­թիւ­նը Ուք­րա­նիոյ զի­նեալ ու­ժե­րուն, ակ­նե­րեւ կը դառ­նան ­Թուր­քիոյ ջան­քե­րը՝ յա­ռաջ քշե­լու երկ­րի ռազ­մա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան եւ ճար­տա­րա­րո­ւես­տի ձեռք ձգած փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, տեղ գրա­ւե­լով ռուս-ուք­րա­նա­կան հա­կա­մար­տու­թեան եւ մաս­նա­ւո­րա­բար եւ­րո­պա­կան պաշտ­պա­նա­կան հա­մար­կար­գի կա­ռուց­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։
­Միւս կող­մէն, անն­կատ պէտք չէ ան­ցը­նել ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը օ­տար եր­կիր­նե­րու դես­պան­նե­րուն ի պա­տիւ սար­քած ճաշ­կե­րոյ­թին, թէ կա­րե­լի չէ դի­մագ­րա­ւել ըն­թա­ցող աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը ա­ռանց ­Թուր­քիոյ լիի­րաւ մաս­նակ­ցու­թեան եւ­րո­պա­կան ըն­տա­նի­քէն ներս։ ­Նոյ­նիսկ՝ ան հաս­տատ հա­մո­զում ար­տա­յայ­տեց, թէ ­Թուր­քիոյ հա­մար ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն կը հան­դի­սա­նայ ա­նոր ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­յի մեծ ըն­տա­նի­քին։ ­Յատ­կան­շա­կան էին թուրք նա­խա­գա­հի խօս­քե­րը՝ «Եւ­րո­պա­յի հա­մար հետզ­հե­տէ ան­կա­րե­լի կը դառ­նայ պա­հել իր մի­ջազ­գա­յին դիր­քը ա­ռանց ­Թուր­քիոյ ար­դար մաս­նակ­ցու­թեան։ Ու­ղիղ խօ­սե­լով, Եւ­րո­պա­յի ա­պա­հո­վու­թիւ­նը ա­ռանց ­Թուր­քիոյ ներ­կա­յու­թեան ան­կա­րե­լի կը դառ­նայ։ ­Մենք կը սպա­սենք մեր եւ­րո­պա­ցի բա­րե­կամ­նե­րէն ըն­դու­նիլ ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ ի­րա­գոր­ծել մեր ամ­բող­ջա­կան ան­դա­մակ­ցու­թեան հե­ռան­կա­րը»։
Օգ­տա­գոր­ծե­լով Եւ­րո­պա­յի ցու­ցա­բե­րած քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան տկա­րու­թիւ­նը, ­Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րը կը փոր­ձէ սի­րա­շա­հիլ իր խօ­սա­կից­նե­րը, ճկու­նօ­րէն գծե­լով «տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին խա­ղա­ղու­թեան մի­տող» կեղծ դի­մա­գիծ մը, նախ յայտ­նե­լով, թէ ­Թուր­քիա «կը նպաս­տէ Ա­րե­ւե­լեան ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի եւ Է­գէա­կան ծո­վուն մէջ կա­յու­նու­թեան, պա­հե­լով դրա­ցի ­Յու­նաս­տա­նի հետ դրա­կան մթնո­լոր­տը եւ փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը»։ ­Միա­ժա­մա­նակ, նա­խա­գահ Էր­տո­ղան յայտ­նեց, թէ իր եր­կի­րը կը շա­րու­նա­կէ ­Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման հո­լո­վոյ­թը. «կը շա­րու­նա­կենք ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի մէջ կա­յու­նու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու ջան­քե­րը: Կ­՚աշ­խա­տինք ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ խա­ղա­ղու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րի ստո­րագր­ման ուղ­ղու­թեամբ», նշած է ան:
Ու­շագ­րաւ էր ­Յու­նաս­տա­նի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը բրի­տա­նա­կան հո­ղին վրայ կա­յա­ցած եւ­րո­պա­ցի ղե­կա­վար­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վէն ու ծան­րակ­շիռ ո­րո­շում­նե­րու սե­ղա­նէն, մինչ քա­ղա­քա­կան դէ­տե­րը կը մատ­նան­շեն երկ­րի ռազ­մա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան բաց­թո­ղում­նե­րը եւ դան­դաղ շար­ժը։ Այս ի­րա­կա­նու­թեան տակ, վեր­ջերս ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու ղե­կա­վա­րու­թեան ու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ կա­յա­ցած հան­դի­պում­ներն ու գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը, նկա­տել կու­տան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ա­ռա­ւել խո­րաց­նե­լու եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ձեռք բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­գոր­ծու­մը ա­ւե­լի ա­մուր եւ ընդ­լայ­նուած հար­թակ­նե­րու վրայ։
Իր քա­ղա­քա­կան հե­տապն­դում­նե­րուն ա­ռըն­թեր, ­Թուր­քիա ար­դէն սկսած է նկա­տո­ւիլ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տար՝ նաեւ եւ­րո­պա­կան պաշտ­պա­նա­կան հա­մա­կար­գի ստեղծ­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։
­Կը մնայ, որ տա­րա­ծաշր­ջա­նի այլ ու­ժեր, ո­րոնք ի­րար դաշ­նա­կից ըլ­լա­լու սերտ գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ կը գտնո­ւին, յստակ մեկ­նա­բա­նեն ­Թուր­քիոյ ու­ժե­ղաց­ման փոր­ձե­րը որ­պէս տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան մեծ յա­ւակ­նու­թիւն­ներ ու­նե­ցող գոր­ծօն։