Կիրակի, 2 Փետրուար 2025-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից գտնուող «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան տարեկան գաթայի հատումը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ շահողներուն բաժնուեցան զանազան ուտեստեղէններ ու նուէրներ:
Սոյն միջոցարման ներկայ գտնուեցան շրջանիս հոգեւոր հովիւը, Թաղային խորհուրդի եւ Թեսաղոնիկէի բոլոր միութեանց ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց միութեան անդամուհի տիկ. Անժէլ Փափազեան, որ բարի գալուստ մաղթելով շնորհաւորեց բոլորին նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որ իրենց ներկայութեամբ ամէն տարի քաջալեր կը հանդիսանան Տիկնանց միութեան բոլոր ձեռնարկներուն:
Թղթակից